Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 2 Նոյեմբեր 2024, Շաբաթ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ նախագահեց եպիսկոպոսութեան վեց ընծայեալներու երդմնագիրերու ստորագրութեան եւ յանձնումի արարողութեան։
Նորին Ամենապատուութիւնը առաւօտուն Մայր Տաճարի մէջ, Իջման Սուրբ Սեղանի առջեւ նախագահեց Արժանթինի եւ Շիլիի թեմի առաջնորդ՝ Առէն Վրդ. Շահինեանի, Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ՝ Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեանի, Արթիկի թեմի առաջնորդ՝ Նարեկ Վրդ. Աւագեանի, Սիւնեաց թեմի առաջնորդ՝ Մակար Վրդ. Յակոբեանի, Գեղարքունեաց թեմի առաջնորդ Պարթեւ Վրդ. Բարսեղեանի եւ Յունաստանի թեմի առաջնորդ՝ Խորէն Վրդ. Առաքելեանի երդմնագիրերու ստորագրութեան արարողութեան եւ որպէս նախագահ ստորագրեց նոյն երդմնագիրները եւ յղեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։
Նոյն օր. Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այցելութիւններ տուաւ Օշական եւ իր ուխտի աղօթքը կատարեց Հայ գիրերու գիւտարար՝ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի շիրիմին առջեւ:
Նորին Ամենապատուութիւնը ապա մեկնեցաւ Ղազարաւան, ուր այցելեց միանձնուհիներու վանքը, ուր դիմաւորուեցաւ Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մկրտիչ Եպս. Պրօշեանի եւ Մայր Եղիսաբէթի գլխաւորութեամբ միանձնուհիներու կողմէ:
Պատրիարք Հայրը Գերշ. Տ. Դանիէլ Եպս. Ֆընտըքեանի եւ Հոգշ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ.ի մեկնեցաւ Գուգարաց թեմ՝ Վանաձոր:
Ան ճամբու վրայ այցելեց Եզիտիներու արեւապաշտական տաճարը: Ապա Վանաձորի մէջ այցելութիւն տուաւ տեղւոյն առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Եպս. Յակոբեանին:
Այստեղ Նորին Ամենապատուութիւնը այցելեց թեմի նախկին առաջնորդ երջանկայիշատակ Սեպուհ Արքեպս. Չուլճեանի շիրիմին, ուր հանգստեան աղօթք կատարեց:
Գերշ. Տ. Յովնան Եպս. մեր Հոգեւոր Պետը առաջնորդեց Ծիծեռնակ ճամբար, ուր տեղեկութիւններ տուաւ այստեղ կատարուած աշխատանքի մասին:
Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը առաջնորդուեցաւ Հաղբատի վանքը, ուր կատարեց իր ուխտի աղօթքը:
Օրուան վերջին այցելութիւնը եղաւ Սեւանի ճեմարանը: Այստեղ մեր Հոգեւոր Պետը դիմաւորուեցաւ Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանի Տեսուչ Հոգշ. Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեանի կողմէ:
Նորին Ամենապատուութիւնը Ճեմարանի դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցաւ ժառանգաւոր սաներուն հետ, որոնք ի պատիւ Ամենապատիւ Հիւրին համերգ մը սարքեցին: