ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Փոս

Ազգը փո­­սի մէջ

Փո­­սավա­­խու­­թիւն(*) մը ու­­նիմ այն օրէն սկսեալ, երբ աշա­­կեր­­տա­­­կան տա­­րինե­­րուն սոր­­վեր էինք, թէ մեր սի­­րած բա­­նաս­­տեղծը 36 տա­­րեկա­­նին ին­­կեր եւ մա­­հացեր է քա­­ղաքա­­պետա­­րանի բա­­ցած փո­­սին մէջ։ Փո­­սը եւ փո­­սերը լեց­­նե­­­լու աշ­­խա­­­տան­­քը չա­­ւար­­տող հարց է։ Իսկ Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ կա­­ռավա­­րական ասու­­լիսնե­­րու տաք նիւ­­թե­­­րէն մէկն է ան. «Այս տա­­րի փո­­սերի ծա­­ւալն ահ­­ռե­­­լի է», տե­­ղեկա­­ցուց պատ­­գա­­­մաւո­­րը, «Փո­­սալ­­ցում անե­­լուց… որակ ա պէտք», պա­­տուի­­րեց վար­­չա­­­պետը։ Ահ­­ռե­­­լի է, իս­­կա­­­պէս, որ ինքնա­­շարժ մը, - կամ բա­­նաս­­տեղծ մը -, փո­­սազ­­րաւ(*) դառ­­նայ։ Իսկ ի՞նչ ընել, կամ ի՞նչ ըսել, երբ ամ­­բողջ եր­­կիր մը ին­­կած է՝ փո­­սի մէջ։ Հայ­­րե­­­նի մա­­մու­­լի մէջ ամի­­սէ մը ի վեր ահա­­զան­­գող խո­­րագի­­րեր լոյս կը տես­­նեն. «Այ­­սօր մեզ այս մեծ փո­­սից հա­­նող է պէտք», «Փո­­սից դուրս գա­­լը հնա­­րաւոր է»։ Գի­­շերա­­յին այս ժա­­մուն, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, փառք տա­­լով որ առանց քա­­ղաքա­­պետա­­րանի յօ­­րինած փո­­սի մէջ իյ­­նա­­­լու տուն հա­­սած ենք ինքս եւ ինքնա­­շարժս, որո­­շեցի հայ­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թեան խո­­շոր փո­­սի յա­­տակը իջ­­նել, զգու­­շութեամբ ան­­շուշտ, եւ դուրս հա­­նել այն բո­­լոր գե­­ղեցիկ կտոր­­նե­­­րը, որոնք դա­­րեր շա­­րու­­նակ, մու­­թի մէջ մնա­­ցեր են։ Յու­­սամ այ­­սօր ին­­ծի կը յա­­ջողի ըն­­տիր գիւ­­տեր կա­­տարել եւ աւար­­տին ապա­­հով դուրս ել­­լել այդ փո­­սէն։

Փե­­տու­­րով փոս փո­­րեցինք

412 թո­­ւակա­­նին Վա­­ղար­­շա­­­պատի մէջ աշ­­խոյժ աշ­­խա­­­տանք կար. լե­­զուա­­գէտ այ­­րեր գրիչ­­նե­­­րով, փե­­տուրնե­­րով վանկ առ վանկ, բառ առ բառ սկսան փո­­րել «փոս» բա­­ռի փո­­սը։ Աշ­­խա­­­տան­­քի ար­­մա­­­տը յու­­նա­­­կան էր։ Իրօք, հայ­­կա­­­կան «փոս» բա­­ռը եկած է բիւ­­զանդա­­կան շրջա­­նի նոյ­­նի­­­մաստ φόσσα (ֆոս­­սա) բա­­ռէն, որուն ար­­մա­­­տը լա­­տինա­­կան fossa գո­­յականն է։ Հայ­­կա­­­կան «փոս»ի մէջ այժմ կան բարդ բա­­ռեր, դար­­ձո­­­ւածքներ եւ ար­­տա­­­յայ­­տութիւններ։ Հին օրե­­րուն հա­­յոց ար­­քա­­­ներու հիմ­­նա­­­կան գործն էր քա­­ղաքի պաշտպա­­նու­­թեան հա­­մար «փոս հա­­տանել քա­­ղաքին», այ­­սինքն պաշտպա­­նական փո­­սով շրջա­­պատել քա­­ղաքա­­մայ­­րը։ Նոյն փո­­սի մէջ ես գտայ աս­­դին-ան­­դին ցրո­­ւած, քիչ մը ժան­­գո­­­տած բարդ բա­­ռեր.- անդնդնա­­փոս, դա­­րափոս, փո­­սահերձ, փո­­սացու­­ցա­­­նեմ։ Վեր­­ջին ան­­գամ Ագա­­թան­­գե­­­ղոսը եւ Եղի­­շէն գոր­­ծա­­­ծեր են զա­­նոնք. «Բա­­ժան» զաշ­­խարհս սահ­­մա­­­նադ­­րութեամբ՝ փոս գոր­­ծե­­­լով», «Փո­­սահերձ փո­­ղոցա­­ձեւ ճա­­նապարհ», «Ան­­մա­­­քուր ձե­­ռօք սկսա­­նէր փո­­սել»։ Այ­­սօր ու­­նինք բա­­ռեր, հինգ հատ են անոնք, որոնք աւե­­լի գոր­­ծա­­­ծական են. փո­­սաթա­­կարդ, փո­­սախոր, ջրա­­փոս, գե­­րեզ­­մա­­­նափոս, ինչպէս նաեւ ժպտա­­դէմ ման­­կիկնե­­րու այ­­տե­­­րուն վրայ յայտնո­­ւող սի­­րու­­նա­­­տես եւ կարմրիկ «փո­­սիկը»։ Իսկ եթէ ժպի՞տ կ’ու­­զէք, ու­­րեմն գոր­­ծա­­­ծեցէք հե­­տեւեալ ասոյ­­թը. «Մեր տու­­նը փոս է, ինչքան խե­­լառ կայ՝ հոս է»։

Գրա­­կան փո­­սիկ­­ներ

Հայ­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թեան մէջ, 19-րդ դա­­րուն յատ­­կա­­­պէս, «փոս» բա­­ռը մութ էր, խա­­ւարա­­տես, տրտում, կա­­րելի է ըսել՝ մա­­հաշունչ։ Հայ քեր­­թո­­­ղը յու­­զիչ տո­­ղերով հա­­ռաչեց, թէ ին­­քը կամ իր սի­­րածը ին­­կած է մա­­հուան փո­­սի գիր­­կը։ Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, այդ բա­­նաս­­տեղծու­­թիւննե­­րու մէջ դուք օգ­­նութիւն խնդրող ան­­յոյս աղա­­ղակ­­ներ կը լսէք։ Ահա Պետ­­րոս Դու­­րեանը, որ «Սեւ, սեւ» բա­­նաս­­տեղծու­­թեան մէջ ըն­­կե­­­րու­­հիի մա­­հուան կը ցա­­ւի. «Ու­­նէի ես իմ սի­­րու­­հին… / Հրեշ­­տակ մ՚էր նէ, հրեշ­­տակ ան­­թեւ… / Սեւ երազ մը օր մը դող­­դոջ / Մղեց զիս սեւ փո­­սի մ՚առ­­ջին… / Աւա՜ղ, նե­­րա վարդքն ու աստղերն / Լուռ պի­­տի տար կուլ այն սեւ փոս»։ Դա­­նիէլ Վա­­րու­­ժա­­­նը մե­­զի նկա­­րագ­­րեց հարճ Նա­­զենի­­կի գե­­րեզ­­մա­­­նը. «Բար­­տի մը կար հի­­նաւուրց… / Ու Տրդա­­տի հրա­­մանով անոր բու­­նին ճիշդ ներ­­քեւ / Միահա­­մուռ փո­­րեցին Նա­­զենի­­կի փո­­սը սեւ»։ Մատ­­թէոս Զա­­րիֆեանը յու­­սա­­­հատ որ­­բուհիի մը նա­­մակը գրի առաւ «Զիս կա­­լանող բօ­­րէնին փոսս ար­­դէն փո­­րեր է»։ Ար­­տա­­­շէս Յա­­րու­­թիւնեանը տար­­բեր նկա­­րագիր ու­­նէր։ Ան, հա­­կառակ բո­­լոր ցա­­ւերու, որո­­շեց յա­­մառօ­­րէն դուրս ել­­լել կեան­­քի փո­­սէն. «Քա­­րուտ ճամ­­բէն, յի­­մա՚րօ­­րէն, փո­­սէ փոս, / Կը փոր­­ձեմ դեռ ես մագլցիլ յամր, ան­­խօս»։ Օր մը, ժպի­­տը վե­­րադար­­ձաւ հա­­յու դէմ­­քին։ Նախ Յով­­հաննէս Շի­­րազը նկա­­տեց զայն. «Ինչ լաւ՝ այ­­տա­­­փոսիկ ու­­նես՝ / Երբ ժպտում ես՝ ի՜նչ լաւ»։ 60-ական­­նե­­­րու լա­­ւատե­­սու­­թեան մէջ Ռա­­ֆայէլ Արա­­մեանը հիացաւ գե­­ղեց­­կուհիի մը ժպի­­տին. «Այ­­տա­­­փոսիկ­­նե­­­րի մէջ կու­­տակւում է մի քաղցր ու խո­­րամանկ ժպիտ»։

«Փէօս» մի փո­­րեր

Իմաս­­տուն ռա­­միկը քով քո­­վի դրաւ «փոս» եւ «փո­­րել» բա­­ռերը՝ շի­­նեց խրա­­տական դար­­ձո­­­ւածք մը. «Փոս փո­­րողն ին­­քը փո­­սի մէջ կ՚իյ­­նայ»։ Ժո­­ղովրդա­­կան առակ­­նե­­­րու բա­­նահա­­ւաք Վա­­հան վրդ. Պար­­տի­­­զակ­­ցին ալ զայն վե­­րածեց քա­­ռեակի.

Թէ ու­­րի­­­շին փոս կը փո­­րես,

Նա­­յէ որ շատ կը խո­­րես

Որ երբ մէ­­ջը գի­­լորո­­ւիս,

Ողջ մնաս, ողջ դուրս ել­­նես։

Ան­­շուշտ, թէ ամէն գա­­ւառ ու­­նէր ի՚ր «փո­­սը»,- բար­­բա­­­ռային տար­­բե­­­րակ­­նե­­­րը նկա­­տի ու­­նիմ։ Տիգ­­րա­­­նակեր­­տի մէջ փո­­րեցին «փուս», Զէյ­­թունի եւ Մու­­սա Լե­­րան վրայ՝ «փիւս», իսկ Սե­­բաս­­տիոյ եւ Համ­­շէ­­­նի մէջ՝ «փէօս»։ Բառս ճամ­­բորդեց հիւ­­սիս, Վրաս­­տան, եւ դար­­ձաւ ფოსო, «փո­­սո»։ Բա­­նահա­­ւաք մեր այ­­րե­­­րը նաեւ ար­­ձա­­­նագ­­րե­­­ցին հա­­զուա­­գիտ ածա­­կան մը «խեռ­­նոտ», որ պար­­զա­­­պէս կը նշա­­նակէ «փոս ծոծ­­րակ ու­­նե­­­ցող»։

Փո­­սի բնա­­կիչ­­նե­­­րը

Փո­­սառատ(*) լեռ­­նաշխար­­հիս մէջ զար­­մա­­­նալի չէր «փոս» բա­­ռին որ­­պէս տե­­ղանուն հան­­դի­­­պիլ։ Երե­­ւակա­­յական եւ յե­­տահա­­յեաց թռիչք մը կա­­տարե­­ցէք եւ դուք պի­­տի տես­­նէք «Փոս» վան­­քը Կի­­լիկիոյ մէջ, «Փո­­սավանք» գիւ­­ղը Մոկ­­քի մէջ, «Փո­­սիկ» գե­­տակը Ճո­­րոխի աւա­­զանին, Կար­­սի «Փո­­սիկ» գիւ­­ղը եւ Տէր­­սի­­­մի «Փո­­սիվանք» գիւ­­ղը։ Իսկ, ի՞նչ է հնա­­գոյն ժա­­մանակ­­նե­­­րէ ի վեր հայ­­կա­­­կան մա­­տենագ­­րութեան մէջ յի­­շուած «Դրունք Փո­­սից» կո­­չուա­­ծը։ Ագա­­թան­­գե­­­ղոսը կը պատ­­մէ. «Հա­­յոց Խոս­­րով Մեծ թա­­գաւո­­րին դա­­ւադ­­րութեամբ սպա­­նել տա­­լով Պար­­թեւ Անա­­կի ձեռ­­քով Ար­­տա­­­շիրը գրա­­ւեց Հա­­յոց եր­­կի­­­րը եւ անոր հրա­­մանով Վիհս փո­­սացու­­ցեալ՝ սահ­­մանս հաս­­տա­­­տէին եւ տեղ­­ւոյն անուն եդեալ Դրունս Փո­­սից», այ­­սինքն՝ փո­­սերու դու­­ռեր, որ ծա­­նօթ է նաեւ «Փո­­սադուռն» անու­­նով։ Ան լեռ­­նանցք է։ Ըստ 7-րդ դա­­րուն կազ­­մո­­­ւած «Մղո­­նաչափ» ցու­­ցա­­­կի, ան կը գտնո­­ւի Մեծ եւ Փոքր Հայք նա­­հանգնե­­րու սահ­­մա­­­նագի­­ծին վրայ, Գայլ Գե­­տի (Քէլ­­քիտ) ակունքին, Կա­­րինէն Կո­­լոնիա (Շա­­պին Գա­­րահի­­սարի մօտ) տա­­նող ճա­­նապար­­հի վրայ։ Այդ բո­­լորէն մնաց միայն «Փո­­սեր» կո­­չուած տե­­ղը, ուր վեր­­ջերս ահ­­ռե­­­լի հրդեհ մը պա­­տահե­­ցաւ. «Ժա­­մը 15։02-ին տե­­ղեկու­­թիւն է ստա­­ցուել, որ Արա­­գածոտ­­նի մար­­զի Կար­­բի գիւ­­ղի «Փո­­սեր» կո­­չուող հան­­դա­­­մասում այրւում է եղէգ­­նուտ։ Դէպ­­քի վայր է մեկ­­նել մէկ մար­­տա­­­կան հա­­շուարկ։ Հրդե­­հը մե­­կու­­սա­­­ցուել է ժա­­մը 15։36-ին, մա­­րուել՝ 15։43-ին։ Այ­­րո­­­ւել է մօտ 2000 քմ մա­­կերե­­սով եղէգ­­նուտ»։

Եր­­գող փո­­սը

Կաս­­կած չու­­նիմ, թէ հա­­զուա­­գիւտ կտոր­­ներ դուրս հա­­նեցինք հայ­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թեան եւ պատ­­մութեան խոր-խոր փո­­սերէն դուրս։ Իսկ այժմ վե­­րադառ­­նանք մեր առօ­­րեային։ Մինչ Երե­­ւան մայ­­րա­­­քաղա­­քի մէջ «քա­­ղաքա­­պետա­­րանը խոս­­տա­­­նում է աւե­­լի որա­­կեալ փո­­սալ­­ցում», ա՚զգը ինչ կրնայ ընել, երբ փո­­սի մէջ յայտնո­­ւած է։ Մա­­մու­­լի մէջ լոյս տե­­սած այ­­լե­­­ւայլ կար­­ծիքնե­­րով փոր­­ձենք իմաս­­տուն ելք գտնել. «Կա­­նայք պէտք է մեր եր­­կի­­­րը հա­­նեն փո­­սից», «Դու ինքդ պի­­տի հա­­նես քեզ փո­­սից»։ Իսկ մէկ այլ հայ­­րե­­­նակից մատ­­նանշե­­լով Խոր Վի­­րապը, տո­­ւաւ հե­­տեւեալ առա­­ջար­­կը. «Ես հա­­ւատում եմ որ մեր վե­­րել­­քը պէտք է սկսի այս խո­­րը, խո­­րը փո­­սից։ Այս փո­­սից սկսո­­ւել է հա­­յոց վե­­րել­­քը»։ Այժմ դուք կը մտա­­ծէք, թէ ո՚րն է ճիշդ ճա­­նապար­­տը, իսկ ես յօ­­դուածս կը փա­­փաքիմ աւար­­տել Սպի­­րիդոն Մե­­լիքեանի ձայ­­նագրած եր­­գով, ուր փո­­սը լե­­ցուեր է կեն­­սուրախ եղա­­նակով.

Ձունն էկել է հա­­լել է,

Ալ մին­­թա­­­նես, մին­­թա­­­նես,

Փոսն ա լցո­­ւել սա­­ռել է,

Ալ մին­­թա­­­նէս, մին­­թա­­­նէս։

(*) «Փո­­սավա­­խու­­թիւն», «Փո­­սազ­­րաւ» եւ «Փո­­սառատ» բա­­ռերը գո­­յու­­թիւն չու­­նին։ Անոնք պէտք էին յօ­­դուա­­ծիս հա­­մար։ Հնա­­րեցի։ Յու­­սամ ան­­գամ մը եւս պէտք չենք ու­նե­նար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ