ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ցեղասպանութիւն

«Ակօս»ի այս հա­­մարին մէջ տեղ կու տանք Աթ­­թի­­­լա Թույկա­­նի մէկ յօ­­դուա­­ծին, որ նիւթ կ՚ու­­նե­­­նայ «ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւն» եզ­­րի հնա­­րիչ Հրեայ ծա­­գու­­մով իրա­­ւագէտ Ռա­­ֆայէլ Լեմ­­քի­­­նի տա­­րած գա­­ղափա­­րական մեծ պայ­­քա­­­րը։

Զու­­գա­­­դիպու­­թիւն էր թէ 11 Յու­­լիս 1995 թո­­ւակա­­նը հետզհե­­տէ խորհրդան­­շա­­­կան դար­­ձած է Սրեպ­­րե­­­նիցա­­յի եւ­­րո­­­պացի մահ­­մէ­­­տական­­նե­­­րու ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան։ Նախ­­կին Եու­­կոսլա­­ւիոյ դաշ­­նակցա­­յին պե­­տու­­թեան տա­­րան­­ջա­­­տու­­մէն ետք Եւ­­րո­­­պայի կեդ­­րո­­­նին ծա­­գած էր ազ­­գա­­­միջեան վայ­­րագ պա­­տերազմ մը։ Նա­­խապէս որոշ հա­­մերաշ­­խութեան մէջ միաս­­նա­­­բար ապ­­րող ժո­­ղովուրդներ չէին վա­­րանած Թիզ մը աւե­­լի հող նո­­ւաճե­­լու հա­­մար իրա­­րու արիւ­­նը թա­­փելէ։ Այդ թո­­հու­­բո­­­հի մէջ սեր­­պիացի­­ներու ազ­­գայնա­­կան դրդու­­մով ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան մատ­­նո­­­ւեցան 8000 պոս­­նեացի խա­­ղաղ բնա­­կիչ­­ներ։ Գի­­տեմ թէ շա­­տեր եղե­­լու­­թիւն մը ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւն կո­­չելու հա­­մար կ՚օգ­­տա­­­գոր­­ծեն շատ տար­­բեր չա­­փանիշ­­ներ։ Կրնան գտնո­­ւիլ մար­­դիկ որոնք ուս թօ­­թուեն 8000 կամ 5000-ի նման թի­­ւերուն դի­­մաց, հա­­մոզո­­ւելով թէ ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւն եզ­­րը գոր­­ծա­­­ծելու հա­­մար շատ աւե­­լի մեծ թի­­ւեր պէտք է։

Սխալ է ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւնը զո­­հերու թի­­ւով չա­­փելը։ Եթէ այդ ոճի­­րի պատ­­ճա­­­ռը ոչ թէ ան­­հա­­­տական թշնա­­մանք, այլ պար­­զա­­­պէս ցե­­ղի մը, ազ­­գի մը, հա­­ւատ­­քի մը կամ սե­­ռային տար­­բեր հա­­կու­­մի մը պատ­­կա­­­նելու­­թիւնն է, զո­­հուա­­ծը նոյ­­նիսկ մէկ կամ եր­­կու անձ ըլ­­լան, կա­­տարո­­ւածը ցե­­ղասա­­նու­­թիւն է։

Ինչ կայ որ ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան են­­թարկո­­ւած­­նե­­­րը միշտ կ՚ու­­զեն իրենց դէմ կա­­տարո­­ւածը եզա­­կի հա­­մարել։ Թե­­րեւս տա­­րօրի­­նակ պի­­տի հնչէ բայց նոյ­­նիսկ կը նա­­խան­­ձին իրենց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւնը ու­­րիշնե­­րու հետ ցա­­ւակ­­ցե­­­լէ։ Պահ­­պա­­­նողա­­կան հրեանե­­րու հա­­մար Հո­­լոքոս­­տը ան­­նա­­­խադէպ է։ Աշ­­խարհի վրայ միայն իրենք են­­թարկո­­ւած են ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան։ Նման կեր­­պով մտա­­ծող հա­­յու ալ հան­­դի­­­պիլ կա­­րելի է։ Բայց խնդի­­րը իբ­­րեւ իրո­­ղու­­թիւն հա­­սակով մէկ կանգնած է մեր դի­­մաց եւ կը սպառ­­նայ ամե­­նաանսպա­­սելի պա­­հուն, ամե­­նաանսպա­­սելի վայ­­րի մէջ իր վայ­­րագ դի­­մագի­­ծը պար­­զե­­­լու հա­­մար։ Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան գոր­­ծադրու­­թե­­­նէն հա­­զիւ հինգ տա­­րի առաջ ոչ հա­­յեր պի­­տի հա­­ւատա­­յին, ոչ հրեաներ եւ ոչ ալ պոս­­նիացի­­ներ, որ նման բան կրնայ պա­­տահիլ իրենց գլխուն։ Կը յի­­շենք Ար­­ցա­­­խեան պա­­տերազ­­մի նա­­խօրէին Պա­­քուի ջար­­դե­­­րէն մա­­զապուրծ փրկո­­ւած հա­­յուն խօս­­քե­­­րը. «Միտ­­քովս իսկ չէր անցներ թէ Խորհրդա­­յին երկրի մէջ նման բան կ՚ըլ­­լայ»։

Կար­­ծես թէ բա­­րին ու չա­­րը հա­­ւասար հա­­մեմա­­տու­­թիւնով մաս կը կազ­­մեն մար­­դու էու­­թեան մէջ։ Անոնցմէ մէ­­կը զսպող, իսկ միւ­­սը ազատ ար­­ձա­­­կողը կրթու­­թիւնն է պար­­զա­­­պէս։ Կրթու­­թիւն որ կ՚ըսեմ պէտք է իմա­­նալ թէ այդ մէ­­կը որ­­քան որ չա­­րը զսպե­­լու կա­­րողու­­թիւն ու­­նի, նոյնքան կա­­րող է նաեւ խիղ­­ճը, բա­­րոյա­­կան ար­­ժա­­­նիք­­նե­­­րը ու­­րա­­­նալու կամ մեր­­ժե­­­լու։ Նշենք թէ բո­­լոր ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւննե­­րու ետին զար­­գա­­­ցած, ու­­սում առած միտ­­քեր եղած են։ Ու­­րեմն պէտք է որո­­նել ու­­սումէն աւե­­լի հզօր ազ­­դակներ։ Այդ պա­­հուն ցա­­ւով կ՚անդրա­­դառ­­նանք որ ամե­­նահիմ­­նա­­­կան դաս­­տիարա­­կու­­թիւնը կը ձե­­ւաւո­­րուի ըն­­տա­­­նեկան յար­­կի տակ, յատ­­կա­­­պէս մայ­­րա­­­կան թե­­լադ­­րանքով։ Բա­­ցառու­­թիւններ որո­­նելով թե­­րեւս գտնո­­ւի նաեւ չա­­րիք սեր­­մա­­­նող մայ­­րա­­­կան խրատ։

Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւն կամ էդ­­նիկ զտման քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը չար միտ­­քե­­­րու հե­­տեւանքներն են, որոնց դէմ կը կա­­րօտինք յա­­մառ պայ­­քա­­րի։

pakrates@yahoo.com

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ