Բարի գալուստ սիրելի սրբազան

Նիւ­թին տե­ղեկա­ցանք նախ անո­ւանի գրող Քե­­մալ Եալ­­չը­­­նի փո­­խան­­ցած տե­­ղեկու­­թիւնով։ Եալ­­չըն «Ակօս»ի խմբագ­­րա­­­պետին ու­­ղարկած էլ-նա­­մակով կը տե­­ղեկաց­­ներ թէ կը պատ­­րաստո­­ւին Պոլ­­սոյ Աթո­­ռի միաբան­­նե­­­րէն Գա­­րեգին Արք. Պեք­­ճեանը Իս­­թանպուլ ու­­ղարկե­­լու։

Գա­­րեգին Սրբա­­զանի եւ գրող Քե­­մալ Եալ­­չը­­­նի բա­­րեկա­­մու­­թիւնը ու­­նի բա­­ւակա­­նին հին ան­­ցեալ մը։ Այդ բա­­րեկա­­մու­­թիւնը սկսած է «Սիրտս քեզ­­մով կը խայ­­տայ» անուն գիր­­քի պատ­­րաստու­­թեան շրջա­­նին։

Բա­­ւակա­­նին ար­­կա­­­ծախնդրա­­կան եղաւ գիր­­քի հրա­­տարա­­կու­­թեան ոդի­­սակա­­նը։ «Տո­­ղան Քի­­թափ» հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նը, որ վճա­­րած էր հե­­ղինա­­կային իրա­­ւունքը եւ հա­­տորը տպած, վեր­­ջին պա­­հուն հրա­­ժարե­­ցաւ գիր­­քը հրա­­տարա­­կելէ եւ տպո­­ւած, կազ­­մո­­­ւած, գրա­­խանութներ արա­­քու­­մը սպա­­սող հա­­տոր­­նե­­­րը փճա­­ցու­­ցած էր առանց իսկ հա­­մոզիչ բա­­ցատ­­րութեան։ Ար­­դա­­­րեւ մենք այդ գոր­­ծը կար­­դա­­­ցինք ընդհա­­տակեայ տպագ­­րութիւ­­նով, որ­­մէ ետք Օս­­ման Քէօքե­­րի «Պիր­­զա­­­ման­­լար» հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նը յանձն առաւ գրքի օրի­­նաւոր տպագ­­րութիւ­­նը։

Այս առա­­ջին հրա­­տարա­­կու­­թե­­­նէ ետք Գա­­րեգին Սրբա­­զան կա­­մաւոր կեր­­պով յանձն առաւ գիր­­քի արեւմտա­­հայե­­րէնի թարգմա­­նու­­թիւնը։ Մաս­­նակցե­­ցաւ այս հրա­­տարա­­կու­­թեան հա­­մար կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած գի­­նեձօ­­ներուն։

Պոլ­­սա­­­հայոց հա­­մար ամօ­­թալի յի­­շատակ մըն է Գա­­րեգին Արք. Պեք­­ճեանի Պատ­­րիար­­քա­­­կան Տե­­ղապահ ընտրո­­ւելուն յա­­ջոր­­դող զար­­գա­­­ցումնե­­րը։ Ան երբ կու գար Պատ­­րիար­­քա­­­րան, փո­­խանակ զան­­գակնե­­րու ղո­­ղան­­ջին կամ Հրա­­շափա­­ռի շա­­րակա­­նի եր­­գե­­­ցողու­­թեան, պա­­րան­­նե­­­րով բա­­կուած գտաւ Աթո­­ռանիստ Մայր Եկե­­ղեց­­ւոյ աւագ դու­­րը։

Իր Իս­­թանպուլ կե­­ցու­­թեան շրջա­­նին ալ, փո­­խանակ Պատ­­րիար­­քա­­­րանի, հար­­կադրո­­ւեցաւ հիւ­­րա­­­նոց մը իջե­­ւանիլ։

Յա­­րատեւ դա­­ւադ­­րութիւննե­­րու իբր հե­­տեւանք, ան բա­­ւակա­­նին սրտնե­­ղացած կեր­­պով վե­­րադար­­ձաւ իր աթո­­ռը, Քո­­լոյ­­նի առաջ­­նորդա­­րանը, ուր զինք կը դի­­մաւո­­րէր նո­­րան­­շա­­­նակ առաջ­­նորդը։

Մարմնա­­պէս եւ բա­­րոյա­­պէս բա­­ւակա­­նին յոգ­­նած սրբա­­զանը որո­­շեց գեր­­մա­­­նական ծե­­րանոց մը ապաս­­տա­­­նիլ։ Սա­­կայն թէ Քե­­մալ Եալ­­չը­­­նի եւ թէ մեր բա­­րեկամ Վազ­գէն Պա­րընի վկա­յու­թեամբ այդ հաս­տա­տու­թիւնը հե­ռու էր սրբա­զանի հան­գիստն ու խա­ղաղու­թիւնը ապա­հովե­լէ։

Սրբա­զանին տո­ւած այ­ցե­լու­թե­նէ վե­րադար­ձին Վազ­գէն Պա­րըն տե­սակ­ցած է Սուրբ Փրկիչ հի­ւան­դա­նոցի հո­գաբար­ձութեան ատե­նապե­տին հետ եւ առա­ջար­կած սրբա­զանի իր ծննդա­վայ­րի մէջ կա­ցու­թիւնը։ Ատե­նապետ Շի­րինօղ­լու սի­րով ըն­դունած է այս առա­ջար­կը, որ­մէ ետք կա­րելի եղած է Գա­րեգին Արք. Պեք­ճեանի Իս­թանպուլ ժա­մանու­մը, 15 Յու­լիս Եր­կուշաբ­թի օր։

Յու­սանք որ պոլ­սա­հայու­թիւնը, գլխա­ւորու­թեամբ Սուրբ Խաչ Դպրե­վան­քի շրջա­նակ­նե­րուն, իրենց այ­ցե­լու­թիւննե­րով կը մխի­թարեն սրբա­զանի դառ­նա­ցած սիր­տը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ