ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Յաղթողը երկրի գաղափարախօսութիւնն է

Թուրքիոյ խորհրդա­րանա­կան եւ նա­խագա­հական վեր­ջին ընտրու­թիւննե­րը ան­գամ մը եւս տե­ղի տո­ւին երկրի հիմ­նարկու­թե­նէն այս կողմ շա­րու­նա­կուող թե­րու­թիւննե­րու մա­սին մտա­ծելու։

Ինչպէս ծա­նօթ է, Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թիւնը ձե­ւաւո­րուած է ազ­գա­յին պե­տու­թեան կա­ղապա­րով, ի բա­ցակա­յու­թիւն ազ­գի։ Հիմ­նա­դիր­նե­րը նախ պե­տու­թիւնը հիմ­նե­ցին, ապա անոր հա­սարա­կու­թիւնը կազ­մող ազ­գը։

Որ­պէս բազ­մազգի եւ բազ­մա­հաւատք կայսրու­թեան մը ժա­ռան­գորդ, բո­վան­դակ երկրի բնակ­չութիւ­նը միատարր դարձնե­լու մար­մա­ջով գոր­ծադրո­ւեցաւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն, էդ­նի­գական զտում, զան­գուածա­յին վտա­րում եւ այլ ան­մարդկա­յին մի­ջոց­ներ։ Իսկ մնա­ցեալ­նե­րը դար­ձեալ մէկ ու միացեալ կազ­մի մը մէջ տե­ղադ­րե­լու հա­մար անհրա­ժեշտ էր ազ­գայնա­մոլ քա­րոզ­չութիւ­նը։

Սե­րունդնե­րու հո­լովոյ­թով մարդկանց հա­մոզե­ցին թէ թուրք եւ մահ­մե­տական ըլ­լա­լով անոնք կը կազ­մեն երկրի, չը­սելու հա­մար արա­րաշ­խարհի վեր­նա­խաւը։

Զան­գո­ւած­ներ՝ ինչպի­սի դժո­ւարու­թեան մէջ ալ յայտնո­ւին, սի­րեցին այս փա­ղաք­շանքը։ Ոչ միայն սի­րեցին, այլ սրտանց հա­ւատա­ցին, թէ­կուզ աղ­քա­տու­թեան, տգի­տու­թեան ճի­րան­նե­րու մէջ մնան, իրենք վե­րի ար­տի ցո­րենն են։

Նա­խագահ Էր­տո­ղանի գլխա­ւորած կու­սակցու­թեան ար­ձա­նագ­րած յա­ջողու­թեան մէջ այս հա­մոզու­մը լայն բա­ժին ու­նի։ Միամիտ հա­սարա­կու­թիւնը դիւ­րաւ հա­մոզո­ւեցաւ թէ աշ­խարհի բո­լոր գեր­տէ­րու­թիւննե­րը հա­մատեղ աշ­խա­տանք կը տա­նին Թուրքիոյ վե­րել­քը կա­սեց­նե­լու հա­մար։ Նա­խագահ Էր­տո­ղան իր քա­րոզար­շա­ւը հիւ­սեց այս ըն­կա­լու­մի վրայ, պատ­րո­ւակե­լով նաեւ կրօ­նի գոր­ծօ­նը։

Նախ­քան ընտրու­թեան բո­լոր հար­ցա­խոյզնե­րը կը վկա­յէին ընդդի­մու­թեան յստակ յաղ­թա­նակը։ Վեր­լուծա­բան­ներ այս կար­ծե­ցեալ յաղ­թա­նակը կը վե­րագ­րէին, թէ ահ­ռե­լի հա­մեմա­տու­թիւննե­րու հա­սած սղա­ճին եւ թէ մա­նաւանդ երկրա­շար­ժի գօ­տիէ ներս կա­ռավա­րու­թեան մատ­նո­ւած ճա­րահա­տու­թեան։

Սա­կայն ինչպէս տե­սանք ընտրու­թեան աւար­տին, ժո­ղովուրդի մե­ծամաս­նութիւ­նը ան­տե­սած էր իր սե­փական զրկանքնե­րը եւ մեծ եռան­դով ան­գամ մը եւս զօ­րակ­ցած էր իր ուխտած իշ­խա­նու­թեան։

Եթէ այս բո­լորը կը դի­տենք երկրէ ներս տի­րող տրա­մադ­րութիւննե­րու հի­ման վրայ, պար­տինք նշել որ ազ­գայնա­կանու­թիւնը կամ կրօ­նի գոր­ծօ­նը, կարճ խօս­քով քա­ղաքա­կան աջա­կող­մեան հա­կումնե­րը հա­մատա­րած երե­ւոյթ մը կը պար­զեն երկրա­գունդի տա­րած­քին։

Զար­մա­նալիօրէն տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թացքին ի հի­մանէ շրջո­ւած է ար­ժէքնե­րու հա­մակար­գը։ Տգի­տու­թիւնը գե­րազան­ցած կ՚երե­ւի ուսման դի­մաց։ Եւ նոյ­նիսկ այս երե­ւոյ­թը հպար­տօ­րէն կը խրա­խու­սո­ւի կարգ մը քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րու ելոյթնե­րով։

Նման պայ­մաննե­րու տակ ամե­նածի­ծաղե­լին կը մնայ ընտրու­թեան այս ար­դիւնքնե­րով աւար­տե­լու ետին գտնո­ւող պատ­ճառնե­րու որո­նու­մը։

Ահ­ռե­լի երե­ւոյթ է տես­նել հե­ռուստաէգ­րաննե­րու վրայ մե­ծապա­տիւ վեր­լուծա­բան­նե­րու գնա­հատա­կան­նե­րը։ Ոմանք անսպա­սելի ար­դիւնքնե­րը կը վե­րագ­րեն այս կամ այն գոր­ծօ­նին, ի հի­մանէ ան­տե­սելով երկրի ազ­գաբնակ­չութեան հո­գեբա­նու­թիւնը։ Հա­մարեա 100 տա­րիէ այս կողմ ընդմիշտ շփա­ցուած զան­գո­ւածէ մը ակնկա­լուա­ծը աւե­լի տար­բեր չէր կրնար ըլ­լալ։ Ընտրո­ղը մէկ կողմ դրած է դա­տողու­թեան կա­րողու­թիւնը եւ հե­տեւած իր ինքնու­թիւնը բնու­թագրող կարծրա­տիպի կո­չին։

Յստա­կօրէն կա­րելի է ըսել թէ յա­ջողած է երկրի հիմ­նա­դիր գա­ղափա­րախօ­սու­թիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ