Թուրքիոյ մէջ երկարապատում առեղծուած մըն է Յունաց Տիեզերական Պատրիարքի կոչումը։ Երկրի կառավարութիւնները ընդմիշտ անհանգիստ եղած են Յունաց Պատրիարքին շնորհուած «տիեզերական» կոչումէն։ Սիրած են պնդել թէ ան Ֆաթիհի գաւառապետին ենթակայ հոգեւոր կառոյց մըն է եւ այդքանը միայն։ Բայց միջազգային գետնի վրայ Յունաց Տիեզերական Պատրիարքը կը վայելէ շատ աւելի բարձր պատիւ եւ կ՚ընդունուի պետական ամենաբարձր մակարդակով։
Այս պատկերը կրկնուեցաւ, երբ Յունաց Տիեզերական Պատրիարքը մասնակցեցաւ 15-16 Յունիս թուականներուն Ուկրաինայի խաղաղութեան հեռանկարով գումարուած միջազգային ժողովին։
Թուրքիոյ մէջ գրաւոր մամուլի սիւնակներուն վրայ անգամ մը եւս հնչեց անհանդուրժողական ելոյթներ։ Ոմանք իբրեւ նուաստացում կրկին անգամ յիշեցուցին թէ ան ենթակայ է Ֆաթիհի գաւառապետին եւ երբեւիցէ իրաւունք չունի միջազգային պայմանագրի մը տակ ստորագրելու, մանաւանդ ալ «Տիեզերական Պատրիարք» կոչումը գործածելով։
Նախ նշենք որ պատրիարքներու կոչումները կը սահմանուին ո՛չ թէ պետութիւններու նախասիրութեամբ, այլ համաշխարհային եկեղեցիներու դարաւոր անցեալ ունեցող աւանդութիւններու հիման վրայ։
Ճիշդ է որ պետութիւններ իրաւասու են իրենց երկրի սահմաններէ ներս գործող բոլոր կառոյցներու աշխատանքը երաշխաւորելու կամ ալ արգիլելու ընթացքին մէջ։
Արդարեւ ասորիներու, Անտիոքի եւ շրջակայքի ուղղափառներու կամ քաղդէացիներու հոգեւոր առաջնորդութիւնները վտարուած են երկրէն Ա. Համաշխարհային պատերազմին յաջորդող տարիներուն։ Իսկ մնացողները յունաց կամ հայոց պատրիարքարանները մինչեւ օրս զուրկ են իրաւական հանգամանքով մը ներկայանալէ։
Ամէն անգամուն որ օրակարգի կու գայ պատրիարքական ընտրութիւնը, Նախարարած խորհուրդը այդ արտօնութիւնը կը շնորհէ «Միայն մէկ անգամ» սահմանափակումով։ Չարտօներ որ սովորական գործընթացի մը վերածուի պատրիարքի ընտրութիւնը։ Այսպէսով պետութիւնը ընդմիշտ իր վրայ կը պահէ ընտրութեան թոյլտւութեան կամ արգելք ըլլալու առիթը։ Երկրի հայ համայնքը դժբախտաբար մատնուեցաւ այդ կամայական որոշումներուն եւ պետութեան ցանկութեան համապատասխան կերպով սահմանափակեց հաւանական թեկնածուները ամբողջ ժողովուրդի մը պարտադրելով չարեաց փոքրագոյնը ընտրել։
Այդ պարտադրանքին յօժարիլը ինքնին պատուազրկութիւն մըն էր ամբողջ համայնքի մը համար, բայց յիշենք այդ օրերը, իբրեւ թէ ողջամիտ մտածում թէ կարգադիր յանձնախումբը, թէ թաղականներ կամ հոգաբարձուներու փաղանգը դիւրաւ համակերպեցան պարտադրանքին վախենալով թէ չըլլայ որ քանի մը տարի եւս առանց պատրիարքի մնանք։
Ինչ լաւ է որ Տիեզերական Պատրիարքը քաջութիւնը ունի այս տեսակի սպառնալիքներու դիմաց անշեղ մնալով իր ժողովուրդի կամքի երաշխաւորը դառնալու։
Ամօթով կը յիշենք նաեւ թէ անցեալին մեր այդքան սիրելի Մեսրոպ Բ. Պատրիարքն իսկ պետութեան հաճելի թուելու մարմաջով յայտարարած էր թէ հայերը եւս չեն ճանչնար Յունաց Պատրիարքի «տիեզերական» կոչումը։
Այդ օրէն ետք նոյնիսկ կարգ մը մամուլ խուսափեցան այդ տիտղոսը գործածելէ, չհակասելու համար Պատրիարքական Աթոռի կողմնորոշման։
Պետութիւնը ունի իր կամքը պարտադրելու կարողութիւնը։ Զատ բան է թէ նման պարտադրանք երկրին նպաստ կը բերէ, թէ վնա՞ս։
pakrates@yahoo.com