ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Հայերը դէպի ճակատ կը վազեն՝ իսկ ատրպէյճանցիք այլուր

Չափազան­ցութիւն պի­տի չըլ­լայ եթէ ըսենք թէ բազ­մա­թիւ ազ­դանշան­նե­րով ու քայլ առ քայլ եկաւ 27 Սեպ­տեմբե­րի առա­ւօտեան կա­յացած յար­ձա­կու­մը։ Նա­խապէս Հա­յաս­տա­նի Արտ. Գործ. Նա­խարա­րը Գա­հիրէի մէջ կա­տարած մամ­լոյ ժո­ղովի ըն­թացքին նշած էր Թուրքիոյ իշ­խա­նու­թիւննե­րու Սու­րիայէն դէ­պի Ատրպէյ­ճան վարձկան զի­նուոր­ներ փո­խադ­րե­լու մա­սին լսումնե­րը։ Ապա թրքա­կան թեր­թե­րու մէջ հրա­տարա­կուե­ցաւ նաեւ այդ զի­նեալ­նե­րու Այնթա­պի մէջ խարսխո­ւած ըլ­լա­լու եւ հոն­կէ ալ Ատրպէյ­ճան ուղղար­կո­ւելու մա­սին տե­սանիւ­թեր եւ լրա­տուու­թիւն։ Կի­րակի օրո­ւայ յար­ձա­կու­մը նաեւ ու­նէր ազ­դա­շան­ներ, քա­նի որ հա­զիւ քա­նի մը օր առաջ Լաւրով յայ­տա­րարու­թիւն ու­նե­ցած էր Ղա­րաբա­ղի շրջա­կայ­քի գրա­ւեալ եօթը տա­րածքնե­րէն հին­գը լքե­լու մա­սին։ Միւս կող­մէ Թուրքիոյ մա­մու­լին մէջ կը հրա­տարա­կուէին ՓՔՔ-ական­նե­րու Ար­ցա­խի մէջ գտնո­ւելու մա­սին լու­րեր։ Այդ լու­րե­րը կը մեր­ժո­ւէին Ար­ցա­խեան իշ­խա­նու­թիւննե­րու կող­մէ, սա­կայն այդ հեր­քումնե­րը եր­բեք չէին ար­ձա­գան­գո­ւէր Թուրքիոյ մա­մու­լին կող­մէ։ Այս բո­լորը ան­շուշտ որ ազ­դանշան­ներ էին մօ­տակայ բա­խումնե­րու հա­մար։ Այժմ մի­ջազ­գա­յին լրա­տուա­միջոց­ներ կը հնչեց­նեն խիստ հե­տաքրքրա­կան զար­գա­ցումներ ըստ որոնց Սու­րիայէն եկած ճի­հատա­կան­նե­րը ըն­կե­րային լուրջ ան­հանգստու­թիւններ պատ­ճա­ռած են Ատրպէյ­ճա­նի մէջ։ Ահա­բեկիչ­նե­րը ճնշում գոր­ծադրած են տե­ղացի­ներու վրայ, պա­հան­ջե­լով որ ար­գի­լուի ալ­քո­լային խմիչ­քե­րու վա­ճառ­քը, կի­ները փո­ղոց չել­լան առանց լա­չակով ծած­կո­ւելու։ Եթէ այս բո­լորը դժգո­հու­թիւն կը յա­ռաջաց­նէ Ատրպէյ­ճա­նի հա­սարա­կու­թեան մօտ ահա­բեկիչ­նե­րը իրենք ալ ան­հանգիստ են շիանե­րու հա­մար պա­տերազ­մե­լու երե­ւոյ­թէն։ Ըստ իրենց հա­մոզ­մամբ սուննի ահա­բեկիչ­նե­րը իրենց հա­մար աւե­լի ըն­դունե­լի կը գտնեն քրիս­տո­նեանե­րը, քան շիանե­րը։ Ամէն պա­րագա­յի անոնք ըն­դունած են 1500 ԱՄՆ տո­լարի վարձքի մը փո­խարէն եր­թալ Հա­յաս­տան եւ հոն պա­տերազ­միլ լոկ փո­ղի հա­մար։

Յայտնի է, որ այս պա­տերազ­մի ըն­թացքին պի­տի ոտ­նա­կոխո­ւին մի­ջազ­գա­յինօ­րէն հա­մաձայ­նո­ւած բո­լոր կա­նոն­նե­րը եւ Ատրպէյ­ճա­նական կող­մը պի­տի չվա­րանի քա­ղաք­նե­րը եւ խա­ղաղ բնա­կիչ­նե­րը թի­րախ դարձնե­լէ։ Այս վար­կա­ծի փաստն ալ կու գայ նոյն ինքն Ատրպէյ­ճա­նական քա­րոզ­չութե­նէ։ Չէ որ Ատրպէյ­ճան կռիւ­նե­րուն սկսած առա­ջին վայրկեանէն իսկ կը փոր­ձէ կեղծ լու­րեր տա­րածել, ըստ որու Հա­յաս­տան կը յար­ձա­կի բնա­կավայ­րե­րու վրայ։

Եթէ ճա­կատ­նե­րու վրայ պա­տերազ­մը կ՚ըն­դա­նայ ռմբա­կոծու­թիւննե­րով, մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ նոյնքան կա­րեւոր ճա­կատ մը կը կազ­մէ քա­րոզ­չութիւ­նը։ Ու­րեմն պար­տա­ւոր ենք զգօն ըլ­լալ բո­լոր ապա­տեղե­կատո­ւական ծու­ղակնե­րուն դի­մաց։ Ճիշդ ալ այս հանգրո­ւանին յա­տուկ նշա­նակու­թիւն կ՚ու­նե­նայ ճշգրիտ լու­րի հաս­նե­լու կա­րեւո­րու­թիւնը։

Բնա­կանա­բար մարտնչող կող­մե­րը պի­տի փոր­ձեն նո­ւազ ցոյց տալ իրենց կո­րուստնե­րը եւ փո­խարէ­նը կա­րելի եղա­ծին չափ չա­փազան­ցել ու բարձր ցոյց տալ հա­կառա­կոր­դի կո­րուստը։ Սա­կայն եթէ փոր­ձենք նոյ­նիսկ պաշ­տօ­նական լու­րե­րու ընդմէջ իմաստներ փնտռել ու­շագրաւ է Ատրպէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թեան բա­ցի Թուրքիայէ դէ­պի այլ եր­կիրներ բո­լոր թռիչ­քնե­րը ար­գի­լելու որո­շու­մը։ Ար­դեօք ատրպէյ­ճանցի­ներ կը վախ­նան թէ, եթէ ճամ­բա­ները բաց ըլ­լան երկրի քա­րաքա­ցինե­րը փա­խուստ տան իրենց սե­փական կեան­քը փրկե­լու հա­մար։ Միւս կող­մէն զա­նազան հե­ռուստա­կայան­նե­րէն կը դի­տենք հայ կա­մաւոր­նե­րու դէ­պի ճա­կատ եր­թա­լու հա­մար պատ­րաստա­կամու­թեան մա­սին զա­նազան տե­սանիւթ։ Յայտնի է որ պա­տերազ­մի նշա­նակու­թիւնը բո­լորո­վին տար­բեր է եր­կու եր­կիրնե­րու հա­սարա­կու­թեան հա­մար։

pakrates@yahoo.com