Մեծ խաբկանք մըն էր «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութեան շարքերուն լաւ պատրաստուած քաղաքական միտքերէ բաղկացած ըլլալու մասին պնդումները։ Անցեալին այդ պնդումները ներկայացուեցան հասարակութեան մէջ որոշ համբաւ վայելած կարգ մը լիպերալներու կողմէ։ Կ՚ըսէին թէ բարձր ուսում ստացած, աշխարհի ներկայ հաւասարակշռութիւններուն տիրապետող, նորարար կազմերով գոյացած կուսակցութիւնը մեծ ներուժ ունի երկրին եւ տարածքաշրջանին բարօրութիւնը ապահովելու համար։ Իբրեւ թէ իւրացուցած էին ԵՄ-ի թելադրած ժողովրդավարական սկզբունքները։ Այս պնդումները մեզ, աշխարհի անցուդարձերուն ձախակողմեան հայեացքով հետեւողներուս համար երբէք իրաւացի չէին թուէր։ Սակայն կշիռքի միւս նժարին վրայ կային այնպիսի ատելի ազգայնականներ, որոնք Հանրապետական Թուրքիոյ հիմնարկութենէն այս կողմ գործուած բոլոր չարիքներու մեղաւորներն էին։ Երկընտրանքը կը գոյանար չարին փոքրագոյնը արժեւորելու հանար։
Անցնող տարիներու ընթացքին ականատես եղանք նախ այդ խաբկանքի սնամէջութեան։ Կուսակցութեան մէջ չկայ Էրտողանի արկածախնդրութիւնները սանձելու կարող միտք մը։ Քաղաքական հեռանկարի բացակայութեան մէջ Էրտողան յաջողեցաւ երկու չարիքներու համագործակցութիւնը ապահովել։ Ներկայիս աջակողմեան ճակատը համալրուած է թէ ազգայնական եւ թէ կրօնական հոսանքներով։
Սոյն չարագործութեան դաշինքն է որ Նախագահ Էրտողանի իշխանութեան համարձակութիւն կը շնորհէ համաշխարհային գետնի վրայ իրերայաջորդ կերպով նոր խնդիրներ ստեղծելու համար։ Այդ խնդիրներու առաջինն էր Արեւմտեան աշխարհի ջանքերով սկսած Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը։ Իշխանութեան դէմ բողոքի ցոյցերը առիթ համարող ԱՄՆ եւ Եւրոպայի քաղաքական գործիչներ իսկոյն զէնք մատակարարեցին ընդդիմադիր շարքերուն։ Խրախուսեցին քաղաքական պատերազմը, ոչնչացնելու համար Իսրայէլի դէմ ամենալուրջ հակարակորդ համարուած երկիրը։ Թուրքիա մեծ ակնկալութիւններով միջամուխ եղաւ հարեւան երկրի մէջ ծագած հրդեհին, բայց աւարտին ձեռնունայն դուրս եկաւ իր դիրքը ալ աւելի ամրացնող Ասատի դիմաց։
Արեւմուտքի նոյն ուժերը յաջողած էին Լիպիոյ մէջ ալ Գնդապետ Քատաֆին գահընկեց ընելու, որմէ ետք երկրէ ներս տիրեց քաօսային վիճակ։ Էրտողան հոն եւս մաս կազմեց խրովութեան խորացման, զօրակցելով «Մուսուլման եղբայրներ» շարժումին։ Փորձեց խափանել մարտնչող կողմերու բանակցութեան աշխատանքները, բայց չյաջողեցաւ։ Վերջապէս հրահրեց Արցախի դէմ Ատրպէյճանի յարձակումը, խոստանալով ահաբեկիչներէ բաղկացեալ մարդուժ, զէնք ու զինամթերք։ Հոս եւս անսպասելի էր Արցախի պաշտպանութեան բանակի հզօր դիմադրութինը։ Երկու, երեք օրերու ընթացքին աւարտելի պատերազմը հասած է 20. օրուան եւ նախայարձակ կողմը կը դժուարանայ իր դիրքերը պահելու։ Մանաւանդ ալ համաշխարհային շրջանակներ յամառօրէն կը մերժեն Ալիեւի Թուրքիոյ ալ բանակցութեան կողմ համարուելու մասին առաջարկները։ Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածի մէջ Յունաստանի, Ֆրանսայի, Եգիպտոսի եւ Իսրայէլի համագործակցութենէն դուրս դասուած Թուրքիա այժմ վերջին փորձ մը կ՚ընէ Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութենէ ներս խրովութիւն ստեղծելով։ Կը փորձէ միջամտել նախագահական ընտրութիւններուն, Կիպրոսը դաշնակցային պետութեան մը վերածել ուզող Մուսթաֆա Աքընճըի ընտրուելուն արգելք ըլլալու համար։
Ցաւալի է թրքական Կիպրոսի մատնուած այս սպառնալիքը։ Կիպրացի թուրքեր ներկայիս կը պարզեն երկու անջատ հատուած՝ տեղացիներ եւ 1974-ի արշաւումէն ետք Թուրքիայէն գաղթածներ։ Այս երկրորդ խմբակը, որ գրաւած է յոյներու լքեալ գոյքերը, հաւատարմութիւն կը պահէ Թուրքիոյ նկատմամբ։ Իսկ տեղացիներ գիտեն թէ եթէ բացակայի դրսէն եկած քրքրութիւնները, աւելի բարգաւաճ եւ քաղաքակիրթ կենցաղ պիտի ունենայ տեղացի յոյներու հետ դաշինք կնքելով ու ԵՄ-ի անդամ Կիպրոսի քաղաքացի դառնալով։
pakrates@yahoo.com