ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՀՈՂ

«Աթոռի կռիւ մի արէք, տղերք,
հո­ղի կռիւ արեք, որ աթո­ռը դնե­լու տեղ ու­նե­նաք»,

Վազ­գէն Սարգսեան

Գրել հո­­ղի մա­­սին կը նշա­­նակէ գրել մար­­դու կեն­­սագրու­­թիւնը, քան­­զի հո­­ղէն է եկած ան, իսկ իջ­­նել «հող» բա­­ռի խո­­րու­­թիւննե­­րուն ու լե­­զուա­­կան պե­­ղումներ կա­­տարել՝ կը նշա­­նակէ երեք տա­­ռի մէջ ամ­­փո­­­փել հա­­յոց ընդհա­­նուր պատ­­մութիւ­­նը։ Այ­­սօր, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, երբ դար­­ձեալ հո­­ղի կռիւ կայ Հայ­­կա­­­կան լեռ­­նաշխար­­հի վրայ ու կտոր մը հո­­ղի հա­­մար հող կը դառ­­նան բազ­­մա­­­թիւ քա­­ջոր­­դի­­­ներ, յար­­մար նկա­­տեցի կանգ առ­­նել այդ սեւ տա­­րածու­­թեան առ­­ջեւ, զրու­­ցել հո­­ղի հետ ու հո­­ղի մա­­սին, ապա ետ կան­­չել անոր մէջ հանգչող գրա­­կան մշակ­­նե­­­րու վաս­­տա­­­կը՝ մէջ­­բե­­­րումնե­­րու ձե­­ւով՝ որ­­պէսզի հասկնանք, թէ հայն ու հո­­ղը ի՛նչ եր­կխօ­­սու­­թիւններ են ու­­նե­­­ցեր հա­­զար-հա­­զար տա­­րիներ։

Բնիկ հայ­­կա­­­կան է «հող» բա­­ռը, հա­­մեստ միավանկ մը լոկ։ Կ՛են­­թադրո­­ւի, թէ բուն նշա­­նակած է «լայն, հարթ»։ Ինչպէս երկրի մա­­կերե­­սը ու­­նի շերտ-շերտ հո­­ղեր, նոյնպէս ալ «հող» բա­­ռը ու­­նի իմաս­­տի բազ­­մա­­­թիւ շեր­­տեր՝ դա­­րերու ըն­­թացքին կու­­տա­­­կուած։ Ան կը նշա­­նակէ՝ գե­­տին, երկրա­­գունտի կե­­ղեւի վե­­րին շեր­­տը, աշ­­խարհ, եր­­կիր, հիմք, յե­­նարան, գիւ­­ղատնտե­­սու­­թեան յատ­­կա­­­ցուած տա­­րածու­­թիւն, կամ արտ՝ «Պատ­­ռեմ սուր խո­­փով ես կուրծքը հո­­ղի», Յովհ. Յով­­հաննի­­սեան։ Հո­­ղը նաեւ «հայ­­րե­­­նի հող» է՝ ժո­­ղովուրդի բնա­­կու­­թեան վայրնը, եր­­կի­­­րը, ազ­­գի ծննդա­­վայ­­րը, բնօր­­րա­­­նը, կեան­­քի աղ­­բիւրը, ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութեան եւ պտղա­­բերու­­մի աղ­­բիւրը։ Բայց հո­­ղը նաեւ... գե­­րեզ­­ման է, շի­­րիմ, ոչնչու­­թիւն։ Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, մի՛ վա­­րանիք, բա­­ցէք հայ­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թեան բո­­լոր պաշ­­տե­­­լի շի­­րիմ­­նե­­­րը, խու­­զարկե­­ցէք անոր մէջ թա­­ղուած բո­­լոր թեր­­թե­­­րը, ու պի­­տի տես­­նէք, թէ հա­­յը երբ նա­­յեր է հո­­ղին՝ խո­­նար­­հեր ու ծունկնդիր ար­­ցունք թա­­փեր է, քան­­զի փո­­խանակ զմա­­յելեու անոր ծննդա­­րար, ծիծ­­ղուն բնու­­թեան՝ սար­­սա­­­փահար տե­­սեր է մա­­հը, հայ­­րե­­­նի կա­­րօտը, պանդխտու­­թիւնը...։

«հող» բա­­ռը եղաւ բեր­­րի, հա­­յոց մայ­­րե­­­նիին տո­­ւաւ 150 պատ­­կե­­­րալից գո­­յական եւ ածա­­կան, ինչպէս՝ հո­­ղաբա­­ժան, հո­­ղաբոյր, հո­­ղաբ­­լուր, հո­­ղաբ­­նակ, հո­­ղաթա­­ւալ, հո­­ղակոյտ, հո­­ղակ­­տուր, հո­­ղածածկ, հո­­ղաշատ։ Հա­­յը իր հո­­ղի վրայ վճա­­րեր է «հո­­ղահարկ», դար­­ձեր է «հո­­ղազուրկ», ապա ըն­­դուներ է դառ­­նալ «հո­­ղափո­­շի»։

Որ­­պէս «մայր», «հող»բա­­ռը նաեւ ծնունդ տո­­ւաւ բազ­­մա­­­թիւ քնա­­րական ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րու, ինչպէս, հող՝ սուրբ, սրբա­­զան, նո­­ւիրա­­կան, ար­­գա­­­ւանդ, բա­­րեբեր, պա­­րարտ, բայց նաեւ՝ անմշակ, պինդ, խո­­պան... Մեր հի­­ները ու­­նէին նոյնքան պատ­­կե­­­րալից դար­­ձո­­­ւածքներ. «Ի հող իջա­­նել», «Ի հող ննջել», «Հո­­ղոյ եւ պա­­տանաց չլի­­նել ար­­ժա­­­նի»։ Հո­­ղաշէն դար­­ձո­­­ւածքներ իմաս­­տութիւն կու տան մեր լե­­զուին. «Հող կտրել», շատ ծե­­րանալ, «Հող արա­­ծել», անօ­­գուտ, դա­­տարկ գոր­­ծե­­­րով զբա­­ղիլ, «Հող ու մո­­խիրը քա­­մուն տալ», ոչնչաց­­նել, «Հող դառ­­նալ», ոչնչա­­նալ։ Ըն­­տիր բառ է «հողք»ը։ Սե­­բաս­­տիոյ, Խո­­տուրջու­­րի եւ Բա­­լուի մէջ ան նշա­­նակեր է «գե­­րեզ­­ման»։ Իսկ «հող­­քը բա­­նալ»՝ Խար­բերդի մէջ կը նշա­նակէր «ննե­ջեցեալի թաղ­ման հա­մար գե­րեզ­ման փո­րել»։

Իր ժա­մանա­կակից­նե­րը կը պատ­­մեն, թէ նաւ­­թի «ար­­քայ» գոր­­ծա­­­րար եւ ազ­­գա­­­յին բա­­րերար Ալեք­­սանդր Ման­­թա­­­շեան­­ցը Ապ­­շե­­­րոն (Պա­­քու) թե­­րակղզիի վրայ նաւ­­թա­­­հոր մը բա­­նալէ առաջ նախ հո­­ղը կը հո­­տոտար, որո­­շելու հա­­մար, թէ հոն նաւթ կա՞յ, թէ չէ։ Ճիշդ է. ամէն հող ու­­նի իր ու­­րոյն բոյ­­րը։ Իսկ դուն յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, եթէ հե­­ռու ես հայ­­րե­­­նի հո­­ղէն ու կա­­րօտը ու­­նիս անոր քաղցրու­­թեան, ահա քե­­զի «հող» բա­­ռի բար­­բա­­­ռային քա­­նի մը բոյ­­րեր. Ագու­­լիս, Թիֆ­­լիս «հուղ», Արսլան­­պէկ «հէօղ», Զէյ­­թուն «հիւղ», Մու­­սա լեռ «խիւղ», Համ­­շէն «խէօղ», Կա­­րին, Հա­­ճըն «ֆող», Ակն «ֆէօղ», Սե­­բաս­­տիա «ֆէղ», Ար­­ցախ «վըէղ», Վան «խող»։ «Հող» բա­­ռը, ին­­չո՞ւ զար­­մա­­­նալ, դար­­ձաւ նաեւ տե­­ղանուն, աշ­­խարհագ­­րա­­­կան ազ­­նիւ բառ իս­­կա­­­կան- «Հո­­ղաբերդ», բերդ, Կի­­լիկիա, «Հո­­ղաբերդ», գիւղ, Ար­­տա­­­շատի շրջան, «Հո­­ղաբեր­­դիկ», բերդ, Մշոյ բեր­­դի հա­­րաւա­­յին կողմ, «Հո­­ղաբ­­լուր», վանք եւ գիւղ, Տա­­րօն, «Հո­­ղադաշտ», լեռ, Խար­­բերդ, «հողեր», գիւղ, Ար­­ցախ, Հադ­­րութի շրջան, «Հո­­ղիկ», գիւղ, Կար­­նոյ մօտ, «Հող­­կերտ», գիւղ, Կար­­սի մարզ, Օլ­­թիի մօտ։ Եթէ պա­­տահա­­կան ըն­­թերցո­­ղը այս տո­­ղերը կար­­դա­­­լով կաս­­կա­­­ծի, թէ հա­­յը աչք ու­­նի օտա­­րի հո­­ղի վրայ, կը սխա­­լի, հա­­յը յի­­շողու­­թիւնը ու­­նի իր հո­­ղին։

«Հող» բա­­ռի հետ հա­­յու գրա­­ւոր եր­կխօ­­սու­­թիւնը սկսաւ Ե. դա­­րուն։ Այդ օրե­­րուն մեր լե­­զուն ար­­դէն ու­­նէր «հո­­ղաբեր, հո­­ղաբ­­լուր, հո­­ղագործ, հո­­ղաթա­­ւալ, հո­­ղաթափ, հո­­ղախառն, հո­­ղածին, հո­­ղակալ, հո­­ղամաղ, հո­­ղեղէն, թանձրա­­հող, անօս­­րա­­­հող, թե­­թեւա­­հող» բա­­ռերը։ Նկա­­տի առ­­նենք նաեւ, թէ մեր սուրբ թարգմա­­նիչ­­նե­­­րը, Աս­­տո­­­ւածա­­շունչի թարգմա­­նու­­թեան մէջ «հող»ը եւ ան­­կէ սե­­ռած բարդ բա­­ռերը գոր­­ծա­­­ծեցին 104 ան­­գամ։ Առա­­ւելա­­բար, Սուրբ Գիր­­քը ու­­նի հո­­ղային եւ հո­­ղոտ ար­­տա­­­յայ­­տութիւններ, որոնք ձե­­ւաւո­­րեցին հա­­յու մտա­­ծելա­­կեր­­պը. «Ստեղծ Տէր Աս­­տո­­­ւած զմարդն հող յերկրէ», «Հող էիր եւ ի հող դարձցիս», «Ամե­­նայն եղեւ ‘ի հո­­ղոյ, եւ ամե­­նայն դառ­­նայ ‘ի հող», «Տուն ի վե­­րայ հո­­ղոյ առանց հի­­ման», «Ի հող ննջես­­ցեն», «Հո­­ղոյ եւ պա­­տանոյ չլի­­նել ար­­ժա­­­նի»։

Այ­­նուհե­­տեւ «հող» բա­­ռը մեր գրա­­կանու­­թեան մէջ ծան­­րա­­­ցաւ որ­­պէս հո­­գեւոր գա­­ղափար, Գրի­­գոր Նա­­րեկա­­ցին ալ անոր տո­­ւաւ քնա­­րական շեշտ։ Ըստ սուրբ բա­­նաս­­տեղծի մար­­դու մար­­մի­­­նը անար­­ժան «հող» կամ «հո­­ղանիւթ աման» էր, բազ­­մա­­­թիւ մեղ­­քե­­­րով ապա­­կանած. «Հողս ան­­պա­­­տուե­­լի», «Հող դիւ­­րափխրե­­լի», «Մե­­ղաւորս հո­­ղեղէն», «Զհո­­ղանիւթ մա­­տունս ան­­մա­­­քուր»։

Ապա եկան միջ­­նա­­­դարեան բազ­­մա­­­թիւ տա­­ղասաց­­ներ եւ աշու­­ղեր -իրենց հո­­ղը թե­­թեւ ըլ­­լայ -։ Անոնք սե­­րունդնե­­րուն պատ­­մե­­­ցին հո­­ղի իմաս­­տութիւ­­նը եւ աշ­­խարհի ու­­նայնու­­թիւնը։ Յա­­կոբ Թո­­խաթ­­ցին յի­­շեցուց, թէ ինչպէս գո­­յու­­թիւն առաւ մար­­դը. «Անե­­ղանե­­լին Աս­­տո­­­ւած, / անսկիզբն եւ ան­­ճա­­­ռական, / Եւ առեալ հող ի յերկրէ / կեր­­պա­­­ցոյց ըստ կեր­­պին նման»։ Մի­­քայէլ քա­­հանան յոր­­դո­­­րեց, որ մար­­դը հա­­մեստ պէտք է որ ըլ­­լայ. «Ո՛վ Մի­­քայէլ, հպար­­տութիւն քեզ չի պի­­տի, / Խո­­նար­­հութիւն անել պի­­տի, / Հող եւ փո­­շի եղիր հի­­մի, / Որ փառք առ­­նուս դու յա­­մենի»։ Ստե­­փանոս Թո­­խաթ­­ցին պատ­­մեց, թէ ի՛նչ եղաւ գե­­ղեցիկ մար­­միննե­­րուն. «Փա­­փուկ մար­­մինքն ի հող դար­­ձան, / Ծո­­վային աչքն խա­­ւարե­­ցան, / Սպի­­տակ, կար­­միր աղո­­ւոր պատ­­կերն, / Ներ­­քեւ հո­­ղին զնտա­­նեցան»։ Յով­­հաննէս տա­­ղասա­­ցը գրի առաւ խոս­­տո­­­վանու­­թիւն մը. «Գե­­րի Յո­­հանէս, էս դուն յի­­մար, / Հետ աշ­­խարհիս ըն­­կար մեղ­­կան, / Մէր­­կիկ եկիր դուն ի աշ­­խարհս, / Մէր­­կիկ դնեն հող եւ ի զնտան»։ Երե­­միա Չէ­­լէպի Քէօմիւրճեանը, դի­­տելով Պոս­­ֆո­­­սի կա­­պոյտ ջու­­րե­­­րը, նկա­­րագ­­րեց իր հո­­ղաբոյր (ծե­­րու­­թեան) օրե­­րը. «Չու­­նիմ օգ­­նա­­­կան կամ ճա­­րակ առ­­նող, / Ճա­­նապար­­հէս յետ դար­­ձուցա­­նող. / Ի դժո­­խոց հո­­գիս սոս­­կա­­­ցաւ, / Մար­­մինս ի հող լու­­ծեալ մա­­շեցաւ»։

1512 թո­­ւակա­­նին Վա­­նայ հո­­ղէն ծնաւ աշուղ Նա­­հապետ Քու­­չա­­­կը։ Դի­­տելով հայ­­րե­­­նի ծո­­վու գե­­ղեցիկ պատ­­կե­­­րը, ան եր­­գեց սի­­րոյ եր­­գեր։ Առա­­ջին ան­­գամ իր ամ­­բողջ կեան­­քի մէջ «հող» բա­­ռը յայտնո­­ւեցաւ սպի­­տակա­­փայլ գե­­ղեցի­­կի հետ. «Ուր որ դու կանգնած լի­­նիս, չէ պա­­տեհ վա­­ռեն մո­­մեղէն. Ծո­­ցուդ լոյ­­սըն դուրս ծա­­գէ, գէմ ել­­նէ մե­­ռելն ի հո­­ղէն»։ Մէկ այլ օր, սի­­րատարփ գի­­շեր էր, Քու­­չա­­­կը իր սի­­րածի երե­­սը ցոյց տո­­ւաւ երկնի լու­­սա­­­տու լուսնին. «Լու­­սի՜ն... Ահա՜ հո­­ղեղէն լու­­սին»։

Ահա հայ­­կա­­­կան «հող»ի բազ­­մա­­­գոյն եւ բազ­­մա­­­բոյր դաշ­­տը։ 19րդ դա­­րու հայ քնար­­նե­­­րը երբ կը բարձրա­­նային գրա­­կան աս­­պա­­­րէզ, ար­­դէն անոնց հա­­մար հո­­ղը պատ­­րաստ էր։ Դա­­նիէլ Վա­­րու­­ժա­­­նը պի­­տի նկա­­տէր հո­­ղի իգա­­կան բնոյ­­թը, Պետ­­րոս Դու­­րեանը՝ մա­­հը, Մել­­քոն Կիւրճեանը՝ պանդխտու­­թիւնը, իսկ Մկրտիչ Պէ­­շիկ­­թաշլեանը՝ զո­­հուած քա­­ջոր­­դին։ Այդ բո­­լորի մա­­սին դուք կը լսէք յա­­ջորդ շա­­բաթ։