Հայ համայնքէ ներս Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ընտրութեան յանձնախումբի ձեռքով գործուած խայտառակութեան նմանը իրականացած է յոյն համայնքէ ներս, այս անգամ Մեծ Կղզիի որբանոցի վարչութեան ընտրութեան միջոցին։ Արդարեւ այստեղ ալ Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը առարկեց կատարուած գայթակղութեան դէմ եւ ընտրութիւնը չեղեալ համարեց։
Նշենք որ ընտրութեան յանձնախումբը մերժած էր երկրորդ ցանկի մը մասնակցութիւնը։ 52 ձայներ գործածուած ընտրութեան ընթացքին 18 ձայներ անզօր հռչակուեցան եւ 6 ալ պարապ քուէ գործածուեցաւ։
Բողոքներու եւ առարկութիւններու դիմաց Վաքըֆներու Շրջանային Տնօրէնութիւնը որոշեց ընտրութեան նոր յանձնախումբ մը կազմակերպել եւ ընտրութիւնը կրկնել ամենակարճ ժամանակի ընթացքին։