ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Եթէ յաղթանակը պսակուի հաշտութեամբ

Անգամ մը եւս ճա­կատագ­րա­կան օրեր կ՚ապ­րի աշ­խարհաս­փուռ հայ ժո­ղովուրդը։ Ոսո­խը հեր­թա­կան ան­գամ ձեռ­նարկած է կի­սաւարտ թո­ղած գոր­ծը աւար­տին բե­րելու։ Այդ նպա­տակաւ ալ իր ամ­բողջա­կան ու­ժով կը յար­ձա­կի Ար­ցա­խի Հան­րա­պետու­թեան։

27 Սեպ­տեմբե­րի առա­ւօտեան ժա­մերուն սկսող ռմբա­կոծումնե­րը հա­յաշ­խարհի հա­մար անակնկալ մը ըլ­լա­լով հան­դերձ, անսպա­սելի չէր ար­ցախցի սահ­մա­նապա­հին հա­մար։ Ան զգօն էր նման յար­ձա­կու­մի մը դի­մաց։ Վեր­ջերս թրքա­կան մա­մու­լի մէջ յա­ճախա­կի կը գրո­ւէր Ար­ցա­խի մէջ ՓՔՔ-ական ճամ­բարնե­րու գո­յու­թեան մա­սին։ Յայտնի է թէ այդ լրա­տուու­թիւննե­րով գե­տին կը պատ­րաստո­ւէր քա­նի մը օր վերջ մեկ­նարկե­լի պա­տերազ­մին։

Հա­մաշ­խարհա­յին հա­սարա­կու­թեան հա­մար հետզհե­տէ աւե­լի յստակ հա­մոզում ըլ­լա­լով կը ձե­ւաւո­րուի այն վար­կա­ծը, ըստ որու Թուրքիան է որ խրա­խու­սած է Ատրպէյ­ճա­նին, նման քայ­լի ձեռ­նարկե­լու հա­մար։ Այս վար­կա­ծը ներ­կա­յաց­նողնե­րը կը յայտնեն թէ նման նա­խապատ­րաստու­թիւնը կա­տարո­ւեցաւ Յու­լի­սեան բա­խումնե­րէ ետք իրա­կանա­ցած լայ­նա­ծաւալ ռազ­մա­փոր­ձե­րու օրե­րուն։ Ռազ­մա­վար­ժութեան հա­մար Ատրպէյ­ճան ու­ղարկո­ւած զէն­քե­րու եւ սպա­ներու մէկ մա­սը մնա­ցին տեղ­ւոյն վրայ, այս օրե­րուս օգ­տա­գոր­ծե­լու նպա­տակաւ։

Աւե­լին, Թուրքիա որ այս օրե­րուս սկսած է լքել Սու­րիոյ մէջ պա­հած իր դիր­քե­րը եւ վե­րադառ­նալ եր­կիր։ Այդ գոր­ծընթա­ցի մէջ կը ձե­ւաւո­րուի նաեւ Սու­րիայէն դէ­պի Ատրպէյ­ճան փո­խադ­րո­ւած ահա­բեկիչ խմբակ­նե­րու տրա­մաբա­նու­թիւնը։

Ար­ցախ ու Հա­յաս­տան երբ կը դի­մադրէ լայ­նա­ծաւալ յար­ձա­կու­մին, պար­տինք առ­կայ պա­տերազ­մը իմաս­տա­ւորել, նկա­տի ու­նե­նալով պե­տակա­նու­թեան թե­լադ­րած գի­տակ­ցութեամբ։

1918-ին, տա­րած­քաշրջա­նի պայ­մաննե­րու պար­տադրան­քին դի­մաց հա­յը բազ­մա­դարեան զրկան­քէ ետք տի­րացաւ իր պե­տակա­նու­թեան։ Եր­կու տա­րի անց, հա­յոց այս առա­ջին հան­րա­պետու­թեան յա­ջոր­դեց պե­տակա­նաց­ման երկրորդ փոր­ձը՝ Խորհրդա­յին Հա­յաս­տա­նը։

Ճիշդ է թէ Խորհրդա­յին երկրի պատ­մութիւ­նը հիւ­սո­ւած էր զրկանքնե­րով, ստա­լինեան բռնա­կալու­թեան բե­րած ճնշումնե­րով, հայ­րե­նակ­ցա­կան պա­տերազ­մի պատ­ճա­ռած մեծ կո­րուստնե­րով։ Սա­կայն այդ բա­ցասա­կան պայ­մաննե­րու մէջ իսկ ապ­րո­ւեցաւ վե­րել­քի շրջան մը։ 1960-ական տա­րեթի­ւերէն ետք է որ հա­սարա­կու­թիւնը տի­րացաւ տա­րուէ տա­րի բար­գա­ւաճող իր հայ­րե­նի երկրին։

Հայ ան­հա­տը ինքզինք ապա­հով կը զգար հայ­րե­նիքի մէջ։ Տի­րացած էր ուսման բարձր մա­կար­դա­կի։ Չու­նէր գոր­ծազրկու­թեան, հե­տեւա­բար ապա­գայի նկատ­մամբ մտա­հոգու­թիւն։ Իբ­րեւ հզօր երկրի քա­ղաքա­ցի, ու­նէր հպարտ եւ ինքնավստահ ոգի։

Ան­կա­խու­թեան շրջա­նին տի­րող օլի­կար­խա­կան հա­մակար­գը պաղ ցնցու­ղի ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծեց։ Մար­դիկ ճա­րահա­տու­թեան մէջ հե­տեւե­ցան սե­փական երկրի թա­լան­ման։

Թաւ­շեայ յե­ղափո­խու­թիւնը գո­յացած անե­լէն դուրս գա­լու յոյսն ու հա­ւատը պար­գե­ւեց։ Զգա­լի ներ­գաղթի առ­ջեւ միակ ար­գելքը Ար­ցա­խի յաղ­թա­նակին հաշ­տութեամբ պսա­կուե­լու պա­կասն էր։ Եթէ 27 Սեպ­տեմբե­րին ծա­գած պա­տերազ­մի աւար­տին յա­ջողո­ւի հաշ­տութիւն պար­տադրել թշնամ­ւոյն, Հա­յաս­տան մեծ ոս­տումնե­րով պի­տի յաղ­թա­հարէ առա­ջին 30 տա­րինե­րու հիաս­թա­փու­թիւնը։

pakrates@yahoo.com