Համաշխարհային քաղաքակրթութեան որդեգրած սկզբունքներու համաձայն շրջանային վարչութիւնները, այլ խօսքով քաղաքապետարանները ժողովրդավարական հասարակութիւն մը հաստատելու գլխաւոր հրամայականներէն են։
Մինչդեռ բռնատիրական վարչակարգերը իրենց կառավարութիւնը կը կեդրոնացնեն։ Որքան ալ ընդարձակ ըլլայ երկրի տարածքը, ժողովուրդի շերտերը որքան ալ զանազանութիւն ներկայացնեն, բռնատիրական վարչակարգը կ՚ուզէ այդ բոլորը դասաւորել մայրաքաղաքի տեսանկիւնէն։
Թուրքիա ալ պատմութեան բեմ ելած է իբրեւ բռնատիրական պետութիւն։ Եթէ նկատի ունենանք 1920-ականներու համաշխարհային ընկալումները, այդ բռնատիրական վարչակարգը որոշ չափով ընդունելի կրնանք համարել։ Բայց երբ 21-րդ դարու առաջին քառորդը բոլորելու շեմին կառչած մնանք հարիւր տարի առաջուան հասկացողութիւններուն, միայն դժբախտութիւն կը ծնինք։
Պոլսահայ համայնքը վերջին քանի մը տասնամեակներուն է, որ սեփական փորձով կը տեսնէ քաղաքապետարանի ծառայութիւններէն օգտուելու առիթը։ Բան մը որ աներեւակայելի էր 30 կամ 40 տարի առաջ։ Այսօր համայնքային վարիչները օրինակի համար դպրոցի մը ներկուելուն համար կամ վերանորոգման համար ամենայն հեշտութեամբ կը դիմեն իրենց թաղի քաղաքապետարանի։ Անհատներ նոյնպէս դիւրաւ կ՚օգտուին քաղաքապետարաններու ծառայութիւններէն, օրինակի համար՝ յուղարկաւորութեան մը պարագային անվճար փոխադրամիջոց ապահովելով։
Այս բոլորը մտաբերեցինք գործող իշխանութեան ընտրուած քաղաքապետներու փոխարէն տեղապահի նշանակումները նկատի ունենալով։ Նախագահ Էրտողան Շրջանային Վարչութիւններու ընտրութիւններու նախօրէին բացայայտ կերպով յայտարարած էր թէ եթէ ընդդիմադիրներ, յատկապէս ալ ՏԵՄ կուսակցութեան թեկնածուներ ընտրուին, պիտի չվարանի նոր տեղապահներ նշանակելէ։ Բացի այդ, Հաթայ նահանգի մէջ խորհուրդ տուած էր իշխանութեան կուսակցութենէն թեկնածուներու աջակցելու մասին։ «Եթէ կեդրոնական վարչութիւնը եւ քաղաքապետարանը նոյն կուսակցութենէն ըլլան, ծառայութիւններէն աւելի դիւրաւ կ՚օգտուիք» ըսելով սպառնացած էր ընտրողներուն։
Ներկայ զարգացումները պէտք է այս համաչափութեան մէջ դիտել եւ կարելի եղածին չափ բարձրաձայն հակազդել գործուած անարդարութեան դէմ։
Քաղաքապետարանի ծառայութիւններու ժողվրդականացման օրինակները անհամար են։ Մենք տակաւին նոր կը ծանօթանանք որպէս քաղաքացի մեր բնական իրաւունքներուն։ Թերեւս այս է որ արգելք կ՚ըլլայ համապատասխան հակազդեցութեան բացակայումին։ Պիտի սորվինք մեր իրաւունքները եւ ըստ այնմ պիտի պայքարինք այդ իրաւունքներու անտեսման բոլոր տեսակի ոտնձգութիւններուն դէմ։
Քաղաքակրթութիւնը երկնքէն իջնող մանանայ մը չէ։ Ան կը ձեռքբերուի հասարակական գիտակցութիւնով ու պահանջատիրութեամբ, այսինքն յամառ ու յարատեւ պայքարի շնորհիւ։
pakrates@yahoo.com