ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Քօղածածկ համայնքի օրինականութիւնը

Ըն­կե­րային ու հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու գոր­ծունէու­թեանց մէջ կա­րեւո­րագոյն սկզբունքնե­րէն մէկն է թա­փան­ցի­կու­թիւնը։ Յատ­կութիւն մը, որ եր­կար տա­րինե­րէ ի վեր կը բա­ցակա­յի մեր հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րէ ներս։

Բո­լոր այն կա­ռոյցնե­րը, որոնք ընտրու­թիւնով ստանձնած են իրենց վար­չա­կան օրի­նակա­նու­թիւնը, պար­տա­ւոր են ցան­կա­ցած պա­հուն հա­շիւ տալ զի­րենք պաշ­տօ­նի կո­չած հան­րութեան։ Սա ժո­ղովրդա­վարա­կան աշ­խարհա­հայեաց­քի պար­տադրած անհրա­ժեշ­տութիւն մըն է։ Ժո­ղովրդա­վարա­կան պե­տու­թիւններ եւ պե­տական կա­ռոյցներ այս հա­շուե­տուու­թեան հա­մար են­թա­կայ են օրէնքնե­րով ճշդո­ւած հաս­տա­տու­թիւննե­րու քննարկման։

Հան­րա­պետա­կան շրջա­նի մեր հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւններն ալ այդ առու­մով հա­շուե­տու են եր­կու պաշ­տօ­նական մարմնի՝ «Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թիւն» եւ գա­ւառա­պետու­թեան (քայ­մա­քամ) մի­ջոցաւ ալ Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թիւն։

Ափ­սոս որ 1961-ի սահ­մա­նադ­րութեան գոր­ծադրու­թե­նէն այս կողմ չու­նինք ազ­գա­յին վե­րահսկու­մի մը մի­ջոցը։ Պատ­րիար­քա­րանը լիազօ­րուած չէ որե­ւէ եկե­ղեց­ւոյ Թա­ղական խոր­հուրդի հա­շիւ­նե­րը քննար­կե­լու։ Հա­մայնքա­յին որոշ հաս­տա­տու­թիւններ բա­րեացա­կամու­թեան հի­ման վրայ յօ­ժար կամ­քով կը ներ­կա­յաց­նեն իրենց տա­րեկան ելմտա­կան հա­շուե­ցու­ցա­կը։ Սա­կայն կան նաեւ հաս­տա­տու­թիւններ, որոնք կը մեր­ժեն նման հա­շուե­տուու­թիւնը, ան­փութօրէն պատ­ճա­ռաբա­նելով թէ պե­տական մար­միննե­րը ար­դէն կա­տարած են իրենց քննու­թիւննե­րը։

Պէտք չէ մոռ­նալ թէ պոլ­սա­հայ հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու վա­րիչ­նե­րը ընդհան­րա­պէս կը պատ­կա­նին խա­նութպան դա­սակար­գին, որոնք մեծ ճկու­նութեամբ կրնան զա­նազա­նել իրենց պաշ­տօ­նակա­նացած, այ­սինքն հար­կա­տու եկա­մու­տը եւ ան­պաշտօ­նը։ Շա­տեր, բո­լորո­վին հասկնա­լի պատ­ճառնե­րով եր­կար տա­րիներ իրենց ղե­կավա­րած հաս­տա­տու­թիւննե­րու մէջ ալ կի­րար­կե­ցին «պաշ­տօ­նական» եւ «բաց» հա­շիւ­նե­րու դրու­թիւնը։ Ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նութեան հաս­տա­տու­թիւններ, եր­կար տա­րիներ մատ­նո­ւած մնա­ցին պե­տական ծանր ճնշումնե­րու։ Առանց վե­րին մար­միննե­րու թոյլտո­ւու­թեան, իրա­ւունք չու­նէին կոտ­րած ապա­կի մը իսկ փո­խելու։ Այդ պայ­մաննե­րու մէջ անհրա­ժեշ­տութիւն էր ու­նե­նալ «բաց» հա­շիւ մը, որուն մի­ջոցաւ պի­տի դի­մագ­րա­ւուէին ան­մի­ջական ծախ­սե­րը։

Նման դրու­թիւն մը կը կա­րօտի վար­չա­կան­նե­րու հան­դէպ ան­վե­րապահ վստա­հու­թեան։ Սա­կայն միշտ չէ որ գո­յացած է այդ վստա­հու­թիւնը։ Ընդհա­կառակ, յա­ճախ լսո­ւած են զեղ­ծա­րարու­թեան բազ­մա­թիւ երե­ւոյթներ, որոնք ընդհան­րա­պէս մնա­ցած են բան­բա­սան­քի սահ­մա­նին մէջ։ Ի վեր­ջոյ հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թեան մը վար­չութեան մէջ ծա­ռայե­լը միշտ ալ դի­տուած է իբ­րեւ նո­ւիրում կամ զո­հողու­թիւն։ Այդ դրո­ւած­քի մէջ հա­սարա­կու­թիւնը, յատ­կա­պէս ալ մա­մու­լը խու­սա­փեցաւ այդ «անձնո­ւէր» գոր­ծիչնե­րը խրտչեց­նե­լէ։

Ոչ ոք հար­ցուց թէ Ս. Եր­րորդու­թեան թա­ղակա­նու­թիւնը ի՞նչ ար­ժո­ղու­թեամբ ամառ­նա­յին առանձնա­տուն մը նո­ւիրած է ո՞ր ոս­տի­կանա­պետին, ի՞նչ ակնկա­լու­թեամբ։ Ոչ ոք հար­ցուց թէ ո՞վ տո­ւաւ Ս. Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցի դա­րաւոր ար­խի­ւը իբ­րեւ թուղթի թա­փօն «Սէ­քա» ու­ղարկե­լու որո­շու­մը։

Այս բո­լորը իբ­րեւ ան­պա­տաս­խան մնա­ցած հար­ցումներ, որոշ ժա­մանակ խօ­սուե­ցան ըն­կե­րային կեան­քի մէջ, ապա առանց պա­տաս­խան մը գտնե­լու մատ­նո­ւեցան մո­ռացու­թեան։

Թա­փան­ցի­կու­թեան բա­ցակա­յելու երե­ւոյթնե­րէն մէկն ալ հա­մայնքա­յին խնդիր­նե­րու քննար­կո­ւած ժո­ղով­նե­րուն դռնփակ կա­յանալն է։ Ոչ ոք, նոյ­նիսկ մեր թեր­թե­րը չեն հարցներ թէ ի՞նչ ու­նին հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րը իրենց ժո­ղովուրդէն իսկ գաղտնի պա­հելու հա­մար։

Թա­փան­ցի­կու­թեան բա­ցակա­յու­թիւնը բնա­կանա­բար կը յա­ռաջաց­նէ կաս­կածներ, որոնք ի վեր­ջոյ կը սպառ­նան գաղտնա­պահու­թեան դի­մող կա­ռոյ­ցի օրի­նակա­նու­թեան։

pakrates@yahoo.com