ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Բարբարոսը


Դիմատետրի էջերուն վրայ պատահաբար կը հանդիպինք հետաքրքրական նկարահանումներու։ Ոմանք կը տեղադրեն անասուններու աշխարհին վերաբերող մերթ ծիծաղելի, մերթ ալ զարմանալի նիւթեր։ Ափ ի բերան կը դիտենք կատուի ու դեղձանիկի համերաշխ բարեկամութիւնը։ Գիտենք թէ շունն ու կատուն բնազդաբար իրար վանող անասուններ են։ Սակայն երբեմն կը դիտենք այդ բնազդային հակադրութեան հակասող երեւոյթներ։

Վերջերս հանդիպեցայ տեսանիւթի մը, որ կը յիշեցներ մարդ արարածի բնազդային վայրագութիւնը։ Հազիւ 20 տարեկաններուն երկու ընկերներ, զրուցելով կը քալէին մայթին վրայ։ Անոնցմէ մին, յանկարծակի որոշումով մը ուժգին աքացի մը տուաւ ճամբու եզրի նորատունկ մատղաշ ծառին։ Տեսնելով թէ չէ յաջողած կոտրել ծառին կոճղը, կրկնեց նոյն հարուածը, որ դարձեալ ապարդիւն էր։ Քանի մը աքացիի հարուածէ ետք, կարծես ընդունած ըլլար պարտութիւնը, շարունակեց իր երթը արդէն քանի մը քայլ յառաջացած ընկերոջ հասնելու համար։ Ապա չես գիտեր ի՞նչ թրթումով, յանկարծ վերադարձաւ եւ կրկին ոտքով հարուածեց հէք ծառին։ Զարմանալիօրէն կը դիմադրէր ծառը։ Երիտասարդը տեսաւ որ աքացիի հարուածներով կարելի չէ զայն կոտրել, ոստում մը ըրաւ ու պոկեց անոր ներքեւի ճիւղերէն մէկը։ Այս անգամ յաջողած էր, կրկին փորձ մը եւ պոկուած երկրորդ ճիւղ մը։ Ապա երրորդ, չորրորդ, հինգերորդ ճիւղերով հասաւ իր նպատակին։ Վերջապէս յաջողեցաւ ծառի կոճղն ալ կոտրել ճիշդ ալ ճիւղարձակած հատուածէն։ Այս բոլորէն ետք ան շարունակեց իր երթը, առանց դոյզն իսկ մտածելու թէ ինչո՞ւ վնասած է ճամբեզրի ծառին։

Նման երեւոյթներու հանդիպած եմ նաեւ սեփական աչքերով։ Օրինակի համար առանց պատճառի, իր ճամբուն քայլող կատուի մը յանկարծ աքացիի մը հարուածով թաւալգլոր գալուն։ Երբ հարցուցած եմ «ինչո՞ւ», ստացած եմ շատ գոհացուցիչ պատասխան՝ «քեզի ինչ»։ Նման պատասխան տալու առիթ չէր ունեցած այն սրիկան, որ իրեն համար հաճելի զուարճանքի վերածած էր իր պահած «Փիթ պուլ» շանը փողոցի կատուները յօշոտելը։ Հարեւանները հաւաքաբար հալածած էին զինք եւ հազիւ օձիքը ազատած էր անոնց ձեռքէն։

Երկրի օրէնքներն ալ կը խրախուսեն այս տեսակի արարքները։ Թուրքիոյ պատժական օրէնքի մէջ անտէր անասունը պաշտպանող պատժամիջոցներ ընդհանրապէս կը բացակային։ Նման պատժամիջոցներ ի զօրու են միայն տէր ունեցողներուն համար։ Հոն ալ պաշտպանուածը անասունի իրաւունքը չէ, այլ տիրոջ սեփականութիւնը, նոյնիսկ եթէ օրէնքի բառամթերքով արտայայտուինք «ապրանքը»։

Այս տողերու գրուած պահուն Թուրքիոյ Արտ. Գործ. Նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտարարութիւններ կ՚ընէր «Եղբայր Ատրպէյճան»ին զօրակցելու նիւթով։ «Ատրպէյճան ո՞ր միջոցով ալ շարժի, մենք պատրաստ ենք իրեն զօրակցելու» ըսաւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը։ Ուշագրաւ էր այդ ելոյթին մէջ նշուած «որ միջոցով ալ շարժի» շեշտադրումը։ Համաշխարհային մարդկութիւնը միաբերան կը խօսի «բանակցութիւններու ճամբով խաղաղ լուծում»ի մը մասին, Չաւուշօղլու կանանչ լոյս կը շնորհեր Ատրպէյճանի ռազմատենչ քաղաքականութեան։

Ակամայ մտաբերեցի ծառին վնասելու համար վերադարձող բարբարոսը։ Ան քանի մը քայլ յառաջանալէ ետք է որ վերադարձած էր իր չարագործութիւնը աւարտելու համար։ Երկիրներու պատմութեան մէջ հարիւր տարին ալ համազօր է մարդու քանի մը քայլին։ Թուրքիոյ քաղաքական միտքը 1920-ին պարտուած էր Սարդարապատի դիմադրութեան դիմաց։ 2020-ին այդ կիսատ մնացած չարիքը կատարին հասցնելու համար կը շահագործէ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութիւնը։

Ըստ երեւոյթի ներկայ համաշխարհային մարդկութիւնը չունի իմ երբեմնի հարեւաններու ուժն ու կամքը, որ սաստած ու կարգի բերած էր փողոցի կատուները իր պահած կատաղի շան ատամներուն տակ սատկեցնող հիւանդագին սրիկան։

pakrates@yahoo.com