Մերօրեայ հայ տաղանդաւոր մարգարիտը. Աննա Վարդանեան

Մա­­րի Յով­­հաննի­­սեան

Աննա Արա­­մի Վար­­դա­­­նեանը ծնունդով Երե­­ւանէն է: Առա­­ջին մաս­­նա­­­գիտու­­թեամբ տնտե­­սագէտ է։ Աւար­­տած է Հա­­յաս­­տա­­­նի Պե­­տական Տնտե­­սագի­­տական Հա­­մալ­­սա­­­րանը, ու­­սումն առած Ճա­­պոնիայի Աոմո­­րի Հա­­մալ­­սա­­­րանի, տնտե­­սագի­­տու­­թեան թեկ­­նա­­­ծու է։ 2011 թո­­ւակա­­նէն մինչ օրս կը դա­­սախօ­­սէ ՀՊՏՀ-ը («Ներդրումնե­­րի կա­­ռավա­­րում», «Հան­­րա­­­յին ֆի­­նանսներ», «Ֆի­­նանսներ», 2020 թո­­ւակա­­նէն հիմ­­նած եւ դա­­սաւան­­դած է «Ճա­­պոնա­­գիտու­­թիւն» առար­­կա­­­ները)։ Երկրորդ մաս­­նա­­­գիտու­­թեամբ մի­­ջազ­­գայնա­­գէտ է, աւար­­տած է Երե­­ւանի Պե­­տական Հա­­մալ­­սա­­­րանի «Մի­­ջազ­­գա­­­յին Յա­­րաբե­­րու­­թիւններ» բաժ­­նի մա­­գիստրա­­տու­­րան։ Հրա­­ւիրո­­ւած է դա­­սախօ­­սելու Ճա­­պոնիայի Թո­­քիոյի եւ Վա­­սետա հա­­մալ­­սա­­­րան­­նե­­­րը, հան­­դէս եկած է դա­­սախօ­­սու­­թիւննե­­րով՝ նո­­ւիրուած հայ ճա­­պոնա­­կան պատ­­մամշա­­կու­­թա­­­յին, պատ­­մա­­­դիւա­­նագի­­տական, տնտե­­սական առնչու­­թիւննե­­րուն։ Հայ-ճա­­պոնա­­կան յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու ան­­մի­­­ջական մաս­­նա­­­կից։ Մէկ տաս­­նեակէ աւե­­լի գի­­տական յօ­­դուած­­նե­­­րու, մի քա­­նի հայ-ճա­­պոնա­­կան պատ­­մա­­­կան բա­­ցայայ­­տումնե­­րու, հինգ գի­­տահե­­տազօ­­տական գիր­­քե­­­րու հե­­ղինակ է։ 2020 թո­­ւակա­­նին հա­­մախոհ­­նե­­­րու հետ հիմ­­նած է «Արու­­մէ­­­նիա-Նի­­պոն» հայ ճա­­պոնա­­կան գի­­տամ­­շա­­­կու­­թա­­­յին միու­­թիւն հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւ­­նը։ Միու­­թիւնը հան­­րա­­­յին տար­­բեր ոլորտնե­­րուն կը նպաս­­տէ հայ եւ ճա­­պոնա­­ցի հա­­սարա­­կու­­թիւննե­­րու մեր­­ձեցման, կը բարձրաց­­նէ Հա­­յաս­­տա­­­նէ ներս Ճա­­պոնիայի եւ Ճա­­պոնիայէ ներս Հա­­յաս­­տա­­­նի ճա­­նաչե­­լիու­­թեան մա­­կար­­դա­­­կը։ Կը նա­­խաձեռ­­նէ եւ կ՚ իրա­­կանաց­­նէ գի­­տական, կրթա­­կան, մշա­­կու­­թա­­­յին, մար­­զա­­­կան մի­­ջոցա­­ռումներ, կ՚օժան­­դա­­­կէ հա­­յաս­­տա­­­նեան ԲՈՒՀ-երուն ճա­­պոնա­­գիտու­­թեան եւ ճա­­պոնա­­կան ԲՈՒՀ-երուն հա­­յագի­­տու­­թեան զար­­գացման։ Ան­­նա Վար­­դա­­­նեանի գի­­տական հրա­­պարա­­կումնե­­րը դրա­­կան գնա­­հատան­­քի ար­­ժա­­­նացեծ եւ ձեռքբե­­րած են Ճա­­պոնիայի, Մեծ Պրի­­թանիայի, Սպա­­նիայի, Իտա­­լիայի, Սին­­կա­­­փու­­րի, Յու­­նաստա­­նի, Պա­­վարիայի, Չե­­խիայի, ԱՄՆ Կոնգրե­­սի գրա­­դարան­­նե­­­րու եւ այլ հե­­ղինա­­կաւոր մի­­ջազ­­գա­­­յին կա­­ռոյցնե­­րու կող­­մէ։ Գի­­տական յօ­­դուած­­նե­­­րը տար­­բեր հե­­տազօ­­տող­­նե­­­րու կող­­մէ թարգմա­­նուած են ճա­­պոնե­­րէն, սպա­­ներէն, իտա­­լերէն, յու­­նա­­­րէն, չի­­նարէն, անգլե­­րէն լե­­զու­­նե­­­րով։ Անոնք հիմք կը հան­­դի­­­սանան բո­­լոր ազ­­գե­­­րու հե­­տազօ­­տող­­նե­­­րու հա­­մար ըն­­կա­­­լելու հայ-ճա­­պոնա­­կան բազ­­մա­­­շերտ առնչու­­թիւննե­­րը:

*

Ստո­­րեւ՝ տնտե­­սագէտ, մի­­ջազ­­գայնա­­գէտ, ճա­­պոնա­­գէտ, գրող-հե­­տազօ­­տող, գիտ­­նա­­­կան, ման­­կա­­­վարժ եւ պար­­զա­­­պէս տա­­ղան­­դա­­­շատ Ան­­նա Վար­­դա­­­նեանի հետ «Ակօս»ի թղթա­­կից Մա­­րի Յով­­հաննի­­սեանի հար­­ցազրոյցն է՝ կնոջ յա­­ջողու­­թեան բա­­նաձե­­ւի, գի­­տական ու ման­­կա­­­վար­­ժա­­­կան գոր­­ծունէու­­թեան, մար­­գա­­­րիտի պատ­­մութեան հետ­­քե­­­րու ու հայ-ճա­­պոնա­­կան յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու մա­­սին:

Կնոջ յա­­ջողու­­թեան բա­­նաձե­­ւը ինչպէ՞ս կը գրո­­ւի Ան­­նա Վար­­դա­­­նեանի կող­­մէ։

Ինձ հա­­մար կնոջ յա­­ջողակ ըլ­­լա­­­լու սկիզ­­բը յա­­ջող ըն­­տա­­­նեկան միու­­թիւնն է: Հո­­գեկան հանգստու­­թե­­­նէն եւ հան­­դարտու­­թե­­­նէն շատ բան կա­­խուած է: Ես կը կար­­ծեմ՝ եթէ ըն­­տա­­­նիքի մէջ չկայ ներ­­դաշնա­­կու­­թիւն՝ չկայ հանգստու­­թիւն, ըն­­տա­­­նիքէն դուրս չես կա­­րող յա­­ջող գոր­­ծունէու­­թիւն վա­­րել: Գի­­տէք՝ որ­­քան զգա­­յական է կի­­նը: Եւ եթէ կնոջ ներ­­սը, հո­­գին ան­­հանգիստ է ինչ որ մի բան, ին­­քը կա­­րող չէ դուրսը իր գոր­­ծունէու­­թիւնը տա­­նիլ դրա­­կան ու­­ղիով:

Խօ­­սինք Ան­­նա Վար­­դա­­­նեանի գոր­­ծունէու­­թեան մա­­սին

Ըն­­տա­­­նիքէն զատ, ամե­­նագլխա­­ւոր զբաղ­­մունքը այս պա­­հուն իմ գի­­տական գոր­­ծունէու­­թիւնն է, որ ես շատ կը սի­­րեմ եւ մեծ հա­­ճոյ­­քով կը վա­­րեմ: Այն ինձ շատ դրա­­կան մղումներ կու տայ: Յատ­­կա­­­պէս, երբ գի­­տական տի­­րոյ­­թին ինչ-որ նոր բան կը բա­­ցայայ­­տեմ՝ այդ աննկա­­րագ­­րե­­­լի բերկրանք է: Ես կը փոր­­ձեմ ինչ-որ մի յե­­տագիծ թո­­ղել՝ որ­­պէս գիտ­­նա­­­կան: Կ՚ու­­սումնա­­սիրեմ Հա­­յաս­­տան-Ճա­­պոնիա յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու պատ­­մութիւ­­նը, մեր ժո­­ղովուրդնե­­րու առնչու­­թիւննե­­րը, որոնք մե­­ծաւ մա­­սամբ դրո­­ւագա­­յին են: Մա­­սունքնե­­րու նման կը հա­­ւաքեմ այդ դրո­­ւագ­­նե­­­րը՝ որ­­պէս մեծ պատ­­կե­­­րի փոք­­րիկ փազլներ հեր­­թով իրար ամ­­րացնե­­լով, քա­­նի որ այդ ոլոր­­տը, գի­­տու­­թեան այս ուղղու­­թիւնը ընդհան­­րա­­­պէս հայ­­կա­­­կան կող­­մէ ու­­սումնա­­սիրո­­ւած չէ, եւ մենք այստեղ մեծ բաց ու­­նինք լրաց­­նե­­­լու: Ինձ հէնց այդ բացն է որ դուր կու գայ, ու ցան­­կա­­­ցած հար­­ցով, երբ փոր­­ձեմ ես հե­­տաքրքրո­­ւիլ, պրպտել անընդհատ նո­­րոյ­­թի կը բա­­խիս: Ու­­րա­­­խալի է, իհար­­կէ, որ ըլ­­լա­­­լով աշ­­խարհագ­­րա­­­կան դիր­­քով այդքան հե­­ռու՝ այ­­նո­­­ւամե­­նայ­­նիւ, հա­­յերն ու ճա­­պոնա­­ցինե­­րը մեծ յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու պատ­­մութիւն ու­­նին՝ այն ալ՝ շատ ջերմ:

Իսկ ին­­չո՞ւ հէնց ճա­­պոնա­­գիտու­­թիւնը

Ես միշտ կ՚ըսեմ, որ Ճա­­պոնիան այն եր­­կի­­­րը չէ, որ կա­­րելի է այսպէս տա­­նը նստիլ ու մտա­­ծել, որ սկսիմ Ճա­­պոնիա ու­­սումնա­­սիրել: Իրա­­կանին Ճա­­պոնիայի հան­­դէպ հե­­տաքրքրու­­թիւնը եկած է իմ հայ­­րի­­­կէն: Ան 90-ական­­նե­­­րուն հիմ­­նած եւ մօտ 10 տա­­րի ղե­­կավա­­րած է «Հա­­յաս­­տա­­­նի ար­­դիւնա­­բերող­­նե­­­րու եւ գոր­­ծա­­­րար­­նե­­­րու» միու­­թիւնը, ինչպէս նաեւ Հա­­յաս­­տան-Ճա­­պոնիա գոր­­ծա­­­րար յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու հիմ­­քին կանգնած է: Շատ հան­­դի­­­պումնե­­րուն եղած եմ ներ­­կայ որ­­պէս՝ ու­­սա­­­նող եւ որ­­պէս՝ ուղղա­­կի լսող: Շատ առնչո­­ւած եմ ճա­­պոնա­­ցինե­­րու հետ: Ակա­­մայ, հօրս այ­­ցե­­­լու­­թիւննե­­րէն Ճա­­պոնիա վա­­րակո­­ւած եմ այդ մշա­­կոյ­­թով: Իսկ՝ ին­­չու գի­­տական ոլորտ: Դար­­ձեալ հայ­­րի­­­կէս կու գայ, որով­­հե­­­տեւ հայրս գիտ­­նա­­­կան է՝ Ֆիզ­­մատ գի­­տու­­թիւննե­­րու դոկ­­տոր, ակա­­դեմի­­կոս, եւ կը կար­­ծեմ՝ ծի­­նային ինչ-որ մի բան կայ: Այնպէս ստա­­ցուած է, որ հայ­­րի­­­կիս ուղղու­­թիւնը կը շա­­րու­­նա­­­կեմ, եւ սի­­րով կ՚ընեմ այդ:

Խօ­­սեցաք գի­­տական գոր­­ծունէու­­թե­­­նէն: Ձեր ամե­­նամեծ ձեռքբե­­րու­­մը այդ հար­­թութիւննե­­րուն ո՞րը կը հա­­մարէք։

Ամե­­նամեծ ձեռքբե­­րու­­մը գի­­տական գոր­­ծունէու­­թեան մէջ երե­­ւի «Թո­­քէի Մա­­րու» ճա­­պոնա­­կան նա­­ւու թե­­ման կը հա­­մարեմ: Զմիւռնիայի մեծ հրդե­­հի ժա­­մանակ տե­­ղի նա­­ւահան­­գիստը խա­­րիս­­խած էր ճա­­պոնա­­կան նա­­ւը «Թո­­քէի Մա­­րու» անո­­ւանու­­մով՝ ի թիւս այլ նա­­ւերու: Ճա­­պոնա­­ցի նա­­ւապե­­տը խի­­զախած է՝ առանց փաս­­տաթղթե­­րու իր նա­­ւը վերցնե­­լով եւ փրկե­­լով բազ­­մա­­­թիւ հա­­յերու եւ յոյ­­նե­­­րու: Մեծ մար­­դա­­­սիրու­­թիւն է, երբ տախ­­տա­­­կամած աւե­­լի շատ մարդ վերցնե­­լու նպա­­տակով իր նա­­ւի բարձրար­­ժէք ու­­ղե­­­բեռը նե­­տած է ծո­­վը: Հե­­տազօ­­տու­­թիւննե­­րը դեռ չեն աւար­­տած. շատ կ՚ու­­զենք գտնել նա­­ւապե­­տի անու­­նը ու յետ­­նորդնե­­րը:

Գիտ­­նա­­­կան ըլ­­լա­­­լէ զատ՝ ման­­կա­­­վար­­ժա­­­կան գոր­­ծունէու­­թիւն կը ծա­­ւալէք: Ա՞յդ ալ ծի­­ներէն կու գայ։

Ես մօտ 11 տա­­րի կը դա­­սաւան­­դեմ Հա­­յաս­­տա­­­նի Պե­­տական Տնտե­­սագի­­տական Հա­­մալ­­սա­­­րանը, որ իմ մայր ԲՈՒՀ-ն է: Ման­­կա­­­վար­­ժութիւ­­նը աւե­­լի շատ փոր­­ձի ար­­դիւնք է: Շատ կը սի­­րեմ երի­­տասարդնե­­րու հետ շփո­­ւիլ: Կը գնա­­հատեմ, երբ երի­­տասարդնե­­րը կը ձգտին սոր­­վիլ: Օրի­­նակ «Ճա­­պոնա­­գիտու­­թիւն» առար­­կա­­­յի մա­­սին եթէ ըսեմ, ապա իրենց շատ հե­­տաքրքիր է ճա­­պոնա­­կան փոր­­ձը: Իսկ թէ ինչպի­­սի ման­­կա­­­վարժ եմ, երե­­ւի իմ սա­­ները կ՚ըսեն (կը ժպտի):

Ան­­նա, դուք նաեւ մար­­գա­­­րիտ­­նե­­­րու ու­­սումնա­­սիրու­­թեամբ կը զբա­­ղիք՝ գիրք կը գրէք այդ առ­­թիւ՝ «Մար­­գարտի հետ­­քե­­­րով... Հա­­յաս­­տա­­­նէն Ճա­­պոնիա» վեր­­նագրով: Մար­­գա­­­րիտ­­նե­­­րը ինչպէ՞ս ձեզ գրա­­ւեցին, եթէ մի կողմ թող­­նենք կին-զարդ յա­­րաբե­­րու­­թիւնը։

Եթէ ան­­կեղծ ըլ­­լամ՝ կրկին Ճա­­պոնիայով: Մար­­գա­­­րիտ­­նե­­­րու գրքին եւս կայ Ճա­­պոնիայի թե­­ման: Գի­­տէ՞ք Մա­­րի, երբ որ ես կը ճա­­նապար­­հորդեմ, պար­­տա­­­դիր կ՚այ­­ցե­­­լեմ գրա­­խանութներ եւ գրա­­դարան­­ներ: Ու անընդհատ կը փնտռեմ հայ ոս­­կե­­­գոր­­ծութեան ու ար­­ծա­­­թագոր­­ծութեան պատ­­մութեան մա­­սին գիր­­քեր: Մենք ու­­նինք մօտ 3-5 հա­­զար տա­­րուայ ոս­­կերչու­­թեան պատ­­մութիւն եւ չու­­նինք նոր­­մալ գիրք մը այդ մա­­սին: Իրա­­կանին՝ ես հէնց այդ գոր­­ծով կը զբա­­ղիմ՝ մօտ 7 տա­­րի է ար­­դէն հայ ոս­­կերչու­­թեան պատ­­մութեան մա­­սին կը գրեմ: Եւ շու­­տով գիր­­քը լոյս կը տես­­նէ: Ուղղա­­կի՝ մար­­գա­­­րիտ­­նե­­­րու մա­­սով հա­­տուա­­ծը այնքան հարստա­­ցաւ, որ անհրա­­ժեշ­­տութիւն եղաւ ան­­ջա­­­տել: Այդ թե­­ման ու­­ղիղ կապ ու­­նի Ճա­­պոնիայի հետ, որով­­հե­­­տեւ մար­­գա­­­րիտի բուծման գիւ­­տի բա­­ցայայ­­տո­­­ղը ճա­­պոնա­­ցի է: Ես կրկին կա­­պեցի մեր եր­­կիրնե­­րը իրար հետ: «Մար­­գա­­­րիտ­­նե­­­րու հետ­­քե­­­րով՝ Հա­­յաս­­տա­­­նէն Ճա­­պոնիա» վեր­­նա­­­գիրով գրքին ցոյց կու տամ՝ ինչպէս հա­­յու­­հի­­­ները օգ­­տա­­­գոր­­ծած են մար­­գա­­­րիտ­­նե­­­րը մեր տա­­րազա­­յին հա­­մալի­­րին: Երբ ամուսնուս հետ այ­­ցե­­­լեցինք ճա­­պոնա­­կան Մի­­կիմո­­տօ մար­­գարտի կղզի՝ այնտե­­ղէն գնե­­ցի գիր­­քեր, որ ինքնա­­թիռի մէջ ըն­­թերցեմ: Գիր­­քե­­­րէն մէ­­կուն ճա­­պոնա­­ցի յայտնի քա­­րերու մաս­­նա­­­գէտը կը նշէ, այն հան­­գա­­­ման­­քը, որ Պար­­սից ծո­­ցին կ՚առա­­ջանայ մար­­գարտա­­ծին ոստրէ­­ներ՝ հե­­տեւանք է Տիգ­­րիս եւ Եփ­­րատ գե­­տերու ջու­­րե­­­րու բա­­ղադ­­րութեան, որ կը թա­­փուի Պար­­սից ծոց: Հէնց այդտեղ սկսե­­ցին աշ­­խա­­­տիլ իմ սա­­սունցիական ծի­­ները, եւ կար­­դա­­­ցածս ան­­մի­­­ջապէս ինձ տա­­րաւ Տա­­րօն աշ­­խարհ՝ Մուշ, Սա­­սուն: Իմ մօտ միտ­­քեր յա­­ռաջա­­ցան՝ եթէ Տիգ­­րիս ու Եփ­­րատ գե­­տերու ջու­­րե­­­րու բա­­ղադ­­րութիւ­­նը կը նպաս­­տէ, որ Պար­­սից ծո­­ցը՝ իրենց թա­­փուե­­լու վայ­­րին ծո­­վային մար­­գա­­­րիտ կ՚առա­­ջանայ, ապա այդ գե­­տերուն ալ գե­­տային մար­­գա­­­րիտ կա­­րող է յա­­ռաջա­­նալ: Քան­­զի չէի կրնար ան­­ձամբ ու­­սումնա­­սիրել Տիգ­­րի­­­սի ու Եփ­­րա­­­տի ջրե­­րը, ուղղոր­­դո­­­ւեցի դէ­­պի մեր տա­­րազա­­յին հա­­մալիր: Պար­­զե­­­ցի, որ ամէն մի նա­­հանգ, գա­­ւառ ու­­նե­­­ցած է իր տա­­րազա­­յին առանձնա­­յատ­­կութիւ­­նը՝ բնակ­­լի­­­մայա­­կան պայ­­մաննե­­րէն ել­­նե­­­լով: Օրի­­նակ՝ գե­­տերուն մօտ եղած հա­­տուած­­նե­­­րուն, նոյն Տա­­րօն աշ­­խարհին՝ Տիգ­­րի­­­սի եւ Եփ­­րա­­­տի հա­­տուա­­ծին, հա­­յու­­հի­­­ները իրենց տա­­րազ­­նե­­­րուն աւե­­լացու­­ցած են մար­­գա­­­րիտ­­ներ: Եւ այս կը փաս­­տէ այն, որ Մու­­շի ու Սա­­սու­­նի հա­­յու­­հի­­­ներու մօտ մար­­գա­­­րիտ կրե­­լու մշա­­կոյ­­թը վա­­ղուց եղած է: Հե­­տաքրքիր է նաեւ այն, որ Իտա­­լիայի Ու­­ֆի­­­ցիի թան­­գա­­­րանին պահ­­պա­­­նուած է հայ թա­­գու­­հիի պատ­­կեր՝ ամ­­բողջու­­թեամբ մար­­գարտա­­զարդ տես­­քով: Ու քա­­նի որ եր­­կար ժա­­մանակ պատ­­մա­­­կան բաց մնա­­ցած էր՝ ես ցան­­կա­­­ցայ այն լրաց­­նել՝ դնե­­լով հա­­յու­­հի­­­ներու սե­­ղանին մար­­գա­­­րիտի մա­­սին գի­­տամատ­­չե­­­լի գիր­­քը:

Դուք ու­­նիք կնոջ վե­­րաբե­­րող բո­­լոր կա­­րեւոր յատ­­կութիւննե­­րը՝ մայր, քոյր, դուստր, կին, գոր­­ծա­­­րար, գիտ­­նա­­­կան, ման­­կա­­­վարժ…Ինչպէ՞ս կը հասցնէք։

Գի­­տէ՞ք՝ հայ կի­­նը ինչ-որ գերբնա­­կան ու­­ժով օժ­­տո­­­ւած է: Եթէ կը սի­­րես քու աշ­­խա­­­տան­­քը՝ տնա­­յին ըլ­­լայ թէ՝ գործնա­­կան, գի­­շերն ալ չես քնի ու կ՚ընես այն: Ես այդ տե­­սած եմ իմ տա­­տիկ­­նե­­­րու ու իմ մայ­­րի­­­կի մէջ: Իրա­­կանին հայ կի­­նը պայ­­քա­­­րող տե­­սակ է: Ես այդպէս կը տես­­նեմ:

Ի՞նչ կը մաղ­­թէք «Ակօս»-ի ըն­­թերցո­­ղին։

Շատ կը ցան­­կա­­­նամ որ մենք՝ աշ­­խարհի տար­­բեր ծայ­­րե­­­րուն գտնո­­ւող հա­­յերով միահա­­մուռ ըլ­­լանք, միասին միեւ­­նոյն ուղղու­­թեամբ մտա­­ծենք, յա­­նուն մեր պե­­տակա­­նու­­թեան եւ պե­­տու­­թեան: Շատ կ՚ու­­զեմ նաեւ, որ դուրսը չմո­­ռանան իրենց հայ ըլ­­լա­­­լու եւ ար­­մատնե­­րու մա­­սին: Հայ­­րե­­­նաճա­­նաչու­­թիւնը կը բե­­րէ հայ­­րե­­­նասի­­րու­­թեան: Իսկ եթէ հայ­­րե­­­նաճա­­նաչ չըլ­­լանք՝ հայ­­րե­­­նասէր ալ չենք ըլ­­լար: Գի­­տէք՝ հայ ըլ­­լա­­­լը մե­­ծագոյն բախտ է, ես այդպէս կը կարծեմ:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ