Հաւանաբար աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու քաղաքական անցուդարձներու մէջ Թուրքիան է առաջինն է՝ որ յաճախակի կերպով կը շահագործէ «Ահաբեկիչ» ածականը։
Տասնամեակներէ ի վեր Թուրքիոյ բոլոր կառավարութիւնները եւ պետական մարմինները երկրին գոյութեան սպառնացող իբրեւ գլխաւոր վտանգ ահաբեկչութիւնը համարած են։ Ոչ միայն կառավարութիւնները, այլ միայն մէկ բացառութեամբ բոլոր քաղաքական կուսակցութիւնները, դատական համակարգը, սպայակոյտը եւ բազմաթիւ հասարակական կազմակերպութիւն համաձայն են այս վարկածին։ Հասարակ ժողովուրդի մտքի խորերուն քանդակուած է երկիրը անջատելու միտող ահաբեկչութեան մը առկայութիւնը։ Այս համոզումը այնքան հաստատօրէն իւրացուցած է որ, անկարելի է անոր իրողութեան մասին վիճել։ Անցեալին, Տիյարպէքիրի փաստաբաններու կաճառի նախագահ Թահիր Էլչի առարկած էր այդ համոզումին, եւ գործած մեղքը հատուցած իր կեանքով։ Ի՞նչ էր Թահիր Էլչիի ըսածը. «ՓՔՔ, թէեւ անցեալին այդ իմաստին համապատասխանող արարքներ ունենալով հանդերձ, իրականութեան մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը չէ, այլ զինեալ դիմադրութիւնը որդեգրած ազատատենչ քաղաքական կուսակցութիւն մը»։
Այսքանը բաւարար էր, որ նախ դատ բացուէր իր այդ խօսքերուն դէմ եւ ապա քայլ առ քայլ յառաջանար դէպի մահափորձ տանող ճանապարհը։ Գործադրութիւն մը՝ որուն ծանօթ ենք Հրանդ Տինքի սպանութեան օրինակով։
Անշուշտ որ ահաբեկչութիւն կոչուածը հիմնականին պատերազմելու անպաշտօն եղանակն է, որ ձեռնտու է նախ անիրաւուած եւ հզօր պետութիւններու դէմ անզօր մնացողներու համար։ Յիշենք Լէյլա Հալիտ անունը եւ Պաղեստինի խնդրին համաշխարհային ուշադրութիւն գոյացնելու համար մարդատար ինքնաթիռներու առեւանգման դէպքերը։ Յիշենք հայոց ցեղասպանութեան համաշխարհային մոռացութեան մը մատնուելուն դէմ պայքարող ԱՍԱԼԱ-ի գործիչները։ Այս բնոյթի օրինակները կարելի է շատացնել Իրլանտիայէն մինչեւ Քաթալաններու, Պասիքերու երկիրներ, Հնդկաստանէն մինչեւ Հոնկ-Քոնկ եւ այլուր։
Ահաբեկչութիւնը ընդհանրապէս կը դատապարտուի խաղաղ բնակիչներու, քաղաքացիներու կեանքը խլելուն բերմամբ։ Հասարակ ժողովուրդի զանգուածային սպանութեան իրաւունքը վերապահուած է պետութիւններուն։ Օսամէ Պին Լատինի Նիւ Եորքեան աշտարակներուն յարձակումը ահաբեկչութիւն է եւ պէտք է պատժուի։ Իսկ աւագ կամ կրտսեր Պուշերու (ՄԱԿ-ի բոլոր առարկութիւններով հանդերձ) Աֆղանստանի եւ Իրաքի դէմ յարձակումները որպէս պետական ոճիր մնացին ու կը մնան անպատիժ։
Այս բոլորը կը յիշենք լսելով Հայաստանի ԱրտԳործ նախարար Զոհրապ Մնացականեանի Գահիրէի մէջ ունեցած մամլոյ յայտարարութիւնը։ Մնացականեան Եգիպտոսի մայրաքաղաքին մէջ նշեց թէ Թուրքիա, բազմաթիւ վարցկան զինուորներ ուղղարկած է Ատրպէյճան։ Այստեղ նշուած վարձկան զինուորները այն ահաբեկիչներն են, որոնք Իրաքի եւ Սուրիոյ, ապա Լիպիոյ մէջ ծառայեցին Թուրքիոյ քաղաքական նպատակներուն։ Ծանօթ իրողութիւն է թէ իրենց մէջ յաճախակի կերպով բաժանուող, ապա նոր անուանումով ներկայացող այդ խմբակները ընդմիշտ ծառայեցին այս կամ այն պետութեան հաշիւներուն, փոխարէնը ստանալով մարդավաճառութեան, աւազակութեան, թալանի իրաւունքներ եւ շատ անգամ ալ մեծ գումարներու հասնող ամսավճարներ։
Աշխարհի ամենաստորին ասպարէզն է դիւանագիտութիւնը, որ ի պահանջեալ հարկին անվարան կը դիմէ ահաբեկչութեան, կը սնանի մարդու մսով ու կը յայտնուի քաղաքավարութեան ամէն տեսակ կեղծիքով ու սուտով։ Իսկ ինք՝ ահաբեկիչը շատ անգամ զոհն է այդ դիւանագիտական ընտրանիին։
pakrates@yahoo.com