ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Յոյսի ճրագ մըն է, որ հանգաւ

Պայմանները այնպէս պարտադրեցին, թէ իւրաքանչիւր օր փորձուած ըլլանք նոր երեւոյթով մը, նոր փորձութիւնով մը։ Վերամուտ է, բայց բոլորովին անսովոր երեւոյթներով։ Երկրի Կրթութեան Նախարարը ափսոսանքով կը նշեր, որ առաջին դասապահը յայտարարող զանգակը կը հնչեցնէ փոխանակ նախորդ տարիներու նման դպրոցի պարտէզը, այն մեկուսացուած դասարանի մը մէջ։ Տեղին է այդ ափսոսանքը, որովհետեւ երեւոյթներ կան, որոնց զրկանքը միայն պատահած պահուն կը զգանք։ Այդ փորձառութիւններու առումով իսկապէս ալ իմաստալից տարեմուտ մըն է, որ կ՚ապրինք եւ աւելին այս պահուն ոչ ոք կրնայ պատկերացում մը ունենալ ուսման տարեշրջանի աւարտին մեզ սպասող ակնկալութիւններու հանդէպ։ Միտքէ չանցածներն է, որ պատահեցան եւ փորձուեցանք անհաւատալի պատկերներով։

Կրկին անգամ հաստատուեցաւ «Ամէն բան մեզի համար է» խօսքի իրողութիւնը։

Բոլորս ալ, երբ կը մատնուինք այս կամ այն կերպ անիրաւութեան մը իսկոյն կը դիմենք փաստաբանին։ Չէ որ փաստաբանը օրէնքներու մասնագէտ է եւ ինքն է որ օրէնքներու սահմանումին մէջ մեր իրաւունքը պաշտպանելու եղանակը։ Երբ դատական համակարգի փտածութիւնը հասած է անընդունելի աստիճանի, փաստաբաններն ալ անզօր կը մնան իրենց առաքելութեան մէջ։ Այս տխուր երեւոյթը ապրեցանք ի գին երիտասարդ իրաւապաշտպանի մը սովամահ ըլլալուն։

Էպրու Թիմթիք խիստ քաղաքականացուած դատարանի մը կողմէ դատուեցաւ եւ դատապարտուեցաւ կանխաւ վճռուած բանտարկութեան պատիժի։ Հասարակ մարդիկ թերեւս կարենան այս կատարուածը յանձն առնել։ Բայց նոյնը ինչպէս պիտի սպասենք մէկէ մը, որուն կարծես թէ կեանքի իմաստը պիտի ըլլայ արդարութիւնը։ Այո, սովորականներս կրնանք նոյնիսկ համակերպիլ անիրաւութեան։ Գիտակցելով որ արտակարգ ժամանակի մը թելադրածը այդ է։ Բայց նոյնը պիտի չկարենար ընել Էպրու Թիմթիք եւ արդէն ալ չէ կրցած։ Մարդկային բնազդն է ի գին ամէն բանի խնայել սեփական կեանքը։ Իսկ Թիմթիք գիտակցաբար ընտրեց իր կեանքը զոհելու եղանակը։ Ոմանց համար յիմարութիւն մըն էր,։էտք էր մինչեւ վերջ մաքառէր կեանքը շարունակելու համար։ Ամէն ինչի համակերպելու ունակ մտայնութեան համար դժուար հասկնալի է Էպրու Թիմթիքի որդեգրած ծանր դերը։ Անդին կը մնայ ձայնակցիլ ու միշտ վառ պահել անոր անարդարութեան դէմ աղաղակը։ Վերջին հաշուով արդար դատաստանի մը մէջ մենք եւս պիտի ունենանք մեր մեղքի բաժինը։ Պիտի հարցնեն ինչո՞ւ համար չէք կրցած փրկել զինք։ Անցեալին կը յիշեմ թէ Մահիր Չայան եւ իր ընկերները իրենց երեք ընկերներուն կախաղան ելլելուն արգելք ըլլալու համար դիմած էին բոլոր տրամաբանութիւններէ հեռու պայքարի եղանակներու եւ այդ ճամբուն վրայ ալ աւանդած էին իրենց կեանքը։

Կարծես լսելու նման կ՚ըլլամ «Ինչ որ ալ ըլլայ պէտք չէր զիրենք զոհաբերելը»։ Համակարծիք եմ բայց չեմ յանդգնիր այդ կարծիքը խոստովանելու իսկ։ Անդին կը մնայ ցաւակցիլ նախ իր ծնողաց ու հարազատներուն եւ ապա բոլոր անոնց, որոնք մարդկային արժանապատուութիւնը վեր կը դասեն ամէն ինչէ։

Եւ կայ աւելին Այթաչ Իւնսալ նոյն անարդարութեան դէմ, նոյն եղանակով կը շարունակէ պայքարիլ։ Ուրեմն այս պահուն նոր հրամայական մըն է Այթաչի համար ձայն բարձրացնել եւ չարտօնել որ, այս անմարդակին սարքը կեանք մը եւս կուլ տայ յանուն իր իշխանութեան։

pakrates@yahoo.com