Քանի որ չունի տրամաբանական որեւէ հիմք, բոլորովին պատահականութիւն պէտք է ըլլայ իմ ճանչցած բոլոր Սարգիսներու հասարակ յայտարարը՝ բարի վարքը ու շնորհքը։
Իսկապէս անիմաստ է նման հաստատում, քանի որ առողջ մտածողութեան տէր ոչ ոք պիտի համարձակի բարի վարքը ու շնորհքը անունով մը բացատրելու։
Ո՞վ գիտէ քանի՜ քանի անպիտան Սարգիսներ կան այս աշխարհի վրայ։ Խնդիրը այն է թէ ես երբեք չեմ հանդիպած նմաններուն։
Իմ յիշողութեան մէջ առաջին Սարգիսը պատանեկան ընկերս էր։ Ինք շատ բարի, բայց միշտ կը գնահատէր չարը։ Օրինակի համար «Սփակեթթի Վեստերններու» օրերուն իր կուռքը Լի Վան Քլիֆն էր, փոխանակ ֆիլմի գեղադէմ ու վայելուչ հերոսին։ Կը սիրէր զէնքերը, բայց երբեք չէր վնասած ոեւէ մէկուն, կամ նոյնիսկ կռիւի մը չէր մասնակցած, ինչ որ սովորական բան էր վաղ երիտասարդութեան այդ տարիներուն։ Բանակի ծառայութեան շրջանին զինընկեր ունեցայ մի այլ Սարգիս, որ դարձեալ հեզ ու բարի անձ մըն էր։
Աւելի ուշ ծանօթացայ բառին բուն իմաստով ազնուական Սարգիսի մը հետ, որ ինչպէս պիտի ըսեն հայաստանցիք՝ «թաղին աղուոր տղան էր»։ Զինք գիտնալէս տարիներ ետք հարցազրոյց մըն ալ վարեցի իրեն հետ։ «Ես աւազակ չեմ։ Պարզապէս պաշտպանեցի ինծի պատկանողը։ Իմ ծննդավայրը հայաշատ քաղաք էր։ Անոնք սպառնալով, վախցնելով հեռացուցին բոլոր հայերը։ Վերջապէս երեքը միասին ինծի ալ վնասել փորձեցին շուկային մէջ։ Դաշոյնս քաշեցի եւ երեք սատակ թողուցի ետեւս։ Պատուովս լրացուցի սահմանուած պատիժը եւ դուրս եկայ բանտէն։ Ուրախութեամբ տեսայ թէ այդ ընտանիքներէն ոչ մէկ անձ մնացած էր մեր քաղաքը։ Իսկ ես հպարտօրէն հոս եմ տակաւին»։
Ամուսնացայ եւ իբրեւ քենակալ ունեցայ նոր Սարգիս մը։ Դարձեալ մաքրամաքուր կերպար մը իր խոր հարազատութիւնով ու մտերմութեամբ։
Կայ Սարգիս մը եւս իմ պատմութեան մէջ։ Հսկայ մըն է ան։ Անփոխարինելի հսկայ մը։ Այս կ՚ըսեմ բոլորովին անձնական փորձով, քանի որ փորձած եմ փոխարինել եւ չեմ յաջողած։ «Ակօս»ի հայերէն էջերու նախկին աւագ խմբագիրն էր ան։ Մեր ժողովուրդի ո՛չ թէ հոգեւորականներու ձեռքով պաշտօնականացած, այլ հասարակ ժողովուրդի ապրումներով, առասպելներով ձեւաւորուած պատմութեան տիտանը։ Մինչեւ օրս ամենաշատ ես եմ որ կ՚ապրիմ իր բացակայութեան պատճառած բացթողումը։
Սայաթ Նովա Երգչախումբի կազմին մէջ արդէն ունէինք երկու Սարգիսներ, որոնք իմ ամենամօտ ընկերական շրջանակին մաս կը կազմէին։ Ամէն ինչ կը ծրագրէինք միասնաբար։ Մեր ծրագրած նախաձեռնութիւնները դժուար թէ ձախողութեան մատնուէին։ Կ՚երազէինք եւ երբ վճռէինք գործի լծուիլ, անպայման կ՚իրականանար այդ երազը մեծ գոհունակութիւն պարգեւելով ոչ միայն մեր երեքին, այլ ընկերական շատ աւելի լայն շրջանակի մը։
Այսօր ահա այդ Սարգիսներէն մէկուն մեկնումին է որ կ՚ ողբամ։ Հաստատ գիտեմ թէ իր բացակայութիւնով այլեւս ես չեմ յղանար որեւէ ձեռնարկ։ Այդ բանը կը թողում յաջորդ սերունդին եւ կը բաւարարուիմ Սարգիսի, Սարգիսներու հետ գլուխ հանածներուս յիշատակով։
pakrates@yahoo.com