Ֆրանսական լրատու գործակալութիւնները 9 Յունուարին յայտարարեցին Շուէտի նախկին վարչապետ Օլոֆ Փալմէի անունով հաստատուած պարգեւի այս տարուայ դափնեկիրները։ 2023-ի դափնեկիրներն են մարդու իրաւունքներու պաշտպան, իրաւաբան Էրեն Քեսքին, Ուկրաինայէն՝ հոգեբան եւ «Կնոջ տեսանկիւն» հասարակական կազմակերպութեան հիմնադիր Մարթա Չումալօ եւ պարսիկ լրագրող Նարկիս Մոհամատի։
Շուէտի նախկին վարչապետ Օլոֆ Փալմէ քաղաքական պատմութեան մէջ կը յիշուի համաշխարհային ապազինման համար տարած պայքարով։ Ան 28 Փետրուար 1986-ին իր որդւոյն եւ տիկնոջ հետ շարժանկարէն տուն վերադարձի պահուն սպաննուած էր խիստ խորհրդաւոր պայմաններու մէջ։ Ան սովորաբար չէր ուզեր իր կողքին թիկնապահներ ունենալ։
Իրաւաբան Էրեն Քեսքին «Ակօս»ին յայտնեց թէ մեծ պատիւ կը համարէ Օլոֆ Փալմէի նման համաշխարհային խաղաղութեան համար աշխատող քաղաքական գործիչի մը անունով յիշուած մրցանակին արժանանալուն համար։ «Տարբեր դատավարութիւններով իմ դէմ վճռուած է 26 տարի 9 ամիս բանտարկութեան պատիւժ։ Ամէն օր բանտ դրուելու սպառնալիքին դէմ կը գտնուիմ։ Այս պայմաններուն տակ խիստ խրախուսիչ է այս պարգեւը» ըսած է Էրեն Քեսքին։
Նշենք որ Քեսքին 2017 թուականին ալ արժանացած էր Հրանդ Տինքի անուան մրցանակին, իր ազգային փոքրամասնութիւններու, միասեռականներու եւ գաղթականներու ի նպաստ տարած աշխատութիւններուն համար։
Էրեն Քեսքին Մարդու Իրաւունքներու Միութեան Իսթանպուլի մասնաճիւղի համանախագահն է եւ յօդուածներ կը ստորագրէ «Եէնի Եաշամ» թերթի մէջ։
Ուկրաինացի Մարթա Չումալօ յատկապէս կը զօրակցէր Ռուսիոյ Դաշնութեան այս երկրէ ներս գործած ծաւալապաշտ պատերազմէն տուժած կիներուն։
Իրանէն այս մրցանակը նուաճող Նարկիս Մուհամատի բաւական սուղ հատուցած է Իրանի կրօնական բռնատիրութեան դէմ իր տարած աշխատանքը։ Ան 1998-ին, 2019-ին եւ 2021-ին բանտարկուած է Թեհրանի մէջ։
Օլոֆ Փալմէի պարգեւեալներուն կը շնորհուի 100 հազար ԱՄՆ տոլար։