Լենին մարդ արարածը կը բնութագրէ անոր «գործիք սարքելու եւ գործածելու» ունակութիւնով։ Իսկապէս ալ կենդանական աշխարհի, յատկապէս ալ գազաններու մէջ մարդն է որ չէ գոհացած իր մկաններով ու ատամներով, եւ շատ աւելի մեծ ուժի տիրացած է շնորհիւ օգտագործած իրերուն։ Նախնադարեան այդ որ Նէանտերթալն էր որ առաջին անգամ մտաբերեց փոխանակ ճանկելու կամ խածնելու, քարի հարուածով մը ջարդել թշնամու գանկը։ Եւ ապա այդ քարը պահեց ձեռքի տակ՝ իբրեւ օգտաշատ գործիք կամ զէնք։ Ապա գիւտը ըրաւ նետի, նիզակի, լախտի, մետաղներու մշակումով ալ թուրի։
Չինացիք վարօթի պայթուցիկ յատկութենէն օգտուեցան որպէս զուարճանքներու, տօներու, ուրախութիւններու հրավարութեան նիւթ։ Արեւմտեան միտքն էր որ վառօդը սեղմեց նեղլիկ խողովակի մը մէջ ու անոր պայթումով բազմահարիւր մեթր հեռու շպրտեց գնդակը։
Ափսոս որ մարդու գոյութիւնը մինչեւ օրս պայմանաւորուած է ուրիշ մարդկանց վերացման վրայ։ Այդ է որ Նէանտերթալի քարը այսօր ալ կը պահէ իր կարեւորութիւնը։ Իրաքեան պատերազմի թէժ օրերուն ամերիկացիք մարդկութեան կը ծանօթացնէին իրենց նոր զինատեսակը, որ կարող էր փլել գետնափոր եօթյարկանի ապաստարանի ամենախոր հատուածը իսկ։ Հեռուստաէկրանով կը ծանօթացնէին անոր գետին մխրճուելէ ետք իւրաքանչիւր յարկի վրայ կրկին ու կրկին պայթելով մինչեւ յատակ կործանող յատկութիւնը։
Բ. Աշխարհամարտը աւարտին հասաւ ամենակործանիչ երկու ռումբերու միջոցաւ։ Ճափոնական երկու քաղաքներու բնակչութինը զանգուածային սպանդի մատնուեցան։ Ամերիկացիք հիւլէական ռումբերով կործանեցին Հիրոշիմա եւ Նակազաքի քաղաքները, որոնց վերապրողներու յաջորդող սերունդները, իսկ վարակուեցան շողարձակման պատճառած հիւանդութիւններով։
Յաջորդող տարիներուն փորձուեցանք դառն իրողութեան մը հետ։ Զէնքերու մրցումը անվերջանալի էր։ Պաղ պատերազմի տարիներուն գերտէրութիւնները մրցակցութիւնը փոխադրեցին դէպի անջրպետ։
Սակայն կայ նաեւ մի այլ փորձութիւն։ Պատերազմի արդիւնքը ճշդողը միանշանակ զէնքը չէ, այլ մարդու կամքն ու հաւատը իր մղած պայքարին հանդէպ։ Արա Կիւլեր ծիծաղելով կը լսէր գերարդիական լուսանկարչական գործիքի մը յատկութիւնները։ «Եթէ լաւագոյն լուսանկարը պիտի առնէ լաւագոյն լուսանկարչական գործիք ունեցողը, այդ դէպքին լաւագոյն գրամեքենայ ունեցողն ալ պարտի լաւագոյն վէպը գրել» ըսած էր վարպետը։ ԱՄՆ զէնքի անհամեմատելի հզօրութիւն ունէր Վիէթնամի դէմ, բայց չէր կրցած խուսափիլ ամօթալի պարտութենէ։ Կարելի է թուել նաեւ Խորհրդային միւթեան նման օրինակը Աֆղանսանի մէջ։
Եթէ կը բացակայի մարտիկի նուիրումը, զէնքը կ՚ապահովէ լոկ աւելի մեծ թիւով մարդասպանութիւն, բայց ոչ երբեք յաղթանակ։
Ղարաբաղեան պատերազմը ունի տխուր երեւոյթ, ըստ որուն մարտնչող կողմերը հաւասարապէս համոզուած են թէ կը պայքարին հայրենիքի ազատագրման համար։ Ատրպէյճանցի զինուորը կ՚ուզէ ազատագրել իր երկրի գրաւեալ տարածքները, եւ հայ զինուորը նոյնպէս։ Կռուախնձոր Ղարաբաղը հայկական հող է, բայց ոչ Հայաստան։ Իր պատմութեան մէջ ենթարկուելով հանդերձ ռուսաց ցարի կամ պարսից շահի արշաւանքին, միշտ պահած էր իր ինքնիշխանութիւնը։ Ստալինի քաղաքական նկրտումներով պատրաստած ազգային քարտէսագրութեան մէջ իսկ շարունակեց ինքնավար մնալ։ Այդ չէր նշանակեր թէ անկախացած Ատրպէյճան դիւրաւ կուլ տար այդ ինքնավարութիւնը, կիրարկելով բնակչութեան ճարտարագիտութեան դրութիւն մը, որ յաջողած էր Նախիջեւանի օրինակով։
Ինչպէս որ Վրաստան չէ յաջողած Հարաւային Օսէթիան, Ապխազիան կամ Աճառիան կուլ տալ, Ատրպէյճան ալ դատապարտուած է ճանչնալ Ղարապաղի անկախութիւնը։