Արդէն երեք շաբաթէ աւելի, որ Արցախը աշխարհին կապող միակ ճամբան՝ Լաչինի միջանցքը, կը շարունակէ մնալ փակ։ Միջանցքը 12 Դեկտեմբերին փակեցին իրենց զիրենք բնապահպան անուանող ատրպէյճանցիները։
Այս շրջափակման պատճառով, բաւական մեծ վտանգի դէմ յանդիման կը գտնուին Արցախի 120 հազար բնակիչները։
Խախտած են անձերու ազատ տեղաշարժի, նուազագոյն կենսամակարդակի ապահովման, բժշկական խնամք ստանալու, կրթութեան եւ մարդկային տարրական այլ իրաւունքներ։
Արցախի մէջ գործող խանութները, դեղարանները եւ շուկաները գրեթէ դատարկ են։ Արցախի կառավարութիւնը 29 Դեկտեմբերէն, ուտելիքի հանրային ծառայութիւններու մատուցումը սահմանափակելու որոշում տուաւ։ Արցախի մէջ խանութները մատակարարումներ կը ստանան պահեստային միջոցներէ՝ միայն կառավարութեան որոշումով:
Հիւանդանոցներուն մէջ ոչ-անմիջական վիրահատութիւններ չեն կատարուիր. ըստ 30 Դեկտեմբերի տուեալներուն՝ «Արեւիկ» բժշկական հիմնարկին մէջ, 12 մանուկներ կը գտնուին նորածիններու եւ վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ։ «Հանրապետական բժշկական կեդրոն»ին մէջ 12 հիւանդներ կը գտնուին վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ. անոնցմէ 5-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ են։
13 Դեկտեմբերին, Արցախի պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան եւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Բաբայեան յայտարարեցին, որ Լաչինի միջանցքը փակած անձերը ոչ թէ բնապահպանական գործիչներ են, ինչպէս կը ներկայանան, այլ Ատրպէյճանի յատուկ ծառայութիւններուն եւ բանակին մէջ աշխատող մարդիկ։Միջանցքը փակելու առաջին իսկ օրերէն տարածուած են տեսանիւթեր եւ լուսանկարներ, որոնք կը վկայեն, որ ճամբան փակած անձերուն մէջ կան նաեւ թրքական ծայրայեղական «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան համակիրներ։
«Արցախի բնակչութեան առաջնային կարիքներու ապահովման համար պետական պահուստային պաշարներէն որոշ ապրանքատեսակներու մատակարարում կ՛իրականացուի խանութներուն»։ 3 Յունուարին այս հաստատումը կատարեց պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի գրասենեակը, որ կարեւոր նկատեց ապրանքատեսակներու համաչափ բաշխումը, որպէսզի բնակչութիւնը կարելիութիւնը ունենայ զանոնք ձեռք բերելու բոլոր խանութներէն։
Եթէ ճանապարհը չբացուի…
Արցախի մէջ մարդկասիրական ճգնաժամը կանխելու համար դատապարտող յայտարարութիւններէն բացի, անհրաժեշտ է, որ միջազգային կառոյցները յստակ պատժամիջոցներ կիրարկեն Ատրպէյճանի նկատմամբ, որովհետեւ արցախահայութիւնը վտանգաւոր վիճակի դէմ յանդիման է։ «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս ահազանգը հնչեցուց Արցախի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Բաբայեան՝ աւելցնելով, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ինքնին ա՛յս ուղղութեամբ քայլերու պէտք է ձեռնարկեն։
«Դատապարտել պէտք է այդ յայտարարութիւնների տեսքով, եւ ի հարկէ շատ կարեւոր է, որպէսզի պատժամիջոցներ կիրառէր Ատրպէյճանի նկատմամբ։ Խնդիրն այն չէ, որ մենք պէտք է այս ամէնը ցոյց տանք որպէս յաղթանակ կամ պարտութիւն։ Պարզապէս հումանիտար ճգնաժամը, ցեղասպանութիւնը կանխելու համար։ Ուրիշ ոչ մի բան մեզ այս պահի դրութեամբ պէտք չէ», ըսաւ ան։
Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի՝ միջազգային կառոյցները, որոնց կարգին Կարմիր Խաչը, ՄԱԿ-ը, մարդասիրական օգնութեան զուգահեռ, պէտք է նաեւ յայտարարութիւններով հանդէս գան՝ այլապէս 120 հազար անձեր սովամահ պիտի ըլլան։ Ըստ անոր՝ ներկայ դրութեամբ Արցախի մէջ կայ դեղորայքի, ուտելիքի եւ վառելիքի խիստ պակաս եւ 30 հազար մանուկներ այս իրավիճակին մէջ կը փորձեն գոյատեւել։ «Մենք ի հարկէ շնորհակալ ենք, որ Կարմիր Խաչը նման քայլեր է ձեռնարկում՝ տեղափոխում է բեռներ եւ այլն, փորձում են օգնել ըստ ամենայնի, բայց կարեւոր է շատ նաեւ, որ քաղաքական համապատասխան պատգամներ հնչեցուեն։ Մարդկանց օգնելը շատ լաւ է, ծայրայեղ դէպքերում ինչ-որ բան տեղափոխելը շատ լաւ է, բայց չէ՞ որ լաւագոյն տարբերակը այն է, որպէսզի այդ ահաբեկչութիւնը Արցախի նկատմամբ կանգնեցուի։ Դրա համար նոյն Կարմիր Խաչը, ՄԱԿ-ը, մարդու իրաւունքների պաշտպանները, տարբեր կառոյցներ պէտք է լծուեն այդ գործին։ Սա ոչ այլ ինչ է, քան մարտահրաւէր քաղաքակիրթ աշխարհին։ Որովհետեւ մի ողջ ժողովուրդ սովամահ է լինում։ Ոչ մի բան… ուրիշ երկրներում պարում են, Ձմեռ պապից ինչ որ ակնկալիքներ են սպասում երեխաները։ Մեր երեխաներն էլ հաց չունեն ուտելու, սոված են», ըսաւ Բաբայեան: