Մուսա Լերան Վաքըֆ գիւղի մէջ վերջին տարիներուն վերստին կեանքի կոչուած է հին աւանդութիւն մը, որ մոռացուած էր երկար տարիներ։
Տեղական բարբառով շնորհաւոր տարի նշանակող «համիշնոր»ի խարոյկը կը բոցավառուի Ամանորի առաջին ժամերուն ու կ՚ակնկալուի թէ խարոյկի բոցերուն մէջ այրին նախորդ տարուան բոլոր չարիքները։ Գիւղի պատանիները չեն բաւարարուիր բոցերով եւ իրենք եւս ձեռքի երկար ցուպերով կը ծեծեն ենթադրեալ չարիքները։
Այս տարի ալ խարոյկը վառեցաւ գիւղի երբեմնի դպրոցի շրջափակին մէջ, ուր պատանիներ մեծ ոգեւորութեամբ վանեցին չարիքը։
Հոգ չէ թէ ամբողջ աշխարհին տարածուած չար միտքը կարելի չըլլայ գիւղի մը սահմանումով վերացնել, կարեւոր եղածը չարիքի դէմ դիրք բռնելն է։ Այդ առումով խորհրդանշական մեծ իմաստներ ունի «Համիշնոր»ը, որ ժառանգուած աւանդութիւն մըն է նախորդ սերունդներէ։