ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Յաւերժի ճամբորդի ոդիսականը

Ան­ձայն շար­­ժանկա­­րի շրջա­­նին կա­­րեւո­­րագոյն դէմ­­քե­­­րէն մէկն է «Շար­­լօ» անու­­նով ծա­­նօթ Չարլզ Չեփ­­լին։ Ան թէեւ հա­­սարա­­կու­­թեան յի­­շողու­­թեան մէջ դրոշ­­մո­­­ւած է իր իւ­­րա­­­յատուկ տա­­րազով ու կա­­տակ­­նե­­­րով, բայց ինչպէս բո­­լոր հան­­ճարնե­­րը, դա­­սակա­­նացած է նաեւ իր գա­­ղափար­­նե­­­րով ու պատ­­գամնե­­րով ալ։ «Բռնա­­կալը» ֆիլ­­մի մէջ հե­­տաքրքրա­­կան է անոր ար­­տա­­­սանած «ազա­­տու­­թեան ար­­ժա­­­նի են մեռ­­նիլ գիտ­­ցողնե­­րը» նա­­խադա­­սու­­թիւնը։

Մար­­դը՝ որ բնազ­­դա­­­բար պի­­տի խնա­­յէ կեան­­քը, ո՞ր պայ­­մաննե­­րու բեր­­մամբ պի­­տի գի­­տակ­­ցի սե­­փական կեան­­քը զո­­հելու պատ­­րաստա­­կամու­­թեան։ Ի՞նչն է այդ հա­­կասու­­թիւնը իրո­­ղու­­թեան վե­­րածող գոր­­ծօ­­­նը։

Այս հար­­ցումնե­­րը կը խու­­ժեն միտքս, երբ հա­­մաշ­­խարհա­­յին հա­­յու­­թիւնը ոգե­­ւորու­­թեամբ կը տօ­­նէ Հա­­յաս­­տա­­­նի Գ. Հան­­րա­­­պետու­­թեան հիմ­­նադրու­­թեան 29- ամեակը։ Ազ­­գա­­­յին գի­­տակ­­ցութեան ձե­­ւաւո­­րուած ԺԹ դա­­րէն այս կողմ հա­­յուն մեծ երա­­զան­­քը եղած է ան­­կախ պե­­տու­­թեան մը տի­­րանա­­լը։ Բայց ար­­դեօք այդ այդպէ՞ս է։ Դժո­­ւար է այս հար­­ցումին իս­­կոյն «այո» պա­­տաս­­խա­­­նել։ Ի դա­­րու տե­­ւողու­­թեամբ հայ ժո­­ղովուրդը ու­­նե­­­ցաւ պե­­տակա­­նաց­­ման երեք ըն­­թացք, որուն հա­­մակեր­­պե­­­ցաւ լոկ պայ­­մաննե­­րու բեր­­մամբ։

Ա. Հան­­րա­­­պետու­­թեան հռչակ­­ման, յատ­­կապս ալ ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան նա­­խոր­­դող տա­­րինե­­րուն ճիշդ էր որ կար ազա­­տու­­թեան տեն­­չով տո­­գորո­­ւած գա­­ղափա­­րապաշտ յե­­ղափո­­խական զան­­գուած մը, սա­­կայն պար­­տինք նշել որ այդ զան­­գուածը գլխա­­ւորու­­թեամբ եկե­­ղեց­­ւոյ, կը հա­­լածո­­ւէր իր սե­­փական ժո­­ղովուրդին կող­­մէ, ար­­կա­­­ծախնդրու­­թեամբ ազ­­գին կոր­­ծանման պատ­­ճառ դառ­­նա­­­լու մտա­­վախու­­թեամբ։

Հա­­յոց քա­­ղաքա­­կան միտ­­քը միւս բո­­լոր ազ­­գե­­­րէ, նոյ­­նիսկ թուրքե­­րէ աւե­­լի հա­­մակեր­­պած էր Օս­­մա­­­նեան հզօր կայսրու­­թեան մէջ անվտանգ գո­­յատե­­ւելու խոր­­հուրդին։ Տար­­բեր չէր արե­­ւելա­­հայե­­րու մեր­­ձե­­­ցու­­մը ռու­­սա­­­կան կայսրու­­թեան հան­­դէպ։ Նոյ­­նիսկ օր­­հա­­­սական պա­­հերուն հա­­ւատա­­րիմ մնա­­ցած ենք մեր վրայ իշ­­խող կայսրու­­թիւննե­­րուն։ Այդ հա­­ւատար­­մութեան հե­­տեւանքնե­­րը ծա­­նօթ են բո­­լորիս։ Ար­­դա­­­րեւ 1918-ի հան­­րա­­­պետու­­թեան ծնունդ տո­­ւողը ոչ թէ մեր ազա­­տատենչ պայ­­քարն էր, այլ Սար­­դա­­­րապա­­տի կամ Բաշ Ապա­­րանի, Ղա­­րաքի­­լիսէի հայ ազ­­գը ամ­­բողջո­­վին վե­­րաց­­նե­­­լու հա­­մար կա­­տարո­­ւած թրքա­­կան յար­­ձա­­­կու­­մի դէմ հե­­րոսա­­կան դի­­մադ­­րութիւ­­նը։

Նոյ­­նը կա­­րելի է ըսել Գ. Հան­­րա­­­պետու­­թեան հռչակ­­ման հա­­մար։ Եթէ մեր կամ­­քէն բո­­լորո­­վին ան­­կախ կեր­­պով տա­­րան­­ջա­­­տուած չըլ­­լար Խորհրդա­­յին եր­­կի­­­րը, հա­­յերս դոյզն իսկ չէինք մտա­­ծեր ան­­կախ պե­­տակա­­նու­­թեան մա­­սին։ Սա­­կայն որ­­քան հե­­տաքրքրա­­կան է թէ հոն եւս ու­­նե­­­ցանք դի­­մադ­­րութիւն, ի դէմ Ար­­ցա­­­խի ինքնա­­վար մար­­զը կուլ տա­­լով իր ազ­­գա­­­յին պե­­տու­­թեան տի­­րանալ չա­­նացող Ատրպէյ­­ճա­­­նի։

Ու­­րեմն այս եր­­կու օրի­­նակ­­նե­­­րէն մեկ­­նե­­­լով կա­­րելի է եզ­­րա­­­կաց­­նել թէ հա­­յը մեռ­­նիլ գի­­տէ միայն այն պա­­հուն, երբ հա­­կառա­­կոր­­դը կը փոր­­ձէ զինք վե­­րաց­­նել։ Իսկ եթէ իս­­կա­­­պէս գի­­տակ­­ցած ըլ­­լա­­­յինք պե­­տակա­­նու­­թեան ար­­ժէ­­­քին, ար­­թեօ՞ք աւե­­լի քան 25 տա­­րիներ կը հան­­դուրժէինք անցման շրջա­­նին սունկի նման բուսնող օլի­­կարխնե­­րու աւա­­զակու­­թեան։ Այդ խայ­­տա­­­ռակու­­թիւնը վերջ գտաւ շնոր­­հիւ թաւ­­շեայ յե­­ղափո­­խու­­թեան, որ իր կար­­գին դար­­ձեալ հա­­մազ­­գա­­­յին դի­­մադ­­րութիւն մըն էր, որ կը խոս­­տա­­­նար եթէ ոչ բո­­լորո­­վին կա­­սեց­­նել, բայց գո­­նէ մա­­սամբ նո­­ւազեց­­նել ար­­տա­­­գաղ­­թի կոր­­ծա­­­նիչ հո­­սան­­քը։

Չէինք գի­­տակ­­ցած թէ թա­­լանո­­ւող գոր­­ծա­­­րան­­նե­­­րը մեզ բո­­լորիս կը պատ­­կա­­­նին։ Այդ իսկ պատ­­ճա­­­ռաւ ալ հե­­ռուից դի­­տեցինք աւա­­զակ­­նե­­­րու գոր­­ծող հաս­­տոցնե­­րը թա­­լանե­­լու ու թա­­փօնի գնով Իրան կամ Թուրքիա վա­­ճառե­­լու դժբախտ երե­­ւոյ­­թը։

Պի­­տի սի­­րենք յու­­սալ թէ այդ երե­­ւոյթնե­­րը ան­­ցեալին մնա­ցին ու ապա­գան վկա­յու­թիւնը պի­տի ըլ­լայ հա­յոց չքնաղ երկրի ծաղկման։

pakrates@yahoo.com