Շաբթուայ առաջին օրերու կարեւոր զարգացումն էր Մարտին, Պաթման եւ Հալֆեթիի մէջ ընտրուած քաղաքապետներուն պաշտօնանկութիւնը։ Նման երեւոյթ տեղի ունեցած էր հազիւ քանի մը օրեր առաջ Իսթանպուլի Էսէնյուրթ գաւառի մէջ, ուր դարձեալ ընտրուած քաղաքապետը պաշտօնէ հեռացուելով իր տեղ նշանակուած էր կուսակալի օգնականը։
Իշխող կառավարութեան Շրջանային ընտրութիւններու պարտութենէ ետք դարձեալ տեղապահներու դրութեան դիմելը շատերու կողմէ դիտուեցաւ որպէս ժողովրդավարութեան դէմ քաղաքական յեղափոխութիւն ըլլալով։ Պարտինք նշել թէ նախագահ Էրտողան ընտրութիւններու ընդառաջ, նիւթը օրակարգի բերած եւ իր թեկնածուներու չընտրուելու պարագային դարձեալ տեղապահներ նշանակելու սպառնալիք հնչեցուցած էր։
Բնականաբար բաւականին սուր հակազդեցութիւն հնչեց թէ՛ Ժողովրդահանրապետական եւ թէ ՏԵՄ կուսակցութեան շարքերէն։ Ոստիկանները ուժի կիրառմամբ փորձեցին ցրել քաղաքապետարանի առջեւ հաւաքուած ժողովուրդը։
Շաբթուայ երկրորդ կիսուն, այս անգամ օրակարգ զբաղեցնողը ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութիւններն էին։ 2016-2020 թուականներուն նախագահի պաշտօն վարած Տանըլթ Թրամբ կրկին անգամ նուաճած է ձայներու մեծամասնութիւնը եւ գերազանցած ընտրուելու համար անհրաժեշտ 270 պատգամաւորները։
Յիշենք թէ Թրամբի նախորդ նստաշրջանի առաջին գործունէութիւնը եղած էր Փարիզի կլիմայի համաձայնագրէն հրաժարիլ։ Արդարեւ այս նստաշրջանին ալ չի բացարուիր, որ իր երկրի շահերը գերազանցելու երեւոյթի ետին լուրջ վնասներ հասցնէ համաշխարհային մարդկութեան։ Զարմանալի չէ որ Թրամբի յաղթանակը առաջին շնորհաւորողը եղաւ Իսրայէլի նախագահ Բենեամին Նեթանեահու, որու յաջորդեց Անգլիոյ վարչապետը եւ այլ երկիրներու ներկայացուցիչներ։
Թուրքիոյ քաղաքական իշխանութիւնները դարձեալ ուրախ են Թրամբի յաղթանակով, քանի որ նախորդ նստաշրջանին նախագահ Էրտողան բազում անգամներ հանդիպած էր իր հետ եւ շրջանցելով դիւանագիտական սկզբունքները անոնք երկուստեք հանդիպումներ ունեցած էին։ Թէեւ այդ նոյն շրջանին Թրամբ արհամարհական տողերով լեցուն եւ սպառնական բնոյթով նամակ մըն ալ յղած էր Թուրքիոյ նախագահին, բայց նորէն ալ կառավարութիւնը կը յուսայ թէ Ֆ-16 եւ Ֆ-35 կործանիչներու տիրանալու համար աւելի յարմար գետին մը գոյացած է Թրամբի ընտրութեամբ։
Այս բոլորէն անկախաբար թէ՛ քաղաքապետներու փոխարէն տեղապահներ նշանակուիլը եւ թէ Թրամբի վերընտրութիւնը մտածել կու տան փորձուածը կրկին փորձելու մասին ժողովրդական առակը, ուր կ՚ըսուի «Կրկին փորձութիւնը յիմարութիւն է»։