1,5 միլիառ տոլարի արժողութեամբ հանրակացարան եւ անօթեւան ուսանողութիւն

Համավարակի պարտադրած առցանց դրութենէ ետք, երբ ԲՈՒՀ-երը կը պատրաստուին դէմ առ դէմ ուսման դրութեան, ուսանողներու համար յայտնուած է պատսպարման լուրջ խնդիր մը։ Հանրակացարանները հեռու են գոյացած պահանջը դիմագրաւելէ։ Յատուկ հանրակացարաններ եւ բնակարաններու վարձերն ալ կը գերազանցեն ուսանողներու նիւթական կարողութիւնները։

Գոյացած ճգնաժամին ուշադրութիւն դարձնելու նպատակաւ ուսանողներ իբրեւ բողոքի ցոյց կը գիշերեն քաղաքի որոշ զբօսայգինեծու մէջ։ Սակայն այս խաղաղ ցոյցն ալ կը հանդիպի ոստիկանական անհանդուրժողութեան։ Այս պայմաններու տակ բազմաթիւ ուսանողներ բերման ենթարկուեցան ոստիկաններու կողմէ անկարգութեան մեղադրանքով։

Ընդդիմադիր մամուլը այս մասին լուրերը կը հաղորդէ ԱՄՆ-ի Նիւ Եորք նահանգին մէջ նախագահ Էրտողանի մասնակցած հանրակացարանի բացման լուրերու հետ զուգահեռաբար։

Իսկապէս ալ ցնցիչ է հակասութիւնը, երբ Ամերիկայի մէջ բացումը կը կատարուի 1,5 միլիառ տոլարի արժէքով հանրակացարանի մը, եւ երկրի մէջ բազմահազար ուսանողներ անօթեւան են։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ