Շաբաթներ առաջ, երբ Իսրայէլի բանակը «Իքս» հարթակէն յայտարարած էր հարաւի ժողովուրդին թողնել իրենց տուները եւ «փոխադրուիլ աւելի ապահով վայրեր», ու առ այդ մեծ թիւով գաղթականներ հասած էին մեր շրջանները, Պուրճ Համուտի մէջ հագուստի վաճառական բարեկամս՝ Զաւէնը, պատմեց՝ «Երեք կիներ եկան խանութս, շուրջ 50-60 տարեկան, սեւ հագած, լաչակաւոր, հարցուցին եթէ աշխատողի պէտք ունիմ, գործ կը փնտռեն։ Սիրտս կտոր-կտոր եղաւ։ Ես արդէն գործ չունիմ, իրենց չկարողացայ բան մը ըսել», իսկ շատ չանցած, կին մը տանս դիմաց զիս կանգնեցուց հարցնելու՝ «Վարձու տուն գիտե՞ս»։
ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
3 հոկտեմբերի կէս գիշերէն քանի մը վայրկեան առաջ, երբ հազիւ քունի կ՚անցնէր հանգիստի այնքան կարօտ ուղեղս, ուժեղ ձայնի եւ թեթեւ երկրաշարժի ցնցում մը անկողինէս վար նետեցին մարմինս։ Վախս չէր զիս զգետնողը. ենթագիտակցութիւնս լի է վերապրողի փորձութիւններով, որոնց ամէնէն նորերը այս դէպքէն քանի մը օրեր առաջ՝ 27 սեպտեմբերին, եւ քանի մը տարիներ առաջ՝ 4 օգոստոսին՝ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքով, առանց ֆիզիքական վնաս կրելու ողջ մնալներս են։ Այս անգամ զիս զգետնեց ապշանքս, իրականութենէն խզումս։ Ինչպէ՞ս կարելի է ականատես ըլլալ նման ուժեղ ռմբակոծման ու կեանքը շարունակել բնականոն կերպով։
Մինչ ես կը գրեմ այս տողերը, Իսրայէլեան բանակը կը պայթեցնէ, գետնի հաւասար կ՚ընէ Լիբանանի հարաւ գտնուող Մայս ըլ Ժապալ գիւղը՝ քար քարի վրայ չձգելով, իսկ Քֆարշուպա գիւղէն 1200 ոչխարներով հովիւը ճամբայ կ՚ելլէ շուրջ 50 քմ քալելով՝ հասնելու համար հարաւային պեքաա, 500 ոչխարներով։ 30 հոկտեմբերի առաւօտուն Ռմէյշ գիւղի բնիկներէն ներկայիս Պէյրութ ապրող ընկերուհիս՝ Մարիամը, հեռախօսիս նամակ մը կը ձգէ՝ «Պահիան կը փախի կոր, իրենց ալ շրջանը պարպելու կոչեր ըրեր է (Իսրայէլի բանակը)»։ Պահիան Պաալպեքցի մեր ընկերուհին է. վերջինիս գրած անօգնական երկտողիս ան կարճ ձայնային նամակով մը հեւալով կը պատասխանէ. «Չենք կրնար Պէյրութ գալ, ճամբայ չկայ, հիմա հոս տեղ պիտի դասաւորուինք, աղօթէ՛ մեզի համար, Արազ»։ Շաբաթներ առաջ, երբ Իսրայէլի բանակը «Իքս» հարթակէն յայտարարած էր հարաւի ժողովուրդին թողնել իրենց տուները եւ «փոխադրուիլ աւելի ապահով վայրեր», ու առ այդ մեծ թիւով գաղթականներ հասած էին մեր շրջանները, Պուրճ Համուտի մէջ հագուստի վաճառական բարեկամս՝ Զաւէնը, պատմեց՝ «Երեք կիներ եկան խանութս, շուրջ 50-60 տարեկան, սեւ հագած, լաչակաւոր, հարցուցին եթէ աշխատողի պէտք ունիմ, գործ կը փնտռեն։ Սիրտս կտոր-կտոր եղաւ։ Ես արդէն գործ չունիմ, իրենց չկարողացայ բան մը ըսել», իսկ շատ չանցած, կին մը տանս դիմաց զիս կանգնեցուց հարցնելու՝ «Վարձու տուն գիտե՞ս»։
Հոս իրագործուած քաղաքականութիւնը բնաւ չի տարբերիր մեր կատարած ընթերցանութիւններու եւ ուսումնասիրութիւններու մէջ արտացոլացող քաղաքականութիւններէն։ Գաղութատիրական եւ կայսերապաշտական ախորժակներ՝ պաշտպանուած անպատժելութեամբ, կը շարունակեն աւերել ազգը իր հողին կապող ամէն հետք։ Ոչ միայն աւելի քան մէկ միլիոն անհատներ իրենց հողէն ու տունէն արմատախիլ եղան այս պատերազմին, այլեւ բաւականին դժուարացաւ անոնց տունդարձը՝ նկատի առնելով Իսրայէլի իրագործած հիմնայատակ աւերները։ Աւելին՝ հարաւին մէջ արձանագրուած են Իսրայէլի կողմէ օգտագործուած սպիտակ ֆոսֆոր պարունակող զինատեսակի առ նուազն 17 դէպքեր. այս քիմիական նիւթը բոլորովին կը քանդէ, կ՚այրէ նաե՛ւ բնութիւնը։ Եթէ ասիկա բնիկը, հողագործը իր հողէն օտարացում չէ, հապա ի՞նչ է։
Լիբանանի պատերազմական օրագիրս Բարռեսիա Գոլէքթիվի ընկերներուս հետ բաժնեկցելուս հետեւանքով շատ մը հարցադրումներ յառաջացան մեր զրոյցներէն. անոնցմէ մէկը տեւաբար ընկճուածին կողմը իյնալուս իրողութիւնն էր։ Թէ՛ որպէս հայ եւ թէ՛ որպէս լիբանանցի, թէ՛ հեռաւոր պատմութեանս մէջ եւ թէ՛ իմ կեանքիս ընթացքին, երկու հայրենիքներս ալ միշտ ենթակայ եղած են գաղութատիրոջ քաղաքականութեան եւ ստիպուած եղած են իրենց կեանքը յատկացնել ողջ մնալու քան թէ՝ իրենց հողին վրայ ապրելու ու ստեղծագործելու գործին։ Որքա՜ն հեշտ է հեռաւոր ափերէն լսողաց ըլլալ ժողովուրդներու տագնապին ու կարեկցիլ անոնց, սակայն որքա՜ն զօրութիւն եւ մտային կարողութիւն կը պահանջէ տագնապներու մէջ շարունակել ոտքի մնալ ու գոյատեւել` որպէս ուժականութիւն ունեցող անհատ։ Բնականաբար սիրտդ կը լեցուի տեսնելով նոյնինքն գաղութատէր պետութիւններու ժողովուրդներուն միասնութեան ալիքները ի շահ ընկճուածին ու զոհին։
Անշուշտ տարբեր նիւթ է, երբ այլեւայլ պատճառներով այդ միասնութիւնը չի ցուցաբերուիր բոլոր ընկճուած ժողովուրդներուն ու զոհերուն հանդէպ։ Գոլէքթիվի ընկերներուս հետ խօսակցութեան ժամանակ արտայայտուեցայ, որ կը նախընտրեմ մնալ ընկճուածի կողմը՝ քան ընկճողին. ընկերներս չկարողացան լուռ մնալ այս հաստատումիս եւ առաջարկերցին երրորդ ճանապարհ մը՝ պայքարողի, որովհետեւ ընկճուածը յուսակտուր չէ՛, ան կարողութիւնը ունի դիմադրելու. եւ թէեւ մինչեւ վերջ պիտի կրենք պատերազմի այս պատմութիւնները, փորձութիւնները, սակայն պիտի ունենանք նաեւ դիմադրութեան մեր պատմութիւնները։
Բնականաբար դժուար է շարունակել կեանքը բնականոն կերպով։ Բնականոն սահմանումը նոյնիսկ չունի հասարակ ըմբռնում բոլոր վայրերու ու ժամանակներու մէջ։ Մեր ներկայի բնականոնը «Իքս» հարթակին վրայ քմահաճ տեղահանման հրահանգներու հետեւիլն ու անոնց պատճառած աղէտէն ազատիլն է։ Արդեօք որքա՞ն պիտի շարունակուի այս իրավիճակը։ Եթէ ապրինք, կը տեսնենք։