Հայաստանի Հանրապետութենէ ներս բռնկած կարեւոր բանավէճի մը նիւթն էր «Հայ եկեղեցուոյ պատմութիւն» դասանիւթի ուսման ծրագրէն դուրս բերելու մասին որոշումը։ Շատեր համոզուած են որ այս խորագիրը իսկ կ՚ապացուցէ թէ նման նիւթի մը դասաւանդումը անհրաժեշտ է հայու ինքնութիւնը բնութագրելու առումով։ Որոշ ճշմարտութիւն կայ նման համոզումի մէջ։ Իսկապէս ալ ներկայիս հայու ինքնութիւնը շատերու համար կը բացատրուի քրիստոնէական կրօնով։ Պատկերացում իսկ չունինք ոչ քրիստոնեայ հայու մը կերպարին մասին։ Հայուն ցեղասպանութեան ենթարկուելու գործօններէն մէկն ալ անոր հաւատն էր։
Խնդիրն այն է թէ նման նիւթը պիտի դասաւանթուի լոկ քարոզչական բնոյթով։ Ոչ ոք պիտի համարձակի հայոց պատմութեան մէջ եկեղեցուոյ ունեցած բացասական դերակատարութեան մասին արտայայտուիլ։ Պիտի կրկնուի Խոր Վիրապի առասպելը, բայց զանց պիտի առնուի հայ ժողովուրդին իր չաստուածներէ հրաժարումը մերժելով մատնուած կոտորածները։ Ինչպէս այլ դաւանափոխութիւններ, քրիստոնէութիւնն ալ բաւականին արիւն հեղեց մինչեւ որ դառնայ հայոց ազգային կրօնը։
Արդարեւ մենք կը նշենք հայոց աշխարհի վրայ քրիստոնէութիւնը պաշտօնապէս ընդունաց առաջին պետութիւնը ըլլալու հազար եօթհարիւրամեայ դարադարձը։ Այդ պահուն չենք անդրադառնար թէ պետական կրօն ու ազգային կրօնը տարբեր հանգամանքներ են։ Պետական կրօնը իւրացուեցաւ Տրդատ թագաւորի կողմէ, իր անողոք հիւանդութեան հրաշք բուժման հետեւանքով։ Ուրեմն կարելի է հետեւցնել թէ եթէ հրաշք գործող Գրիգոր Լուսաւորիչ փոխանակ քրիստոնեայ քարոզիչ մը ըլլալու, հաւատար այլ կրօնի եւ գործեր այդ ուղղութեամբ, մենք թերեւս ներակայանայինք իբրեւ պրահմանական, պուտտայական, զրադաշտ կամ ղըզըլպաշ։ Ի դէմ թագաւորի կամքին, երկար տարիներ հայ ազգը հաւատարիմ մնաց իր նախկին սրբութիւններուն։ Այդ է պատճառը թէ հեթանոսական բոլոր տօները ձեւով մը յարմարցուեցան նոր կրօնի պատմութեան եւ խաղողօրհնէքը դարձաւ Սրբուհի Մարիամի տօն կամ Տրնտէզը Տիարընդառաջ։
Որոշ է որ յետադիմական շրջանակներու մեծ ոգեւորութեամբ պահանջած դասանիւթի մէջ դոյզն իսկ տեղ պիտի չունենայ հեթանոսական տաճարներու վայրաքօրէն փլուզման պատումները։ Նոյնպէս ակնարկութիւն մը իսկ պիտի չըլլայ այդ վայրաք հոսանքին դէմ ժողովուրդի ինքնապաշտպանական բնոյթով դիմադրութեան մասին։
Խորհրդային իշխանութեան տարիներուն, պետական քաղաքականութեան մը համաձայն ժողովուրդը զրկուեցաւ իր աւանդական պաշտամունքի եղանակներէն։
Մարդ արարածը միամիտ է եւ կը յուսայ ոչ իրատէս կերպով։ Մենք ալ պիտի յուսաինք թէ հայ եկեղեցին ունենար իր առանձնայատկութիւնը եւ դէպի լոյս ապագայ առաջնորդեր իր հոտը։ Բոլորովին սնամէջ չեր այդ ակնկալութիւնը։ Պատմութեան մէջ ունեցած ենք նման կամք դրսեւորող հոգեւորականներու փառահեղ շարք մը։ Այդ անուններուն կը պարտինք մեր ազգային գիտութիւնը եւ գրականութիւնը։
Ակնկալեցինք թէ Հայաստանի մէջ եկեղեցին չըլլար այն ինչ, որն է՝ Թուրքիոյ մէջ մզկիթը։ Ցաւօք կը հետեւինք թէ այդ երկու կառոյցները կը բաժնեն նման կեցուածք, արդի մարդուն բոլոր պահանչներուն հանդէպ։
Նախկին իշխանութեան գործիչներն ալ իրենց հակայեղափոխական ռազմավարութեան մէջ առաւելագոյն կերպով կը շահագործեն եկեղեցւոյ պահպանողական ոգին։
Պարտաւոր ենք զգօն ըլլալու։ Կարողութիւն եւ իրաւունք չունինք անգամ մը եւս եկեղեցւոյ սխալ կողմնորոշումներով տուժելու։ Ազգին գործիչները հնազանդելով Խրիմեան Հայրիկի «Երկաթէ շերեփ» առակի հրամայականին երբ կը փորձէին ապստամբիլ բռնակալ պետութեան դէմ, եկեղեցին է որ կը դիմադրէր անոնց կամքին։ Հետեւանքը պարզ է բոլորիս համար։
pakrates@yahoo.com