ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Հեռու ենք սթափելու հանգրուանէն

Կար­ծես թէ բա­ւակա­նին լուրջ փոր­ձանք մը չըլ­լար պսա­կաձեւ ժահ­րի հա­մավա­րակը, աշ­խարհի զա­նազան ան­կիւննե­րէն կը հաս­նին մտա­հոգիչ զար­գա­ցումնե­րու մա­սին լու­րեր, որոնց ազ­դե­ցու­թիւնը եր­բեք սահ­մա­նուած չէ տո­ւեալ եր­կի­րով։

Հա­մաշ­խարհա­յին ներ­կայ դրու­թեան մէջ իւ­րա­քան­չիւր զար­գա­ցում դրա­կան, թէ բա­ցասա­կան իր անդրա­դար­ձը կ՚ու­նե­նայ շատ աւե­լի հե­ռու հո­րիզոն­նե­րու վրայ։

Մենք բնա­կանա­բար հա­մաշ­խարհա­յին բնոյ­թի այս ան­ցուդարձնե­րուն կը հե­տեւինք մեր ապ­րած եր­կի­րէն՝ Թուրքիայէն։ Սա­կայն յստա­կօրէն կը տես­նենք թէ Թուրքիոյ մէջ պա­տահած­նե­րը իրենց ցո­լացու­մը կ՚ու­նե­նան տար­բեր եր­կիրնե­րու մէջ եւս։ Այս առու­մով զար­մա­նալի նմա­նու­թիւններ կը տես­նենք աշ­խարհի տար­բեր եր­կիրնե­րու քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րու մի­ջեւ։ Թուրքիոյ նա­խագահ Էր­տո­ղանի եւ Պե­լառու­սի նա­խագահ Լու­քա­շեն­քո­յի մեր­ձե­ցումնե­րուն նմա­նու­թիւննե­րը տես­նե­լով կա­րելի չէ զար­մանքի չմատ­նո­ւիլ։ Նոյն եղա­նակով կը մե­ղադ­րեն կնոջ իրա­ւունքնե­րու պաշտպան­նե­րը։ Նոյն ատե­լու­թեան պատ­գամնե­րով կը հա­լածեն սե­ռային տար­բեր նա­խասի­րու­թիւն ու­նե­ցող ան­հատնե­րը։ Եւ ան­շուշտ այդքան ալ չէ։ Պրա­զիլի նա­խագահ Պոլ­սո­նարօ եւ Հունգա­րիոյ նա­խագահ Օր­պան կու գան միանալ իրենց եւ հետզհե­տէ աշ­խարհի վրայ կը կազ­մեն պահ­պա­նողա­կանու­թեան մար­դու իրա­ւունքնե­րը ան­տե­սելու հզօր միաձայ­նութիւն մը։

Ու­շագրաւ երե­ւոյթ է թէ յե­տադի­մական­նե­րը ըլ­լայ Թուրքիոյ, ըլ­լայ Հա­յաս­տա­նի մէջ նոյն պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւննե­րով կը բո­ղոքեն Իս­թանպու­լի Հա­մաձայ­նագրու­թեան դէմ։ Իս­թանպու­լի Հա­մաձայ­նագրու­թիւնը կը մի­տէր կնոջ ան­հա­տակա­նու­թիւնը վե­րադա­սելով ըն­կե­րու­թեան մէջ անոր լիար­ժէք հա­ւասա­րու­թեան տի­րանա­լուն։ Կը մտադ­րէր այրիշ­խան հա­սարա­կու­թիւննե­րու յատ­կա­պէս տու­նե­րէ ներս, ըն­տա­նեկան յար­կի տակ կի­ներու դէմ գոր­ծադրո­ւած ճնշումնե­րը կան­խե­լու։ Այսքա­նը բա­ւարար էր, որ Հա­յաս­տա­նի Թուրքիոյ կամ Լե­հաս­տա­նի յե­տադի­մական­նե­րը միաձայն երգչա­խումբ մը կազ­մե­լով աղա­ղակեն ըն­տա­նեկան սրբու­թիւննե­րու վտան­գո­ւած ըլ­լա­լու մա­սին։ Տա­րածեն կո­պիտ սու­տեր ըստ որու Իս­թանպու­լի Հա­մաձայ­նութիւ­նը պի­տի խրա­խու­սէ միասե­ռակա­նու­թիւնը։

Եկուր տես, որ այս աղ­մուկի տա­րափին մէջ Նոյն Պոլ­սո­նարօ Ամա­զոնի ան­տառնե­րը զո­հած է եկամ­տա­բեր նա­խաձեռ­նութիւննե­րու։ Նոյնպէս Թուրքիոյ մէջ երկրի բնա­կան պա­շար­նե­րը լրջօ­րէն վնա­սուած են հա­մաշ­խարհա­յին քա­ղաքա­կանու­թիւնը ճշդող ու­ժե­րու նա­խասի­րու­թիւննե­րուն գո­հացում տա­լու հա­մար։

Երկրի ամե­նաբեր­րի դաշ­տե­րը դէմ առ դէմ մնա­ցած են անա­պատաց­ման վտան­գին հետ։ Բա­ցի շա­հաբեր նպա­տակ­նե­րէ ռազ­մա­կան ակնկա­լու­թիւննե­րով ալ կը վնա­սուին երկրի բնու­թիւնը։ Քրտաբ­նակ տա­րած­նե­րու մէջ թրքա­կան բա­նակը դի­տումնա­ւոր կեր­պով հրդեհ­նե­րու տե­ղի կու տայ ան­տա­ռածածկ տա­րածքնե­րու մէջ։ Երկրի արեւմտեան շրջան­նե­րու մէջ եթէ մնան հրդեհ մը պա­տահի իս­կոյն շարժման կ՚անցնին հրշէջ բո­լոր մի­ջոց­նե­րը։ Զան­գո­ւածա­յին լրա­տուա­միջոց­նե­րը ահա­զանգ կը հնչեց­նեն «Թո­քեր­նիս կ՚այ­րի» ըսե­լով։ Իսկ Քիւրտիս­տա­նի մէջ իշ­խա­նու­թիւննե­րը ար­գելք կ՚ըլ­լան նոյ­նիսկ տե­ղացի ժո­ղովուրդին իր սահ­մա­նափակ մի­ջոց­նե­րով հրդե­հին դէմ պայ­քա­րելու դի­մաց։

Ահա­ւասիկ այս պա­հուն է, որ ստի­պուած ենք պա­տաս­խան գտնե­լու թէ ին­չու հա­մար Էր­տո­ղանի կա­ռավա­րու­թիւնը ամ­բողջ երկրի օրա­կար­գը կը զբա­ղեց­նէ Սուրբ Սո­ֆիայի տա­ճարին մզկի­թի վե­րածո­ւելուն ան­տե­ղի նիւ­թով։

Նա­խապէս իշ­խա­նու­թիւննե­րը իրենց ստա­ցած պաշ­տօ­նէն օգ­տո­ւելով անօ­րէն եղա­նակ­ներ կը ստեղ­ծէին շուրջին­նե­րը հարստաց­նե­լու հա­մար։ Այ­սօր երկրա­գունդն է որ կը կո­ղոպ­տո­ւի իր բնա­կան պա­շար­նե­րու կե­ղեքու­մով։

Ափ­սոս որ­քան հե­ռու ենք սթա­փելու հանգրուանէն։

pakrates@yahoo.com