Թէեւ երկու տարբեր խորհուրդներ են Վարդանանքը եւ Բարեկենդանի աւանդութիւնը, անոնց օրացուցային յաջորդականութիւնը կը պարգեւէ բոլորովին իւրայատուկ մի այլ խորհուրդ։
Այսօր տակաւին մեր սրտերուն կը մխայ 44 օրեայ պատերազմի զոհերուն պատճառած կրակը եւ կարծես այս կսկիծը պիտի ժառանգէն նաեւ յաջորդ սերունդները, քանի որ մենք տակաւին կը յիշենք Վարդանանց պատերազմի բիւրաւոր զոհերը։ Այս պահուն պարտաւոր ենք վերահաստատելու թէ հայ ժողովուրդի գոյութիւնը համազգային համոզումով կը վերագրենք Վարդանանց նահատակներուն ։ Ճիշդ է որ անոնք կրեցին յստակ պարտութիւն մը Պարսկական հզօր զօրքի դիմաց, բայց իրենց մահով մեզ կեանք պարգեւեցին։ Նմանութիւններ կայ այսօրուայ պայմաններու հետ, քանի որ մերօրեայ հերոսներն ալ ապրեցան նոյն պարտութիւնը անհամեմատ կերպով գերհզօր Թուրք-Ատրպէյճանական եւ առաւել եւս վարձկան ահաբեկիչներու խուժանի մը դիմաց։ Ցաւալին այն է որ մենք այսօր որպէս ազգ շատ հեռու ենք այդ պարտութենէն ձերբազատուելու եւ պարտութիւնը յաղթանակի վերածելու կամքէն ու հաւատէն։ Բան մը որ չէր պատահած Աւարայրի ճակատամարտի պարտութենէն ետք։ Ընդ հակառակ ճակատամարտը ձեւափոխուած էր քաղաքացիական պատերազմի, որու հետեւանքով թշնամին հրաժարած էր իր պահանջներէն եւ խոնարհած էր հայու կամքին դիմաց։ Այդ է, որ աւանդաբար Վարդանանքի յիշատակումը կը տարածենք երեք օրերու եւ աւարտին կը տօնենք Բարեկենդանը, այսինքն բնութեան վերակենդանացումը։
Ազգերու պատմութեան մէջ կան շրրջադարձային յատկութիւն ունեցող դրուակներ ու ժամանակներ։ Պարտինք խոստովանիլ թէ 44 օրեայ պատերազմի պարտութիւնը անխուսափելի էր մարտնչող զինուորներու միջեւ առկայ անհաւասարութեան բերմամբ։
Պատերազմին կամաւոր մասնակցած իմ մէկ ընկերը, որ նաեւ նոյնպէս կամաւոր մասնակցած էր Արցախեան առաջին պատերազմին հետեւեալ կերպով կը բնութագրէր երկու պատերազմներու տարբերութիւնը։ «Այդ ժամանակ մեր ձեռքին կար «քալաշնիքով» եւ նոյնը նաեւ ատրպէյճանցուն։ Մարտնչեցանք ու յաղթական դուրս եկանք։ Այս անգամ մենք դարձեալ «քալաշնիքով»ներով ենք, իսկ թշնամին ունի ժամանակակից գերհզօր զէնքեր»։ Ուրեմն կրնանք ըսել թէ պարտութիւնը ոչ թէ ռազմական, այլ քաղաքական բնոյթ ունի։ Պարտութեան մեղքը կը վերաբերի Հայաստանի բոլոր կառավարութիւններուն, որոնք իրենց կարելին չըրին յաղթանակը խաղաղութեան դաշինքով կը պսակելու համար։ Ընդ հակառակը վարեցին անլուծելիութեան քաղաքականութիւն մը հարազատ ժողովուրդը լոլոզելով սնամէջ հերոսապատումներով։ Կարելի չէ այդ մեղադրանքէն բաց թողել Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարութիւնն ալ։ 2018-ի գարնան Փաշինեան ունէր նման քայլի մը դիմելու համար պիտանի ժողովրդական աջակցութիւնը։ Բայց նոյնն է, չունեցաւ «Հող տուող» խայտառակ մեղադրանքին դէմ քաջաբար կանգնելու համարձակութիւնը։ Համարձակութիւն մը, որ անցեալին չէր ունեցած նաեւ Լեւոն Տէր Պետրոսեան։
Եկէք պահ մը խուսափինք ընդդիմադիր շարքերու պատեհապաշտ աթոռակռիւէն եւ յոյսով դիմաւորենք Բարեկենդանը, իբրեւ վերընձիւղման խորհրդանիշ։
pakrates@yahoo.com