Չատ գիւղէն Յանյա վերյիշումներ

«Սեպ­տեմբեր ամ­սո­ւայ ըն­թացքին Յու­նաստա­նէն 70 հո­գինոց զբօ­սաշրջիկ­նե­րու խումբ մը պի­տի այ­ցե­լեն Կա­պադով­կիա։ Անոնց մէջ կան 10-15 հա­յեր, որոնց նախ­նի­ները եկած են Աք­տաղմա­տենի շրջա­կայ գիւ­ղե­րէն։ Կ՚ու­զեն այ­ցե­լել իրենց պա­պենա­կան գիւ­ղե­րը։ Կազ­մա­կեր­պութեան հա­մար կրնա՞ս օգ­նել»։

Իմ վա­ղեմի բա­րեկա­մու­հի Թա­գու­հին էր զան­գա­հարո­ղը։ Ան նա­խապէս ալ պատ­մած էր Հիւ­սի­սային Յու­նաստա­նի Պաֆ­րա գիւ­ղի մէջ բնա­կուող հա­յերու մա­սին։ Այդ գիւ­ղի առա­ջին բնա­կիչ­նե­րը եղած էին փոն­թա­կան երկրէն գաղ­թած յոյ­ներ, որոնք այս նոր բնա­կավայրն ալ կո­չած էին իրենց եր­բեմնի Պաֆ­րա քա­ղաքի անու­նով։ Սա­կայն կարճ եղած էր այդ առա­ջին բնա­կիչ­նե­րու կե­ցու­թիւնը այս գիւ­ղի մէջ եւ իրենց փո­խարի­նած էին գաղ­թա­կանաց յա­ջորդ ալիք­նե­րը։

Այս բո­լորը լսե­լով կապ հաս­տա­տեցի դար­ձեալ վա­ղեմի բա­րեկա­մի մը՝ բժիշկ Աւե­տիս Տե­միրի հետ։ Տոք­թոր Աւե­տիս եւս այդ շրջա­կայ­քէն էր եւ ինքզինք կը ներ­կա­յաց­նէր Չատ գիւ­ղի մէջ ծնած վեր­ջին հա­յը ըլ­լա­լով։

Երբ իրեն փո­խան­ցե­ցի Թա­գու­հիի առա­ջար­կը, ոգե­ւորո­ւեցաւ եւ ին­ծի հետ կի­սեց Պաֆ­րա գիւ­ղի հետ առնչո­ւած յու­շագրու­թիւննե­րու թղթած­րար մը, օժ­տո­ւած զա­նազան լու­սանկար­նե­րով։ Ահա Ակե­տիս Տե­միրի այդ յու­շագրու­թիւններն է, որ թարգմա­նաբար կը ներ­կա­յաց­նեմ «Ակօս»ի հա­յերէն էջե­րու ըն­թերցող­նե­րուն։

Բ.Է.

ԱՒԵ­ՏԻՍ ՏԵ­ՄԻՐ

Ամէն ան­գամ որ Յան­յա ճամ­բորդեմ, մեծ յու­զում մը կը պա­տէ զիս։ Ճամ­բորդու­թեան ըն­դա­ռաջ սա վեր­ջին շաբ­թուն դար­ձեալ նման յու­զումով տո­գորո­ւած եմ։ Նա­զար պա­պուս եւ Նազ­լու տա­տիս ժա­ռանգնե­րու կա­րօտը պի­տի յա­գեց­նեմ։

1924-ին յոյն- թրքա­կան բնակ­չութեան փո­խանա­կու­մով Կիւլպենկ մեծ­հօրս եղ­բայրն ու քոյրն ալ իրենց հա­մաերկրա­ցի յոյ­նե­րու հետ միասին գաղ­թած են Յու­նաստան։ Որ­քան ցա­ւալի է երբ 1915-ի վէր­քե­րը դեռ կը կոտ­տան, կրկին ան­գամ վերցնել գաղ­թի ցու­պը։ Այդ բո­լորին վրայ գու­մա­րած ետին թո­ղած կրտսեր եղ­բօր մը ու ծնող­նե­րուն կսկի­ծը։

Ինչպէ՞ս ըն­տե­լանալ նոր պայ­մաննե­րուն, ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս ապա­հովել հա­նապա­զօրեայ հա­ցը այս օտար երկրի վրայ։ Մի­թէ հայ ըլ­լա­լով խտրա­կանու­թեան կ՛են­թարկուի՞ն։ Այդ մտա­տան­ջութիւննե­րու դի­մաց միակ ապա­ւէնն էր խա­չապաշ­տութիւ­նը։ Վեր­ջա­պէս իրենք ալ քրիս­տո­նեայ էին։

Չատ գիւ­ղի բնա­կիչ յոյ­ներ ճամ­բայ ելան դէ­պի մօ­տակայ Թաշ­լըք գիւղ։ Կիւ­լիւ էմէ եւս գա­ցած էր իրենց հետ։ Նազ­լու տատս այս լսե­լով խեն­դա­ցաւ։ Իս­կոյն որ­դին Գա­լուստին պա­տուի­րեց եր­թալ ու ետ բե­րել քրո­ջը։ Քա­նի մը օր անց Գա­լուստ առան­ցին վե­րադար­ձաւ գիւղ։ Որո­շած էր ինք ալ յոյ­նե­րուն հետ եր­թալ։ Վեր­մա­կը ու­զեց մօր­մէն, բայց Նազ­լու տատս մեր­ժեց։

Ման­կութեան տա­րինե­րու յի­շատակ­նե­րով տա­կաւին ականջնե­րուս է «Ես գո­րանամ Գա­լօ» կան­չե­լով ող­բա­ցող Նազ­լու տա­տիկիս ձայ­նը։

Մին­չեւ 1954-ին Նա­զար մեծ պա­պուս մա­հը, հա­յատառ թրքե­րէն նա­մակ­նե­րով հա­ղոր­դակցե­ցան Յան­յա հաս­տա­տուած իրենց որ­դի­ներուն հետ։ 1968-ին երբ կը մաք­րէինք Կիւլպենկ պա­պուս սնտու­կը, յան­կարծ հան­դի­պեցայ հա­յատառ թրքե­րէն նա­մակի մը։ Նա­մակը եկած էր Յան­յա­յի մեր հա­րազատ­նե­րէն։ Պա­հարա­նին վրայ յստակ կը կար­դա­ցուէր Sava Alexiades, village Bafra, Ioannina-Greece հաս­ցէն։

Իս­կոյն հա­յատառ թրքե­րէնով նա­մակ մը գրե­ցի նշո­ւած հաս­ցէին, որուն պա­տաս­խանն ալ հա­սաւ շու­տով։ Վե­րագ­տած էինք ըն­տա­նիքի կո­րու­սեալ ան­դամնե­րը։ Քա­նի մը տա­րիներ անց, Կիւլպենկ պապս այ­ցե­լեց Յան­յա։ Եթէ ոչ եղ­բայրնե­րը, բայց անոնց որ­դի­ները տես­նե­լով լման տա­րի մը կա­րօտը յա­գեցուց իրենց հետ։ 1993-ին Տո­նիկ հօ­րեղ­բայրս ըն­տա­նեօք այ­ցե­լեցին Յան­յա։ 2000- ական տա­րեթի­ւերէն սկսեալ հա­մարեա ամէն տա­րի, մերթ առան­ցին, յա­ճախ ալ կնոջս Սի­րանի հետ կ՛այ­ցե­լենք Պաֆ­րա գիւ­ղը։ Փո­խադար­ձա­բար անոնք ալ կու գան մեզ այ­ցե­լելու։

Առա­ջին այ­ցե­լու­թեանս գիւ­ղա­պետա­րանի սրա­հի պա­տերուն վրայ տե­ղադ­րուած լու­սանկար­նե­րը կը դի­տէի։ Չատ գիւ­ղէն գաղ­թածնե­րու նկար­ներն էին։ Անոնց մէջ էր նաեւ Կիւլպենկ պապս։

Գիւ­ղա­պետ Նի­քօ իս­կոյն վրայ բե­րաւ. «Մեծ հայրդ Կիւլպենկ վեր­ջին գաղ­թա­կան­նե­րէն էր։ Եկաւ ու հա­զիւ տա­րի մը ապ­րե­ցաւ այս տեղ» ըսաւ։ Նի­քօն քար­տէ­զի մը վրայ նշա­նակած էր նաեւ Չա­տէն դէ­պի Յան­յա գաղ­թի ճա­նապար­հը հե­տեւեալ ուղղու­թիւնով։ Չատ, Թաշ­լըք գա­ւառը, Մեր­սին, Քոր­ֆու կղզի, Իկո­մենի­ցա, Մա­կարեթ­թի եւ վեր­ջա­պէս Պաֆ­րա գիւ­ղը։ 2006-ին հայրս Մա­նուկ, մայրս Տես­թե­կիւլ եւ կրտսեր եղ­բայրս Արի­սի հետ Պաֆ­րա այ­ցե­լեցինք։ Հայրս առա­ջին ան­գամ պի­տի հան­դի­պէր իր զար­միկնե­րուն։ Գիւ­ղի հրա­պարա­կին վրայ 83-ամեայ հօրս եւ իր 85-ամեայ հօ­րեղ­բօ­րոր­դի Լա­զարի իրար փաթ­թո­ւիլը հոն գտնո­ւող­նե­րուն ար­տա­սուե­լուն պատ­ճառ դար­ձած էր։

Վեր­ջին ճամ­բորդու­թեանս Չա­տէն գաղ­թած հայ ըն­տա­նիք­նե­րու թոռ­նե­րուն եւ որ­դի­ներուն հետ տե­սակ­ցե­ցայ։ Ամ­բողջ գիւ­ղը կը պատ­րաստո­ւէր 20 Մա­յիսին գաղ­թի 101-երորդ ամեակը նշե­լու։ Այս առ­թիւ օրա­ցոյց մըն ալ տպած էին։

Մեծ հօրս Կիւլպեն­կի քրոջ Կիւ­լիւ Տե­միր­ճիօղ­լո­ւի 85-ամեայ դուստրը կը պատ­մէր մօ­րը, քե­ռիին՝ այ­սինքն Կա­րինի­քոս դար­ձած Գա­լուստի, հօ­րը Անդրէաս Նեվ­րուզօղ­լո­ւի եւ կե­սուր մօր Մաք­րի­նայի մա­սին։ «Մայրս Կիւ­լիւ շատ աշ­խա­տասէր կին մըն էր։ Թէ ծխա­խոտի հո­ղամ­շա­կու­մով կը զբա­ղուէր եւ թէ տան մէջ թազ­կա­հի վրայ կար­պետ կը գոր­ծէր։ Մայրս ամուսնա­ցեր է Չատ գիւ­ղէն Կո­մէի տղուն հետ։ Ամու­սի­նը պսա­կադ­րութե­նէն երեք օր ետք լեռ բարձրա­ցեր եւ յոյն հրո­սախումբե­րուն մաս­նակցեր է։ Ամիս­ներ վերջ մա­հուան բօ­թը հա­սեր է գիւղ։ Յե­տոյ մայրս ամուսնա­ցած է Անդրէասի հետ, որու հետ ալ եկած է Յան­յա»։

Սթաւ­րօ քե­ռայ­րը

Սթաւ­րօ Թաշ­տի­մերի­տիսը կամ մեր կո­չու­մով Սթաւ­րօ քե­ռայ­րը Կա­լինի­քոս՝ այ­սինքն Գա­լուստ Տե­միր­ճիօղ­լուի աղջկան՝ Սւֆեայի հետ ամուսնա­ցած է։ Մօտ ան­ցեալին կորսնցուց իր կի­նը։ Հա­րալամ­պոս եւ Նի­քօ անու­նով եր­կու որ­դի­ներ եւ հինգ թոռ­ներ ու­նի։ Հար­ցուցի թէ ինչպէ՞ս մուտք գոր­ծեց մեր ըն­տա­նիքին։ «Հայրս եւ մեծ հայ­րս Չատ գիւ­ղը ծնած են։ Բնակ­չութեան փո­խանակ­ման օրե­րուն եկած ու հոս հաս­տա­տուած։ Ես 1931-ին Պաֆ­րա ծնայ։ Մեր ըն­տա­նիքը հո­ղագոր­ծութեամբ եւ անաս­նա­պահու­թեամբ կը զբա­ղէին։ Մեծ հայրս Ան­տօն գիւ­ղի առա­ջին քա­հանան էր։ Այա Պաս­քե­ւի Եկե­ղեց­ւոյ բա­կը թա­ղուած է։ Սա դի­մացի բլու­րին կա­ռու­ցո­ւած փոք­րիկ եկե­ղեցին լու­սա­հոգի գիւ­ղա­պետ Նի­քօն կա­ռու­ցած եւ Չա­տի եկե­ղեց­ւոյ յի­շատա­կով Այա Հա­րալամ­պոս կո­չած է։ Այդ եկե­ղեցին միայն տա­րին մէկ ան­գամ Ս. Պա­տարագ կը մա­տու­ցո­ւի։ Ես յա­ճախ առիթ մը կը ստեղ­ծէի եւ Սո­ֆիայի տան շուրջը կ՚եր­թա­յի։ Սո­ֆեան զիս տես­նե­լով դէ­պի իմ կողմ եգիպ­տա­ցորեն կը նե­տէր։ Վեր­ջա­պէս միջ­նորդներ ղրկե­լով զինք պաշ­տօ­նապէս ու­զե­ցի։ Ամուսնա­նալէ ետք բա­նուոր ըլ­լա­լով Շո­ւէտ գա­ցինք։ Այնտե­ղի վաս­տա­կով Պաֆ­րա վե­րադար­ձանք ու այս երկյար­կա­նի տու­նը կա­ռու­ցե­ցինք։ Լաւ ապ­րե­ցանք, բայց ան շտա­պեց եւ ինձմէ շուտ մա­հացաւ»։

Այս ըսե­լով ին­ծի փաթ­թո­ւեցաւ եւ սկսաւ հեծկլտալ։

Սա­ւա Ալեք­սիեատես կամ ալ Մկրտիչ Տե­միր­ճիօղ­լու

Մկրտիչ հօ­բարը Կիւլպենկ պա­պուս հօ­րեղ­բօր որ­դին է։ Եր­կար տա­րիներ Պաֆ­րա ապ­րած է։ Թո­ռը Փրօտ­րօ­մոս Շե­պեքօղ­լու, որ Թե­սաղո­նիկէ կը բնա­կի, պատ­մեց իր մեծ­հօր մա­սին։ «Պապս Սա­ւա միւս չատ­ցի­ներու հետ միասին հաս­տա­տուած է Պաֆ­րա գիւ­ղը։ Ու­նե­ցած է Լա­զար, Լեֆ­թեր, Սո­ֆիա եւ Վան­կել անու­նով չորս երա­խաներ։ Ձա­խակող­մեան հա­կումնե­րուն պատ­ճա­ռաւ մեր­ժո­ւած է գիւ­ղա­ցինե­րու կող­մէ։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռաւ գիւ­ղը լքած եւ Թե­սաղո­նիկէ քա­ղաքի գաղ­թա­կան­նե­րով բնա­կեցո­ւած Արի­տէա գա­ւառի Թրի­փետ­րա գիւ­ղը հաս­տա­տուած։ Որ­դի­ներէն Լեֆ­թեր Աւստ­րիա գաղ­թած է։ Ապ­րող միակ որ­դին Վան­կել Արե­տիա կ՚ապ­րի։ Ես Սա­ւա պա­պուս աղջկան որ­դին եմ»։

Տէր Փա­նայո­թիս Նար­սիս

Զար­միկս Անդրէաս Նեվ­րուզօղ­լո­ւի կի­նը Սու­լան իր քա­հանայ հօր հետ աղջկա­նը պար­տէ­զի առանձնա­տու­նը կը բնա­կին։ Սու­լան միշտ կը հո­գայ անոնց կա­րիք­նե­րը։ Ան տե­ղացի է, հե­տեւա­բար եկող­նե­րու մա­սին իր­մէ լսել ու­զե­ցի։ «Պար­պա Փա­նայո­թիս, երբ գաղ­թա­կան­նե­րը եկան տե­ղացի­ները ին­չո՞ւ առար­կե­ցին անոնց հո­ղամաս տրո­ւելուն» հար­ցուցի։

«Ես միշտ դրա­կան մտա­ծող մէ­կը եղած եմ։ Ապ­րե­լու հա­մար հո­ղի պէտք ու­նէին եւ ես անոնց իրա­ւունքը պաշտպա­նած եմ»։

Նոյն հար­ցումը հար­ցուցի նաեւ Տի­րան Տե­միր­ճիօղ­լո­ւի թո­ռան՝ Վա­սիլ Նեվ­րուզօղ­լո­ւին։ «Հա­յերը հոս յոյ­նի պէս եկան, բայց տե­ղացի յոյ­նե­րը առար­կե­ցին։ Խնդի­րը դա­տարան հա­սաւ, բայց անոնց առար­կութիւ­նը մեր­ժո­ւեցաւ։ Հո­ղաբաշ­խումը կա­տարող պաշ­տօ­նեաներն ալ տե­ղացի­ները հա­մոզե­ցին ըսե­լով որ, հա­յերն ալ քրիս­տո­նեայ են եւ այդ պատ­ճա­ռաւ հար­կադրո­ւեցան հող տա­լու»։

(Շա­րունակելի)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ