ՀՀառաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան այս օրերուն կ՚ապրի իր կրտսեր եղբօր Կամօ Տէր-Պետրոսեանի մահուան կսկիծը։ Տէր-Պետրոսեաններու ընտանիքի Հայաստանի հողերուն վրայ ծնած կրտսերագոյնն էր ան։ Ինչպէս ծանօթ է պոլշեւիկ Յակոբի աւագ որդին Թելման ծնած էր հայրենի երկրի՝ Մուսա Լերան Եողունօլուք գիւղը։ Ապա ընտանիքը գաղթած էր դէպի Սուրիա, ուր ծնած էին Պետրոսը եւ Լեւոնը։ Իսկ ներգաղթէն անմիջապէս ետք 1946-ին Հայաստան Կիրովականի մէջ ծնած էր Կամօ Տէր-Պետրոսեան։
Մասնագիտութեամբ սրտաբան Կամօ Տէր-Պետրոսեան երկար տարիներ ստանձնած էր նաեւ Հայաստանի Մուսա Լերան հայրենակցական միութեան նախագահի պաշտօնը։
Ան նաեւ ծանօթ էր իբրեւ ասմունքող։ Մեծ յաջողութեամբ կ՚արտասանէր արեւմտահայ գրականութենէն նմոյշներ։
Կամօ Տէր-Պետրոսեանի հոգեհանգիստը տեղի ունեցաւ 4 Յունուարին Սուրբ Սարգիս Եկեղեցին եւ 5 Յունուարին ալ յուղարկաւորուեցաւ նոյն վայրէն։