Նախակրթարանի նստարաններուն վրայ կը ծանօթանանք պարզումին հետ։ Ան շահ հեշտ կանոն մը ունի, որու միջոցաւ կը հաստատենք թուաբանական գործողութեան ճշգրտութիւնը։ Ապա անցնելով դպրոցական տարիները կը մոռնանք նաեւ ընկերային կեանքի մէջ ալ բարդ ու հակասական խնդիրներու ճշգրտութիւնը ապացուցելու համար պարզումի եղանակներու դիմելու սովորութիւնը։ Այսօր համաշխարհային ընկերաքաղաքական կեանքի մէջ կան հակասական երեւոյթներ, որոնց դիմաց կը դժուարանանք տրամաբանական բացատրութիւն մը գտնելու։ Մինչդեռ եթէ դիմենք նախակրթարանի դասարաններուն սորված պարզումի կանոնին ամէն ինչ ալ աւելի հասկնալի պիտի դառնայ։ Օրինակ պիտի գտնենք արեւմտեան աշխարհի ֆինանսական շրջանակներու նախագահ Էրտողանի վարչութեան տակ գտնուող Թուրքիոյ հետ համընկնելու յստակ պատկերը։ Էրտողանի անձին մէջ նորազատական (նէյօլիպերալ) արեւմուտքը գտած է հրաշալի գործընկերը։ Գործընկեր մը՝ որ չի վարանիր իր երկրի ստորաերկրեայ բոլոր հարստութիւնը հանքարդիւնաբերութեան համաշխարհային ընկերութեան տրամադրելէ։ Գործընկեր մը՝ որ Եւրոպայի մէջ ադոմակայաններու քանդուելու երեւոյթին դիմաց տրամադիր է իր երկրին մէջ նորանոր ադոմակայաններ կառուցելու։ Ներկայ կառավարութիւնը հնազանդելով Եւրոմիութեան ցուցմունքներուն, ամբողջովին վերացուցած է սեփական երկրին հողամշակման բազմադարեան աւանդութիւնները։ Նոյնպէս հնազանդելով արեւմուտքի ցուցմունքներուն թալանած է հանրապետութեան առաջին քանի մը տասնամեակներուն կառուցուած գործարանները։ Այսպէսով այժմու Թուրքիան ամենատարրական ընդեղէնները անգամ ներածելու իրողութեան հետ դէմ յանդիման մնացած է։
Զարմանալին այն է, թէ այս բոլորը կը կատարուին յանուն ազգայնականութեան։
Այս բոլորին դիմաց մեծ միամտութիւն պիտի ըլլայ կարծել թէ քրիստոնեայ Եւրոպան նախապատուութիւն կրնայ տալ քրիստոնեայ Հայաստանին։ Քրիստոնէութիւնը կամ իսլամականութիւնը, նոյնիսկ Մովսէսականութիւնը հասարակութիւնը լոլոզելու միջոցներ են։ Անդին կայ շատ աւելի կարեւոր գործօն մը, որ կը ներկայանայ ֆինանսական հաշիւներով։ Թուրքիոյ մէջ երբ ներկայ կառավարութեան օրով կ՚աճին հակասեմիթ հոսանքները, նոյն պահուն յարատեւ աճ կ՚արձանագրուի Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի տնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ։ Նոյն ձեւով պէտք է դիմել Թուրքիայէ ներս ֆրանսական արտադրութիւններու հանդէպ արտասանուած պոյքոթի կոչերը։ Կ՚արժէ յիշել թէ Ֆրանսայի հետ առեւտուրի կարեւորագոյն օղակը կը կազմէ ֆրանսական «Ռէնօ»ի թրքական «Օյաք»ի հետ ունեցած համագործակցութիւնը։ «Օյաք» Թուրքիոյ բանակին մաս կազմող արտադրութեան վաճառքի ընկերութիւնն է, որ վերջին մօտ յիսուն տարիներու ընթացքին Թուրքիոյ մէջ կ՚արտադրէ ֆրանսական «Ռէնօ» մակնիշի ինքնաշարժերը։ Այս տեսակի օրինակները կարելի է բազմացնել։
Ստիպուած ենք երեւոյթները դիտել ու մեկնաբանել համաշխարհային չափորոշիչներով։ Էրտողան իբրեւ աջակողմեան ամբոխավարութեան յաջող գործիչ, ունի իր յատուկ դերակատարութիւնը, որ վերջին յաշուով բոլորովին ձեռնտու է ժամանակակից արեւմտեան քաղաքականութեան ու գաղափարախօսութեան։
Ի զուր է Արցախի գոյամարտի առումով կառավարութիւններէն ակնկալել որեւէ աջակցութիւն։ Ուստի հայկական դիւանագիտութեան բոլոր ջանքերը ուղղուելու են համաշխարհային հանրութիւնը իրազեկ դարձնելու համար ժողովրդական լայն խաւերը։
pakrates@yahoo.com