Նկարիչ Եավուզ Քըլըչէր մահուան երկրորդ տարելիցին աթիւ կը յիշատակուի իր գործերէն բաղկացող ցուցահանդէսով մը։ 14 Յունուար 2021-ին մահացած էր Կեդրոնականի եւ Եէշիլգիւղի հայոց վարժարանի վաստակաւոր ուսուցիչ Եավուզ Քըլըչէր։
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 21 Յունուար, Գարագիւղ, Քուրշունլու Խան գտնուող Արթհան կալերէիի մէջ։ Կը ցուցադրուին Եագուշ Քըլըչէրի տարբեր շրջաններուն նկարած գործերէն նմոյշներ։
Քըլըչէր ծնած էր 1959 թուին Սեբաստիոյ Քանկալ գաւառի Գարակիւճիւք գիւղը։ 1979-ին Մուտք գործած էր Իսթանպուլի Գեղարուեստական Ինստուտուտի նկարչութեան բաժինը։ 1991-ին նկարչութեան ուսուցիչ ըլլալով պաշտօնի կոչուեցաւ Կեդրնական վարժարանէ ներս։ Պաշտօնավարեց նաեւ Պաքըրգիւղի Տատեան, Եէշիլգիւղի եւ Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարաններուն։
Շնորհք Գալուստեանի Պատրիարքութեան շրջանին ան վերանորոգեց Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ, Պէշիկթաշի Սուրբ Աստուածածին, Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն, Գարթալի Սուրբ Նշան եւ Գատըգիւղի Սուրբ Թագաւոր Եկեղեցիներուն սրբանկարները։
Եավուզ Քըլըչէր իր ուսուցչութեան շրջանին մեծ համակրանք կը վայելէր թէ աշակերտներէ եւ թէ պաշտօնակիցներէ։