ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Վիճակագրութիւն

Ահա­ւասիկ Հայ­կա­զեան բա­ռարա­նի պա­շառէն բարդ բա­ռի օրի­նակ մը եւս, որ կու գայ ամե­նայստակ ձե­ւով նկա­րագ­րե­լու բա­ռին էու­թիւնը։

Վի­ճակագ­րութիւ­նը տո­ւեալ­նե­րու հի­ման վրայ կը պար­զէ այս կամ այն նիւ­թի վե­րաբե­րեալ տի­րող վի­ճակը։

Թուրքիոյ Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռը վեր­ջերս հրա­պարա­կեց մկրտու­թեան, պսա­կադ­րութեան եւ յու­ղարկա­ւորու­թեան վե­րաբե­րեալ վեր­ջին երեք տա­րինե­րու վի­ճակագ­րութիւ­նը։

Շատ ան­գամ ան­պա­տաս­խան մնա­ցած, են­թադրու­թիւննե­րով մեկ­նա­բանուած տո­ւեալ մըն է Թուրքիոյ հայ առա­քելա­կան փոք­րա­մաս­նութեան ընդհա­նուր քա­նակը։ Այս մա­սին ցարդ չենք ու­նե­ցած յստակ վի­ճակագ­րութիւն մը։

Ան­ցեալին, երբ պե­տական ծա­ւալով մար­դա­համար­ներ կը կա­տարո­ւէին, կը պար­զո­ւէր նաեւ երկրի բնակ­չութեան մէջ բազ­մա­թիւ ազ­գա­յին կամ կրօ­նական խմբակ­նե­րու մա­սին վի­ճակագ­րա­կան տո­ւեալ­ներ։

Այս մա­սին բա­ցատ­րա­կան յատ­կութիւն չու­նի նաեւ Պատ­րիար­քա­կան կամ հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու ընտրու­թեանց մաս­նակցող­նե­րէն հե­տեւու­թիւն ընե­լով ստոյգ տո­ւեալ մը ու­նե­նալ։ Գի­տենք որ բազ­մա­թիւ հա­յեր ան­տարբեր կը մնան այս ընտրու­թիւննե­րու հան­դէպ։ Նմա­նապէս հա­մայնքա­յին դպրոց յա­ճախող աշա­կեր­տութեան հի­ման վրայ ալ ան­կա­րելի է պատ­կե­րացում մը կազ­մել, քա­նի որ բազ­մա­թիւ հայ ըն­տա­նիք­ներ կը հրա­ժարին իրենց զա­ւակ­նե­րը հայ­կա­կան վար­ժա­րան ղրկե­լէ։

Ու­րեմն մե­զի կը մնայ Պատ­րիար­քա­րանի հրա­պարա­կու­մի հի­ման վրայ մեկ­նա­բանել այլ տո­ւեալ­ներ։

Վե­րադառ­նանք վի­ճակագ­րութեան, ըստ որու 2022-ին կա­տարո­ւեցան 271 մկրտու­թիւններ, որոնցմէ 73-ը չա­փահաս­ներ էին։

Կա­տարո­ւեցան 132 պսա­կադ­րութիւն եւ 593 յու­ղարկա­ւորու­թիւն։ Այդ յու­ղարկա­ւորու­թիւննե­րէ 54-ը կա­տարուեցաւ անվճար։

Յա­ջոր­դող տա­րինե­րուն ալ այս թո­ւան­շաննե­րը հետզհե­տէ նո­ւազե­լով շա­րու­նա­կուե­ցան միշտ ընդ միշտ յու­ղարկա­ւորու­թիւննե­րու հա­մեմա­տական գե­րակշռու­թեամբ։

2022 թո­ւին տա­կաւին կը շա­րու­նա­կուէր պսա­կաձեւ ժահ­րի հա­մավա­րակը։ Այդ պայ­մաննե­րու տակ մար­դիկ կը խու­սա­փէին հա­ւաքա­կան մի­ջավայ­րեր գտնո­ւելէ։ Կար նաեւ կա­րեւոր գոր­ծօն մը եւս։ Յատ­կա­պէս պսա­կադ­րութիւննե­րը եւ յու­ղարկա­ւորու­թիւննե­րը բա­ւական ծանր բեռ մը կը պար­տադրեն։ Երկրի մէջ տի­րող տնտե­սական ծանր պայ­մաննե­րը կ՚ազ­դեն նաեւ հայ հա­մայնքի ան­դամնե­րուն։ Մար­դիկ ար­դա­րացի կեր­պով կը խու­սա­փին բազ­մա­ծախս կար­գադրու­թիւննե­րէ։ Ամուսնու­թեան մի­ջին տա­րիքը բա­ւակա­նին յա­ռաջա­ցած է։ Շա­տեր ան­պա­տեհու­թիւն չեն տես­ներ առանց եկե­ղեցա­կան պսա­կադ­րութեան ամուսնա­նալու։ Օրի­նական ամուսնու­թիւնը բա­ւարար կը հա­մարեն։ Կան տա­կաւին շա­տեր, որոնք նոյ­նիսկ այդ պե­տական կար­գադրու­թեան ալ կա­րիք չեն զգար եւ կը պա­հեն միասին ապ­րե­լու դրու­թիւնը։ Ո՞վ գի­տէ թե­րեւս այս ալ իր տրա­մաբա­նու­թիւնը ու­նի, քա­նի որ կա­տարո­ւող պսա­կադ­րութիւննե­րէն առ­նո­ւազն կէ­սը ամուսնա­լու­ծութեամբ կ՚աւար­տի առա­ջին հինգ տա­րինե­րու ըն­թացքին։

Խնդիր­ներ՝ որոնք կը կա­րօտին լու­ծումնե­րու, բայց ի՞նչ ընենք որ լուծման մի­ջոց­նե­րը կը գե­րազան­ցեն մեր կա­րողու­թիւննե­րը։

Յայտնի է որ պի­տի շա­րու­նա­կենք խնդի­րը ար­ծարծել յա­ռաջի­կայ գրու­թիւննե­րու միջոցաւ։