Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպումին ընթացքին կողմերը յառաջընթաց արձանագրեցին, բայց տակաւին համաձայնագիր մը չկայ։ Ան շեշտեց, որ Ուաշինկթըն պիտի չհանգստանայ մինչեւ որ համաձայնութիւն չհաստատուի։
Միլըր մանրամասնութիւններ չտուաւ, թէ ի՞նչ յառաջընթացի մասին կը խօսքի, սակայն ան նշեց, որ Երեւան եւ Պաքու երկար ճամբայ անցած են եւ բաւական յառաջընթաց արձանագրած են։
«Խաղաղութեան համաձայնագիրը շատ մեծ նշանակութիւն պիտի ունենայ այդ երկու երկիրներուն եւ տարածաշրջանին համար՝ բերելով խաղաղութիւն, կայունութիւն, տարածաշրջանին ապահովութիւն», յայտնեց ան՝ շեշտելով, որ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել խաղաղութեան պայմանագիրը յառաջ տանելու նպատակով։
«Մենք իսկապէս կը կարծենք, թէ գործարքը կարելի է, բայց անիկա կողմերէն կարգ մը բարդ ընտրութիւններ եւ ծանր փոխզիջումներ կը պահանջէ։ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ կողմերը մղել դէպի վերջնական համաձայնութեան հաստատում եւ տարակարծութիւններու հարթեցում», ըսաւ Միլըր։
Պարտինք նշել որ, Հայաստանը 44-օրեայ պատերազմի պարտութենէն այս կողմ արդէն սպառած է զիջումներու իր պարարը եւ յետ այսու արդարօրէն պիտի սպասէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դրական կամքը, այս խնդիրը իր աւարտին բերելու համար։
Հայ ժողովուրդի համար հետզհետէ զազրելի դարձած է Ալիեւի եւ Էրտողանի առաւելապաշտութենէն բխող անհանդուրժելի նախապայմանները։ Եթէ 30 տարի Ատրպէյճան չէր յօժարած հաշտութեան պայմանագիր մը կնքելու, Հայաստան ալ կրնայ նոյն եղանակով ձգձգել այս գործընթացը ընդմիշտ դեմոկլեան թուրի մը նման ճօճուելով հակառակորդի գլխին վերեւ։