ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Ճարտար

Անճարտար գրիչս


Եւ ի՞նչ ընէի ես, երբ շրջապատուած եմ ճարտասան, ճարտարաբան, ճարտարամիտ եւ ճարտարապետ անձերու հետ, հետեւաբար, անճարտար գրիչս, որոշեցի էջի մը վրայ գէթ ամփոփել «ճարտար» բառի պատմութիւնը, միջոցին հինգ օր շարունակ ընկոյզ ուտել, որպէսզի ես ալ դառնամ ճարտար, քանզի ըստ հայ բժիշկ, դեղարար, դեղագիտութեան յայտնի «Անգիտաց անպետ» գիրքի հեղինակ ամասիացի Ամիրտովլաթի՝ ընկոյզը մարդս կը դարձնէ ճարտար. «Կեղեւն յամէն Ե (5) օր տարպա ի բերանդ քսես, ըղեղն յիստկէ, եւ օգտէ սգայութեան, եւ զմարդն ճարտար առնէ»։ Այժմ սթափ միտքով, յստակ լեզուով փորձեմ միաբերել քանի մը ճարտար հայերու հին ու նոր գրիչէն ելած իմաստուն խօսքեր եւ քերթուածներ, իսկ երբ վաստակս հասնի իր աւարտին, ճարտար աշուղի մը երգով հրաժեշտ տամ ձեզի, հաւատալով, թէ յօդուածս գոնէ ընկոյզի մը կեղեւը լեցնելու չափ արժէք կ’ունենայ։


Ճարտարաբան հայերէնը


Մեր մայրենին Ե. դարուն արդէն «ճարտարախօս» էր։ Ոսկեդարուն հայերս ունեցանք «ճարտարաբան, ճարտասան (Խորենացի), ճարտարագոյն, ճարտարագործ (Փաւստոս Բիւզանդ), ճարտարադէտ (Ս. Յակոբ Մծբնացի), ճարտարախօս եւ ճարտարապետ բառերը։ Ճարտար վարդապետներու գրիչը հետեւաբար ստեղծեց ճարտարափայլ տողեր, միտքեր, խրատներ, տաղեր եւ երգեր։ Աստուածաշունչն է մեր առաջին ճարտար գիրքը, որ կը պարունակ» «Ճարտար գիտնալ», «Ճարտարաբան խօսքով», «Ճարտարազգեստեալք պատմուճանօք տօնս արասցեն» եւ «Ճարտարալեզութեամբն կախարդէն զլսելիս ձեր» ընտիր խօսքերը։


Հրաշաճարտար գմբէթը


Ոսկեդարուն «ճարտարապետ» բառը երբ դեռ չէր սահմանուած տուներ, պալատներ, տաճարներ կառուցելու գործով՝ «ճարտարապետ» կը կոչուէր ամէն վարպետ եւ հմուտ արհեստաւորը։ Այս է պատճառը, որ հին մատենագրութեան մէջ կան «Ճարտարապետ մշակ», «Ղեկավար ճարտարապետ», «Գուսան ճարտարապետ», «Քնարահար ճարտարապետ» արտայայտութիւնները։ Սիւնիքի պատմութեան հեղինակ Ստեփանոս Օրբելեանը (1250-1303) մեզի պարգեւեց «հրաշաճարտարէ ածականը եւ գրի առաւ ընտիր նկարագրութիւն մը. «Հրաշաճարտար շինած գմբէթ»։ Իսկ Ներսէս Շնորհալին բառիս տուաւ փոխաբերական իմաստ։ «Առաւօտ լուսոյ» երգի մէջ արեւն էր «ճարտար». «Առաւօտ լուսոյ / Ղեկավար ճարտար»։


Անճոռնի ճարտարը


Ընդունակ եւ բազմատաղանդ հայերու դամբանականի, կամ՝ անոնց յիշատակին ձօնուած քերթուածներու մէջ «ճարտար» կոչումով պատուեցինք զանոնք։ Անոնցմէ մէկը, ըստ Վրթանէս Սռնկեցի բանաստեղծի՝ Լվովի հայոց արքեպիսկոպոս Գրիգոր Վարագեցի վարդապետն էր. «Գրիգոր Վարագեցի, դու պարծալի ես… / Ձայնիւդ հեզաբան քաղցրազրոյց ես, / Ղեկաւար ես ճարտար, թեթեւ անցանես»։ 1606 թուականին Ամիդ քաղաք մեկնած եւ Սրապիոն Եդեսացի կաթողիկոսին աշակերտած Մովսէս Տաթեւացին, իր մեծ վարդապետի վաղահաս մահուան առիթով գրեց «Ողբ ի մահն Սրապիոն կաթողիկոսի» երկը եւ սգաց. «Ձեռդ նաւարկու, ղեկը դ ճարտար , զիա՞րդ դու անկար»։ Մինչ, Գրիգոր Նարեկացին «ճարտար» բառը չգտաւ յարմար եւ ինքզինք նկարագրելու համար ըսաւ. «ճարտասան անճոռնի»։


Ճարտար լեզուս կապուեցաւ


Մեր Ոսկեղնի՞կն էր պատճառը՝ Ե դարու ոսկեհնչիւն Գրաբարը, որ հայը իր լեզուն կոչեց «ճարտար»։ Այդ է պատճառը, անկասկած, թէ մենք այսօր ունինք ճարտարաբան, ճարտարախօս, ճարտարալեզու ածականները։ Մեր երկրաւոր կեանքի գարնան օրերուն այդ ճարտար լեզուի շնորհիւ ալ մենք պայծառացանք։ Իսկ երբ օր մը յանկարծ մահը եկաւ՝ կապուեցաւ մեր լեզուն։ Այն ժամանակ ամօթով շիկնած՝ մնացինք կարկամած։ Անանուն բանաստեղծ մը 1500ներուն գրեց. «Գեղեցիկ ու զարմանալի, / Ուտէի, խմէի անուշ / Ու մահուան կարծիք չունէի, / Յանկարծ ցաւն զիս էառ, / Ես ի յիս աջէբ մնացի։ / … Կապուեր իմ ճարտար լեզուս»։ Տաղասաց Պօղոսն ալ գանգատեցաւ, որ պակսեր է իր փայլուն կենդանութիւնը. «Ղամբար էի երէկ ի մէջ ձեր փայլական, / Այսօր շիջուցեալ եմ, մեռեալ խաւարական, / Այս իմ ճարտար լեզուս, որ կայր յոյժ քաղցրական, / Այսօր կապեալ եւ կարկամեալ իբրեւ զանբան»։ Իսկ երբ կը թերթէի մեր գրականութեան խօսուն էջերը, տեսայ, թէ մէկը կայ, խիստ ճարտար, սակայն խամրած է լեզուն, նստած է որպէս անբան։ Ղարիպն է ան։ Օտարութեան մէջ մարդ ոսկի լեզու ալ ունենայ՝ արժէք չունի։ Բաղէշ քաղաքի Պոռ գիւղի մէջ 1380 թուականին ծնած 1454-ին ալ նոյն քաղաքի մէջ վախճանած տաղերգու, երաժիշտ, հասարակական եւ եկեղեցական գործիչ Առաքել Բաղիշեցին այդ միտքերը նկատեց եւ խոր յուզումով գրի առաւ «Տաղ ղարիպի» երկը. «Ռամիկ թուի ամենայնի, / Տգէտ, անմիտ եւ փանաքի, / Մարդ իւր բանիցն ոչ հաւանի՝ / Թէպէտ ճարտար բանս խօսի»։


Ջանայ որ ճարտար մնաս


Ճարտար վարքը աստուածահաճոյ է։ Դատաստանի օր մարդ պիտի խօսի իր բարի գործերու համար։ Իսկ, եթէ չէ ունեցած առաքինի կեանք, երբեմնի ճարտար լեզուն պիտի խամրի։ Քօսայ Երէցը այս խրատը տուաւ մեզի. «Ծօ՛, անիմար, սուտ աշխարհս զի՞նչ էկիր, / Լուսուդ ես մերկացէր, չունիս գործք բարի, / Քոսայ Էրէց, չես տալ դու պատասխանին,/ Ճարտար լեզուդ կապեր, չունիս գործք բարի»։ Իսկ Ֆրիկը խրատեց, որ մարդը մինչեւ մահուան օրը մնայ ճարտար, որպէսզի չմնայ ամօթով եւ յարութեան օրը երբ հայր Աստուած ձայն տայ իր զաւակներուն արժանի ըլլայ երկնաւոր բնակութեան. «Ով իմ խրատիս լսէ՝ / Նա զանանց բարին ժառանգէ… / Զինչ որ խոստացաւ Աստուած՝ / Զայն կու տայ իւրեն ծառային, / Ջանա՚ ու ճարտար կացիր, / Որ առնուս զտեղ հայրենինի»։


Ճարտար ձեռագիրը


Յարգելի ընթերցող, կը յիշէ՞ք Ամիրտովլաթ Ամասիացին, մեր սիրելի բժշկապետը, դեղագէտը, որ խրատած էր, թէ ճարտար ըլլալու համար հինգ օր ընկոյզի մաշտ ուտենք։ Իր «Անգիտաց Անպէս» գիրքի մէջ էր այդ խրատը։ Իսկ, ի՚նչ զարմանալի բան, ես հանդիպեցայ այդ գիրքի ձեռագիր մէկ օրինակի յիշատակարանին՝ այսինքն գիրքը ստացողի էջին։ Երդում անուն տիարը բացատրեց, թէ Ֆրանսայէն վերադարձին, Լեհաստանի մէջ Ղազար անուն վարդապետէ մը գնեց այդ մատեանը։ Ապա ան աղաչեց, որ ամէն յաջորդ ընթերցող յիշէ զինք, իր ընտանիքը եւ իր «արեան մերձաւորները», իսկ գիրքի ապառնի տիրոջը համար գրի առաւ մաղթանք մը. «Ո՚վ ստանայ կամ ընթեռնու՝ լի առնէ ամենայն իմաստութեամբ. լնու եւ ճարտար առնէ»։


Ճարտար է իմ եարս


Օրեր եղան, դեռ շատ հեռու էր մահուան պատկերը՝ կտրիճը օր ու գիշեր սիրեց իր եարը։ Եարը ճարտար էր։ Այդ սիրավառ տղաներէն մէկը բանաստեղծ Սահակ Տիրացուն է։ Ան հպարտացաւ իր եարով։ Մտածեց, թէ գեղեցիկ ու պատուական կոյսը արժանի է ամէն գովասանքի եւ տաղասաց տղան փառք տուաւ ստեղծողին։ Իսկ երբ Տիրացուն եարի կարօտէն հիւանդացաւ, գրեց սիրելի երգ մը, որ գայ աղջիկը իրեն բժշկէ. «Սիրական եար, Կարօտ կու քաշեմ ես քո ծիծաղոյդ, / Սիրուդ չար հիւանդ եմ, կու մնամ գալուդ, / Իմ դարդիս ճար արա, ղուրպան արեւուդ, / Դու ճարտար հէքիմ ես եղեր, նազլի եար»։ Այդ օրերուն, անանուն տաղասաց մըն ալ կար, ըսաւ. «Ա-էն մինչեւ ի Ք-ն քեն» գանկտիմ ես»։ Աղջիկը խոր խոց պատճառած էր տղու սիրտին մէջ։ Տղան լալագին նստեցաւ եւ երգեց. «Ձայնիւ եղանակեմ, քան զղումրին ես, / Ղորդ, քան զքեզ անուշ այլ չի տեսայ ես, / Ճարտար եւ իմաստուն, քան զամէնն լաւ ես, / Մարմնովդ գեղեցիկ, քան զհրեշտակ ես»։


Որսորդի ճարտար «գոզալը»


Անշուշտ, թէ երգով մը ձեզի հրաժետ պիտի տամ յարգելի ընթերցող։ Այժմ, երթանք Թիֆլիս եւ ականջ տանք մեր ամենաճարտար եւ ճարտարագոյն աշուղի՝ Սայաթ-Նովայի սիրային երգի մը, ուր եարն է ճարտար։ Յիշեցնեմ, թէ միայն միջնադարուն չէ որ ունեցանք ճարտարներ։ Յաջորդ յօդուածին դուք կը ծանօթանաք քսաներորդ դարու, եւ աւելի ժամանակակից հայ ճարտարներու միտքերուն եւ գործերուն, զարմանալով տեսնել նաեւ, թէ «ճարտար»ը նոյնիսկ դարձեր է մարդու անուն եւ քաղաք։ Այժմ բարի ունկնդրութիւն բոլորիդ.


Թեգուզ մտօք ճարտար ըլի,

կանց Սողոմոն դադա ըլի,

Թեգուզ մարքարիտով լիքն,

թեգուզ սադափ սադա ըլի,

Թեգուզ արեգագ, լուսնիակ,

թեգուզ հուրիզադա ըլի,

Էդ քու ամեն մարիփաթով

դիփունին կու ախտիս, գո՛զալ։