ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ողջոյն Տեմիրթաշի վճռակամ կամքին

Վերջա­պէս աւար­տե­ցաւ մեծ ակնկա­լու­թիւննե­րով սպա­սուած խորհրդար­նի ու նա­խագա­հական ընտրու­թիւննե­րը։ Աւար­տին գո­յացած ար­դիւնքնե­րը շա­տերուն հա­մար հիաս­թա­փու­թեան պատ­ճառ դար­ձան։

Յաղ­թա­նակը յստա­կանա­լէ ետք նա­խագահ Էր­տո­ղան մայ­րա­քաղաք­տի իր պա­լատի պատշգա­մէն ատե­լու­թեան պատ­գամնե­րով լե­ցուն ճառ մը ար­տա­սանեց, որ մեծ ոգե­ւորու­թեամբ լսո­ւեցաւ իր հա­մակիր­նե­րուն կող­մէ։ Անոնք երբ կը լսէին Սե­լահատ­տին Տե­միր­թա­շի անու­նը, միաբե­րան կը վան­կարկէին. «կա-խա-ղան» գո­ռալով։

Այս լսող Տե­միր­թաշ յա­ջորդ օր «Թո­ւիթը­րեան» գրա­ռու­մով մը պա­տաս­խա­նեց հե­տեւեալ կեր­պով. «Տա­րեց թա­գաւո­րը խար­դա­խուած ու կեղծ յաղ­թա­նակով մը հար­բած, փար­թամ պա­լատի պատ­գա­մէն կո­կոր­դը պատ­րե­լու գնով կը շա­րու­նա­կէ զրպար­տութիւն, սպառ­նա­լիք եւ անար­գանքնե­րով լե­ցուն իր ելոյ­թը։ Ներ­քե­ւը այդ հար­բա­ծու­թիւնով տա­րուած լին­չի խմբա­կը կ՚աղա­ղակեն կա­խաղան գո­ռալով։

Պատ­մածս կը պա­տահի ոչ թէ եր­բեմնի Ֆրան­սա­յի, այլ 2023-ի Ան­գա­րայի մէջ։ -Դուք իմ բաճ­կոնս իսկ չէք կրնար կա­խել-պի­տի ըսեմ, բայց այս ան­գամ ձեր մա­կար­դա­կեն բարձր է։ Ու­րեմն խոս­տա­նամ միայն մէկ բան։ Ես՝ որ թոռն եմ Երու­սա­ղէմը ար­շա­ւած քիւրտ զօ­րավար Սե­լահատ­տին Էյ­յուպիի եւ կը կրեմ իր անու­նը, երբ օրը հաս­նի ար­դար պի­տի վա­րուիմ բո­լորիդ դի­մաց»։

Կաս­կած չկայ որ Տե­միր­թաշ Թուրքիոյ պատ­մութեան մէջ ան­զուգա­կան քա­ղաքա­կան գոր­ծի­չի մը կեր­պա­րը պար­զած է։ Իր ան­հա­տական հե­ղինա­կու­թեամբ ան կա­տարեալ առաջ­նորդ մըն է, որ յա­ջողած է ամե­նաթէժ պայ­մաննե­րու տակ իսկ ազ­դել զան­գո­ւած­նե­րու գի­տակ­ցութեան։ Նոյ­նիսկ բան­տի ճա­ղերու ետին ազա­տազրկո­ւած ըլ­լայ, փաս­տա­բան­նե­րուն մի­ջոցաւ յա­ջողե­ցաւ իր խօս­քը ուղղել ժո­ղովուրդի լայն զան­գո­ւածի մը, որ ու­շիու­շով կը հե­տեւէր իր առաջ­նորդի պատ­գամնե­րուն։

Այսքա­նը իսկ բա­ւական է բա­ցատ­րե­լու հա­մար իշ­խա­նու­թեան անոր դէմ սնու­ցած ոխե­րիմ թշնա­մու­թիւնը։ Ար­դա­րեւ Նա­խագահ Էր­տո­ղան իր ելոյ­թին մէջ ան­գամ մը եւս նշեց թէ եր­բեք պի­տի չ՚ար­տօ­նէ Տե­միր­թա­շի ազատ ար­ձակման։

Իսկ ի՞նչ է անոր բան­տարկու­թեան պատ­ճառ դար­ձած մե­ղադ­րանքը։ Էր­տո­ղանի հա­մաձայն ան պա­տաս­խա­նատու է 51 քա­ղաքա­ցինե­րու մա­հուան պատ­ճառ դար­ձած ցոյ­ցե­րէն։ Մինչդեռ յի­շենք՝ այդ ցոյ­ցե­րու պատ­ճա­ռը նոյն ինքն Նա­խագահ Էր­տո­ղանն է։ Իս­լամ Պե­տու­թեան ահա­բեկիչ­նե­րու պա­շար­ման դէմ դի­մակա­յող Քո­պանիին ակ­նարկե­լով «Ահա Քո­պանին ալ իյ­նա­լու վրայ է» ըսած էր եւ այդ խօս­քով ալ պոռթկու­մի պատ­ճառ դար­ձած։

Նոյ­նիսկ իշ­խա­նու­թեան են­թարկուած դա­տարա­նը չի կա­րողա­ցաւ այս մե­ղադ­րանքով որե­ւէ պա­տիժ սահ­մա­նելու։ Տե­միր­թա­շի դէմ ներ­կա­յացո­ւած բո­լոր պնդումնե­րը եւ մե­ղադ­րանքնե­րը ան­հիմն մնա­ցին։ Ան մե­ղադ­րո­ւեցաւ իր քա­ղաքա­կան ճա­ռերուն պատ­ճա­ռաւ, որոնք իրա­կանու­թեան մէջ պէտք էր մնա­յին երես­փո­խանա­կան ան­ձեռնմխե­լիու­թեան սահ­մաննե­րուն մէջ։ Այս գնա­հատե­լով է, որ ԵՄԻԱ յստա­կօրէն պա­հան­ջեց անոր ան­պարտ հռչա­կու­մը եւ ազատ ար­ձա­կու­մը։ Էր­տո­ղանի իշ­խա­նու­թիւնը այդ պա­հուն ալ ոտ­նա­կոխեց իր կա­ռավա­րու­թեան հաս­տա­տած երաշ­խի­քը եւ ան­տե­սեց Եւ­րո­պական դա­տարա­նի վճի­ռը։

Այս պա­հուն Տե­միր­թա­շի գոր­ծօն քա­ղաքա­կանու­թե­նէ հրա­ժար­ման յայ­տա­րարու­թիւնը թե­րեւս Էր­տո­ղանի հա­մար հան­գիստ շունջ մը քա­շելու առիթ է, բայց մեծ կո­րուստ Թուրքիոյ ժո­ղովրդա­վարու­թեան հա­մար պայ­քա­րող լայն շրջա­նակ­նե­րու հա­մար։

pakrates@yahoo.com

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ