«Ռուտավ» լրատուական գործակալութեան միջոցաւ վերահասու կ՚ըլլանք Էտիրնէի բանտին մէջ ազատազրկուած քիւրտ քաղաքական գործիչ Սելահատտին Տեմիրթաշի վերջին զարգացումներու մասին կարծիքներուն։
Լրագրող Սըտտըք Զիլան մօտ երկու ժամ զրուցած է Տեմիրթաշի հետ եւ ապա մամուլին փոխանցած անոր յայտարարութիւնները։
Զրոյցը ընթացած է Ազգային Շարժում Կուսակցութեան պետ Տեվլեթ Պահչելիի անակնկալ յայտարարութիւններուն տեղի տուած քաղաքական պղտորութեան շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Պահչելի յանկարծակիօրէն հրաւէր մը ուղղեց մեկուսացման պայմաններու մէջ բանտարկուած Ապտուլլահ Էօճալանին։ «Թող գայ Խորհրդարան, ՏԵՄ կուսակցութեան դահլիճէն յայտարարէ թէ լուծարկած է իր գլխաւորած Քրտական Բանուորական Կուասկցութիւնը։ Անկէ ետք ինք նաեւ կրնայ օգտուիլ ներման միջոցներէն», ըսած էր Պահչելի։
Այս յայտարարութենէ ետք հնչեցին բազմաբնոյթ կանխատեսումներ։ Շատեր համոզուած էին թէ այս առաջարկը մեկնակէտն էր խաղաղութեան տանող նոր գործընթացի մը։ Ոմանք համոզուած էին թէ Պահչելի այս յայտարարութիւնը կ՚ընէր նախագահ Էրտողանի հետ համաձանելով։
Միւս կողմէ շատեր ալ կը պնդէին թէ Էրտողան տեղեակ չէր Պահչելիի յայտարարութենէն։
Դարձեալ համատարած կարծիք ձեւաւորուեցաւ, այն մեկնաբանութեամբ, ըստ որու Էրտողան այս միջոցաւ պիտի ապահովէ քիւտերու աջակցութիւնը եւ կանխահաս ընտրութիւն մը կազմակերպելով պիտի շարունակէ նախագահական պաշտօնը։
Ճիշդ այդ փոթորկոտ օրակարգի վրայ եկաւ աւելնալու ընտրուած քաղաքապետներու տեղ պետական պաշտօնեաները տեղապահ նշանակելու որոշումը։
Այս ընթացքը սկսաւ Ժողովրդահանրապետական Կուսակցութեան նուաճած Էսէնյութէն, որուն յաջորդեցին ՏԵՄ կուսակցութեան նուաճած Մարտին, Պաթման եւ Հալֆեթիի քաղաքապետարանները։
Յայտնի է որ Էրտողան կը շարունակէր լարուած քաղաքականութիւն մը։
Այս բոլորին վրայ եկաւ աւելնալու յատուկ հիւանդանոցներէ ներս նորածիններու շահագործումով կատարուած զեղծարարութիւն։ Բժիշկներ ապահովագրութեան ընկերութենէն դրամ շորթելու համար առողջ ծնած նորածինները առաջնորդած են խտացեալ դարմանումի։ Անոնցմէ ոմանք այդ դարմանումի ընթացքին մահացած են։ Շուտով պարզուեցաւ թէ յատուկ հիւանդանոցներէ ներս այս տեսակաի զեղծարարութիւնները սահմանուած չեն նորածիններով։ Յայտնաբերուած են բազմաթիւ կեղծ գործողութիւններու դէպքեր եւս։
Վերադառնանք գրութեան սկզբին, Տեմիրթաշ կը յայտնէ թէ պետութեան Քրտական Բանուորական Կուասկցութեան հետ համաձայնիլը նշանակութիւն չունի, էականը քիւրտ ժողովուրդին հաւասար քաղաքացիի իրաւունքներուն տիրանալն է։
Խենթանոցի համայնապատկերը եզրափակելու համար ԱՄՆ Զելենսքիին արտօնեց իր տրամադրաց հեռահար հրթիռները օգտագործել Ռուսիոյ տարածքին ալ։ Փութինի պատասխանը եղաւ հիւլէական զէնքերու շահագործման խաղաքարտը։