Հրանդ Տինքի դատավարութիւնը յետաձգուած 11 Հոկտեմբերին

Հրանդ Տինքի սպանութեան մէջ դերակատարութիւն ունենալով մեղադրուած պետական պաշտօնեաներու դատավարութիւնը աւարտած էր 2021-ին։ Տինք ընտանիքի փաստաբանները դիտել տալով թէ դատակազմը նկատի չէ առած իրենց պահանջներուն մեծամասնութիւնը, դատը փոխանցեցին Վճռաբեկ Ատեան։ Թէեւ այս վերջինն ալ անտեսեց կամ մերժեց Տինքի իրաւապաշտպաններու պահանջները, խնդիրը հիմա փոխանցուած է Սահմանադրական Ատեան։

Միւս կողմէ Վճռաբեկ Ատեանը կարգ մը մեղադրեալներու դէմ տնօրինուած վճիռը անբաւարար համարած է եւ 15 մեղադրեալներ կրկին կը դատուին, որոնցմէ եօթը արդէն ազատազրկման մէջ են։ Նախորդ նիստին դատախազը կարգ մը մեղադրեալներու համար «Ծրագրեալ մարդասպանութիւն» եւ «Սահմանադրութեան ոտնակոխում» յանցանքներու համար պահանջեց կրկնակի ցկեանս բանտարկութիւն։

Դատախազութեան այս պահանջներուն դէմ Տինք ընտանիքի իրաւապաշտպան Հիւլյա Տեւէճի բովանդակալից թղթածրար մը ներկայացնելով անդրադարձաւ հետաքննութեան պահուն արձանագրուած թերացումներուն։ Ըստ Հիւլյա Տեւէճիի ոճիրին տանող գործընթացքը բաւականին չէ հարցաքննուած։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ