Յիշատակում Արամ Խաչատուրեանի ծննդան 120-ամեակին

Սեւծովեան Տնտե­սական Հա­մագոր­ծակցու­թեան Կազ­մա­կեր­պութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հա­յաստա­նի Հան­րա­պետու­թեան Մշտա­կան ներ­կա­յացուցչու­թեան նա­խաձեռ­նութեամբ, այս շա­բաթա­վեր­ջին, Իս­թանպու­լի մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ հեր­թա­կան մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկը։ Այսպէս, 22 Նո­յեմ­բեր 2024, ուրբաթ, ժա­մը՝ 19.00-ին, Հար­պի­յէ «Ճե­մալ Ռե­շիտ Ռէյ» (CRR) հա­մեր­գասրա­հին մէջ կազ­մա­կերպո­ւած է հա­մերգ մը, որ ձօ­նուած է հայ երաժշտու­թեան ան­մո­ռանա­լի հսկա­ներէն Արամ Խա­չատու-րեանի ծննդեան 120-ամեակին։ Յո­բելե­նական այս ծրա­գիրը կը հա­մընկնի ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հա­յաս­տանի Հան­րա­պետու­թեան նա­խագա­հու­թեան ժա­մանա­կաշրջա­նին։ Հա­մեր­գասրա­հը տրա­մադ­րո­ւած է Իս­թանպու­լի գլխա­ւոր քա­ղաքա­պետու­թեան կող­մէ։

Սոյն հա­մեր­գի յայ­տա­գիրը գոր­ծադրե­լու հա­մար Երե­ւանէն Իս­թանպուլ կու գան երեք տա­ղան­դա­շատ երա­ժիշտներ՝ Անուշ Նի­կողո­սեան (ջու­թակ), Սօ­նա Բար­սե­ղեան (դաշ­նա­մուր) եւ Մի­քայէլ Նա­ւասար-դեան (թաւ­ջութակ), որոնք կը մեկ­նա­բանեն Արամ Խա­չատու­րեանի եւ այլ հայ յօ­րինող­նե­րու ստեղծա­գոր­ծութիւննե­րը։ Յայ­տա­գիրը կ՚ընդգրկէ նաեւ Արամ Խա­չատու­րեանի կեան­քին ու գոր­ծունէու­թեան վե­րաբե­րեալ յատ­կանշա­կան տե­սանիւթ մը։

Այս նա­խագ­ծին կը զօ­րակ­ցին նաեւ «Fly One Armenia» օդա­յին ըն­կե­րու­թիւնը, Երե­ւանի կոն­յա­կի գոր­ծա­րանը եւ Karas Wines-ը։

Հա­մեր­գի կազ­մա­կերպչա­կան աշ­խա­տանքնե­րուն հա­մար գոր­ծի լծո­ւած է նաեւ թրքա­հայ հա­մայնքա­յին շրջա­նակ­նե­րէ զա­նազան մշա­կու­թա­յին գոր­ծիչնե­րէ բաղ­կա­ցեալ կա­մաւոր­նե­րու յանձնա­խումբ մը, որու գոր­ծունէու­թիւնը կը հա­մակար­գո­ւի «Ժա­մանակ» օրա­թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր Տիար Արա Գօ­չու­նեանի կող­մէ։

Հա­մեր­գի հրա­ւիրեալ­նե­րու շար­քին կը գտնո­ւին՝ Իս­թանպու­լի մէջ պաշ­տօ­նավա­րող քա­ղաքա­կան դէմքեր, տե­ղական ինքնա­կառա­վար­ման մար­միննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչներ, բարձրաս­տի­ճան դի­ւանա­կալ­ներ եւ դի­ւանա­գէտ­ներ, թրքա­հայ ազ­գա­յին եկե­ղեցա­կան կեան­քէն պա­տաս­խա­նատու­ներ, մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչներ, մտա­ւորա­կան­ներ, ակա­դեմա­կան­ներ, արո­ւես­տա­գէտ­ներ, հա­սարա­կական գոր­ծիչներ, կրթա­կան մշակ­ներ եւ այլ հիւ­րեր։

Հա­մեր­գի մուտքը ազատ է, բայց անհրա­ժեշտ է ար­ձա­նագ­րո­ւիլ (ել.փոստ՝ am.mission.bsec@gmail.com)։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ