Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներ այս օրերուս մատնուած են շատ լուրջ խնդիրներու ծանր ճնշումին։ Մենք այս երեւոյթը դիտելով մեր ապրած երկիրէն՝ Թուրքիայէն, մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւինք իւրաքանչիւրը ծանր հետեւանքներ պատճառող զանազան խնդիրներու։
Անոնցմէ առաջինը պսակաձեւ ժահրի համավարակն է, որ աշխարհի բոլոր երկիրներու կարգին մեծ գլխացաւ դարձած է նաեւ Թուրքիոյ մէջ։ Ի դէմ ձեռնարկուած բազմաբնոյթ կանխամիջոցներու, կարելի չէ եղած վարակի ծաւալումը կանխել։ Այստեղ կարեւոր գործօն մըն է հասարակութեան տգիտութիւնը գոյացող ծանր վտանգին հանդէպ։ Կասկած չկայ որ համավարակը եւ անոր դէմ ձեռնարկուած կանխամիջոցները ծանր հետեւանքներ ունեցան եւ տակաւին պիտի ունենան երկրին արդէն իսկ անկայուն տնտեսական համակարգին վրայ։
Թուրքիա հետեւելով դրամապաշտ դրութեան ցուցմունքներուն, ինք իր ձեռքով խորտակեց երկրի գիւղատնտեսական արտադրութիւնը։ Մինչեւ քանի մը տասնեակ տարիներ առաջ ընդհանուր համոզում կը տիրէր թէ Թուրքիա աշխարհի այն բախտաւոր երկիրներէն է, որուն հողագործութեան բերքը կրնայ սնանել սեփական ժողովուրդը։ Այսօր բաւական հեռու ինկած ենք այդ հաստատումէն, քանի որ բազմաթիւ ընդեղէն, ներառեալ ցորենը եւ նոյնիսկ հասարակ խոտը ներածելու հարկադրութեան մատնուած ենք։ Դարձեալ համաշխարհային դրամապաշտ համակարգի ցուցմունքներու հիման վրայ մեծ թափ տրուած է ելեկտրական ուժանիւթի արտադրութեան։ Ի գին այդ արտադրութեան ցամքած են բազմաթիւ գետեր։ Գետերու ցամաքման զուգահեռ ցամքած էր նաեւ բազմաթիւ լիճեր։ Մասնագէտներ ահազանգ կը հնչեցնեն հողի մշակումի յարմար շերտին օրէ օր նուազումին դիմաց։ Այս երեւոյթը կը նկարագրեն «անապատացում» ըլլալով։
Բնական աւերներու կողքին աչքառու է նաեւ ընկերային կեանքի մէջ յայտնուած թերութիւնները։ Կրօնական եւ ազգայնական պատգամներով անընդունելի համեմատութիւններու հասած է կիներու դէմ բռնութիւնը։ Լրատուամիջոցները համարեա ամէն օր մէկ կամ յաճախ մէկէ աւելի կանանց դաժան սպանութիւններու մասին լուրեր կը հաղորդեն։ Համեմատագրութիւնները կ՚ապացուցեն թէ ոճրագործները ընդհանրապէս ընտանիքի անդամներ են։ Այդպէս ըլլալով հանդերձ իշխող կառավարութիւնը կեղծ սրբութիւն կը վերագրէ «ընտանիք» հասկացողութեան եւ կ՚անտեսէ կնոջ անհատականութիւնը եւ այդ անհատականութենէն հիմք առած իրաւունքները։ Այդ վայրագ հասկացողութեան դէմ իրենց բողոքը յայտնելու համար փողոց ելած կանայք այս անգամ ալ կ՚ենթարկուին ոստիկանութեան բիրտ վերաբերմունքին։
Այս շաբաթուայ երկու կարեւոր անցուդարձները կ՚արժէ նշել։ Առաջինը 2015-ի 20 Յուլիսին դէպի Քոպանի մարդասիրական օգնութիւն փութացնելու համար մէկտեղուած 33 երիտասարդներու մահապարտի մը ձեռքով դաժան սպանութեան յիշատակումն էր։ Զանազան քաղաքներու մէջ այդ սպանդը պախարակելու համար հաւաքուած խումբերը ցրուեցան ոստիկանութեան բիրտ միջամտութեամբ։ Նոյնը պատահեցաւ ուսանողուհի Փընար Կիւլթեքինի սպանութեան դէմ բողոքի ձայն բարձրացնողներուն։
Այս ընդհանուր համայնապատկերին մէջ պէտք է նշենք նաեւ Վանայ Լճի մէջ կործանուած նաւու գաղթականները, որոնցմէ 60-ին դիակները յայտնաբերուեցաւ եւ տակաւին ոչ ոք գիտէ թէ ընդհանուրը քանի հոգի էր նաւուն ուղեւորները։
Դժոխքի մը պատկերն է պարզուածը, իսկ Էրտողանի կառավարութիւնը ժողովուրդին կը թելադրէ ուրախանալ Սուրբ Սոֆիայի տաճարին իսլամադաւան պաշտամունքի վերաբացուելուն համար։
pakrates@yahoo.com