Երկու կաթիլ անձրեւը բաւեց որ մեր աղջնակները վազեն դուրս (փոխանակ տունը մնալու) եւ խաղանմայթի վրայ գոյացած ջրակոյտի մէջ։ Անցաւ քանի մը վայրկեան։ Վերադարձան։ Անոնց ձեռքը եւ դէմքըծածկած էր հաստ շերտ մը տիղմ։ Մտաբերեցի մեր հիներու ÇտղմաթաթաւÈ, ÇտղմաթաթախÈ եւÇտղմաթաւալÈ բառերը ու մտածեցի, թէ մեր գրաբարախօս նախահայրերը որքան շատ սիրած են ÇտիղմÈ բառը, յաճախ խաղացեր են անոր հետ եւ կերտեր են տասնեակ մը տղմակերտ բառեր։ Որոշեցի որմանկամտութիւն մըն ալ ե՚ս ընեմ եւ խաղամ ÇտիղմÈ բառի հետ. Առանց աղտոտելու անշուշտ ձեռքս ուերեսս։ Իսկ երբ վաստակս հասնի իր աւարտին, մաղթեմ որ ան չկոչուի ÇտղմատեսքÈ, ÇտղմամիտÈ եւÇտղմաճաշակÈ։ (Չակերտեալ բառերը հայկազնեան բառարաններու մէջ գոյութիւն չունէին, հարկադրուածես ստեղծեցի։ Յուսամ ոեւէ մէկը պէտք չունենար զանոնք գործածելու)
Կաթիլ մը տիղմ
Ըստ Հրաչեա Աճառեանի ÇտիղմÈ բառը կաթեր է ÇտիլÈ արմատէն։ Ան կը նշանակէ կաթկթել, ծորիլ, միզել։Վանայ, Մշոյ եւ Ալաշկերտի մէջ մինչեւ 20րդ դարու սկիզբը գործածուեր է այդ բառը։ Իսկ վանեցիներըգինիի տակ նստած դիրտն ալ կոչեր են՝ ÇտիլÈ։ Դարերու ընթացքին ÇտիլÈ արմատը կաթիլկաթիլ ծորեր էեւ գոյացեր է պատկերաւոր ածականներու խոշոր կոյտ մը։ Ահա քանի մը հնաշունչ օրինակ. Տղմաթաթաւ, Տղմախոր, Տղմասէր, Տղմուտ, 5րդ դար, Տղմատիպ, 11րդ դար, Տղմաթաւալ, Տղմական, Տղմակերպ, Տղմային, 12րդ դար, Տղմատարած, 13րդ դար։ Իսկ հայոց պատմութեան մէջ այնքան անձրեւ եկաւ, որ մերմատենագիր այրերը տիղմի մէջը մտան եւ ձեւակերպեցին գրական, քնարական տողեր։ Միջնադարը, յարգելի ընթերցող, լի է տղմաթաթախ եւ խիստ պատկերալից տողերով. ÇՏղմաթաւալ անասնոցնզմարգարիտն առաջի արկցեսÈ, ÇԳարշի՞ս ʼի տղմական ժահահոտութենէնÈ, ÇՀոտ նորա անմաքուր է եւինքն տղմասէր եւ տղմակերպÈ, ÇՏղմային խաւարÈ, ÇՏղմային խորհուրդÈ, ÇՏղմասէր խոզից նմանեցինÈ, ÇՏղմատարած ծովÈ, ÇՏղմուտ չարութիւնÈ, ÇՄեղօք տղմատիպ կենցաղÈ։ Նկատեցի՞ք, թէ տիղմ բառըարդէն ունի փոխաբերական իմաստ՝ անբարոյ կենցաղ եւ մեղաւոր մարդ։ Իսկ մեր հիները մեզի աւանդձգեր են երկու հատ ալ գիտական, ճշմարիտ խօսք. ÇՅորժամ երկիր տղմուտ լինի, ոչ կարէ բխել ջուր յստակեւ սրբահամÈ, ÇԱնհնար է տղմուտ տեղւոջ անուշահոտութիւնս բուրելÈ։
Տղմաձայն մրմունջներ
Ոսկեդարուն ÇտիղմÈ բառը, զարմանալի բան, բազմաթիւ աղօթքներու նախանիւթ դարձաւ։ ՀայոցՄիջագետքի Մծբին քաղաքի մէջ գործունէութիւն ծաւալած, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ սուրբերէն ԵփրեմԱսորին 360 թուականներուն աղաչեց, որ Հայր Աստուած զինք դուրս հանէ հոգեկան տիղմէն. ÇՀա՜ն զիս իտղմոյ անօրէնութեան իմոյÈ։ Դար մը յետոյ Մեսրոպ Մաշտոցը իր գրած շարականի մէջ Աստուծմէողորմութիւն խնդրեց, որ իրեն մաքրէ մեղքերու տիղմէն. ÇԼուա զիս ի տղմոյ յանցանաց, աղբիւրբժշկութեան / Եւ ողորմեաÈ։ Գրիգոր Մագիստրոսը մեզի բացատրեց, թէ մարդու փառքը օր մը պիտիխառնուի տիղմի մէջ. ÇԱնցք ստուերի է փառք մարդոյ, / Հոլովի յար որպէս անուոյ. / Տարբերի նման հողմոյ, / Մինչ անկցի ի գուբ տղմոյÈ։ Իսկ Գրիգոր Նարեկացին նկարագրեց իր կեանքը. ÇՈչ մեռեալ եւ ոչ կենդանի՝թաղեալ ի մեղաց գարշութեան տղմիÈ։ Յիշատակարան մը գտայ 1304 թուականին գրուած։ ՎարդանԱյգեկցիի քարոզներն էին։ Գիրքի աւարտին Աւագերէց անուն գրիչը խոստովանեցաւ. ÇԶմեղօք լցեալսուտանուն տէր Աւագերէց, ոչ տէր մեղայ եմ ասացել, զերթ խոզ ի տիղմ եմ թաւալելÈ։ Նոյն տառապանքիմէջ էր տաղասաց Սուգիասը. ÇԻ գարշութիւնս տղմոյ մեղաց թաւալեցայ։ Մեղա՜յ, մեղա՜յ, բիւրապատիկգլորեցայÈ։
Ճանապարհները փակ են տիղմով
Ի՞նչ եղաւÉ Արե՞ւն էր ջերմ։ Խորշակնե՞ր եկան թառամեցուցիչ։ Միջնադարէն մինչեւ քսաներորդ դար հայըեւ անոր գրականութիւնը չտրորուեցաւ տիղմի մէջ։ Կ’երեւի արձակուած էին մեր բոլոր մեղքերը։ Այդյոյսով, ազգային լուսաւորութեան ակնկալութեամբ, Գարեգին Սրուանձտեանցը բացատրեց, թէ ինչսրբութիւններով կը փափաքէր իր նահատակ ընկերոջ շիրիմը զարդարել. ÇՄասիսի կողերէնտապանաքար մի, / Շաւարշանայ հովիտէն Շուշան մի, / Երասխի եզերքէն ուռենւոյ ոստ մի, / Արմաւրիսօսիներէն սաղարթ մի, / Եփրատի ափերէն աւազներ, / Տղմուտէն տղմօտ հողերըÈ։ Իսկ 190814 թուականներուն Պելճիքայի մէջ գիւղատնտեսական կրթութիւն ստացած ազգայինազատագրականշարժումի գործիչ, Վան քաղաքի պաշտպան, 1917 թուականին Վանի հայկական ժամանակաւորկառավարութեան ղեկավար Կոստի Համբարձումեանը 1915ի աշնան օրերուն զբաղած էր Վանայ տիղմըհեռացնելու գործով. ÇԲոյսի ու ծաղկի սիրահար Կոստի Համբարձումեանը անտես չարաւ Վանի գեղեցիկայգիներն ու պարտէզները։ Արտասահմանէն ստացուած նոր սերմերով ընդարձակ մրգաստաններպատրաստել տուաւÉ Նորոգուեցան քանդուած ջրաղացները, մաքրուեցան Հայոց ձորի եւ Թիմարի ջրիառուները, որ տղմակալուած եւ աւերուած էինÈ։ Տղմուտի երազը տեսաւ նաեւ Յովհաննէս Շիրազը. ÇՈ՞րնէ, բաբօ, մեր հայրենիք։ / Էն, որ ունի բարձր երկինք, / Էն, որ ունի Արազ, ՏղմուտÈ։ Բայց տիղմը տիղմ է. Ապականեցնող եւ տգեղ։ Այդ է պատճառ, որ Յակոբ Օշական օր մը գրեց. ÇԿը թաւալինք տիղմ է տիղմÈ։Մելքոն Կիւրճեանը գիտէր, թէ պանդուխտի ճամբան կ’անցնէր թանձր տիղմէ. ÇՏէրսիմի եւ Բարձր Հայոցխորերն ու սարերըÉ Օդը ցրտին է, գետինը տղմօտÉ Անպատսպար կը քալէ նա՝ տիղմերէ ու անձրեւներէթաթխուածÈ։ Վրթանէս Փափազեանը մեզի բացատրեց, թէ Çփայլուն եւ բարձր ապագայÈ առաջնորդողճամբաները փակ կ’ըլլան, եթէ բոլորն ալ Çթանձրապէս փակուած են կեղծութեան զզուելի տիղմովÈ։
Տիղմ լեցուեցաւ միութեան մէջ
Տիղմ բառը երբեմն իր տգեղ երեսը ցոյց կու տայ հայրենի մամուլի մէջ։ Անշուշտ, թէ ան չի կրնար մրցիլÇցեխÈ բառի, Çցեխ նետելուÈ եւ Çցեխ զարնելուÈ հետ, որոնք այսօր կը վայելեն մեծ ժողովրդականութիւն։Բայց ժամանակ առ ժամանակ վարչապետ մը կամ Գիտութիւններու Կաճառի անդամ մը կը յիշեն այդդարաւոր բառը եւ մեզ կը լուսաւօրէն։ Շաբաթ մը առաջ երկրի վարչապետը հանրապետութեանճանապարհներու ցած որակի հանդէպ իր դժգոհութիւնը արտայայտեց. ÇԱսում եմ ճանապարհ՝պատկերացնում եմ տիղմÈ։ ԳԱ անդամ, գրականագէտ եւ բանաստեղծ Արտէմ Յարութիւնեանը դժգոհեցաւայլ անդամներու որակէ. ÇՀայաստանի Գրողների միութիւնը տիղմով է լցուելÈ։ Իսկ Տոքթ. ՅակոբԱյնթապլեանը դժգոհեցաւ լեզուի մակարդակէն. ÇՏղմաթաթախ է հայերէնը Հայաստանի մէջÈ։
Խաղացէք տիղմի հետ
Ահա, յարգելի ընթերցող, իր աւարտին հասաւ տղմաձայն յօդուածս։ Կը յուսամ, որ դուք ձեր առջեւ երբեքչէք ունենար տղմալից ճանապարհներ՝ կը հասնիք, ինչպէս Վ. Փափազեանի յոյսն էր, ձեր փայլուն եւբարձր ապագայի։ Մինչեւ յաջորդ բառս, կ’առաջարկեմ, որ դուք, երբ երկինքը քանի մը կաթիլ անձրեւարձակէ, դուրս ելէք կամ մնացէք տան մէջ, ինչպէս որ կը նախընտրէք, դարձէք քիչ մը տղայամիտ եւ դուքալ խաղացէք գրական տիղմերու հետ։