Պատերազմական լրատուութիւնը ամենախրթին նիւթերէն մէկն է լրագրութեան մէջ։ Խրթին է որովհետեւ կողմերը որպէս ռազմավարութիւն կը դիմեն իրողութիւնները խեղաթիւրելու ճամբուն։ Կողմերը միշտ կը չափազանցեն հակառակորդի կորուստները եւ կը նուազեցնեն իրենց տուեալները։ Կիրակի օրէն ի վեր Հայ-Ատրպէյճանական սահմանին վրայ կրկին անգամ խախտուած է զինադադարի կանոնը։ Թէ Հայաստան եւ թէ Ատրպէյճան փոխադարձաբար իրար կը մեղադրեն նախայարձակ ըլլալու պնդումով։ Այս պահուն մենք անշուշտ, որ չենք կրնար ստուգել, թէ որն է ճիշդը։ Սակայն քաջ գիտենք թէ ո՞վ է ռազմատենչը։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ զինադադարի հռչակումէն այս կողմ ամէն առիթով կոչ կ՚ընէ զինեալ գործողութիւնով ազատագրել իբրեւ թէ իր երկրէն պոկուած Ղարաբաղը։ Շնորհիւ իր վարած բռնատիրական իշխանութեան յաջողած է երկրի հասարակութիւնն ալ համոզելու թէ Արցախը Ատրպէյճանական հող եղած է ամբողջ պատմութեան մէջ։ Այս պնդումը ներկայացնելու ժամանակ մտքովը իսկ չանցնէր թէ Լեռնային Ղարաբաղը շատ աւելի հին պատմութիւն ունի, քան որպէս երկիր իր իշխած Ատրպէյճանը։ Արդարեւ Ալիեւ իր քարոզչութիւնը հիմնած է հայատեացութեան վրայ եւ միայն այդքանով իսկ կուշտ ու կուր կը վայելէ Թուրքիոյ զօրակցութիւնը։ Կ՚արժէ վերստին յիշել թէ զինադադարի հռչակումէն այս կողմ Հայ-Ատրպէյճանական սահմանին վրայ ցարդ իրականացած բոլոր յարձակումներու մէջ Ատրպէյճան եղաւ նախայարձակը եւ Հայաստան եղաւ իր դիրքերը պաշտպանողը։ Սակայն եկուր տես որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը երբեք չկրցան յաջողեցնել իրենց այդ յարձակումները եւ կրկին կրկին անգամ դուրս եկան իբրեւ տուժող կողմ։ Այս պահուն սակայն մեր դիմաց կը պարզուի ալ աւելի հետաքրքրական երեւոյթ մը։ Հիմա ատրպէյճանի ժողովուրդն է որ գլուխ կը ցցէ իր երկրի իշխանութեան դէմ, նոյնիսկ այս խռովութեան պայմաններուն մէջ։ Արդարեւ ըստ երեւոյթի բաւականին ծանր կը թուին Ատրպէյճանի զինուորական կորուստները, որոնց մէջ կը հանդիպինք բարձրաստիճան հրամանատարներու։ Բացի աստիճանակարգէն նաեւ թիւերով բարձր է Ատրպէյճանի կորուստը պատերազմի դաշտին վրայ։ Անշուշտ որ այդ կորուստը երբեք ու երբեք ուրախութիւն չպատճառէ մեզ, քանի որ մենք պիտի կարեւորենք մարդու կեանքը։ Կը խօսինք երիտասարդ կեանքերու մասին, կը խօսինք իր ծնողաց մինուճար պատանիներու կեանքերու մասին։ Կեանքեր՝ որոնք կապուած են ճակատեն բաւական հեռու քաղաքական գործիչի մը այս կամ այն հրահանգին հետ։ Բնաւ հակասութիւն չէ պատերազմին դէմ ըլլալ եւ սակայն անվարան կերպով հակադարձել թշնամիի յարձակումին։
Եթէ այսօր երիտասարդներ կը զոհուին ջոկատին վրայ պիտի գիտնանք թէ այդ կորուստներու գլխաւոր մեղաւորներն են իրենց քաղաքական նպատակներուն համար պատերազմներ հրահրողները։ Այստեղ մեղադրանքի լայն բաժին մը պէտք է յատկացնել համաշխարհային հասարակութեան, որ ինչպէս անցեալին այսօր ալ մեծ անփոյթութեամբ կը հետեւի այս զարգացումներուն առանց դոյզն իսկ կանխելու ջանք մը վատնելու։
Անոնց դիրքն ու կեցուածքը հարիւր տարի առաջ ալ նոյն էր, երբ ամբողջ ժողովուրդ մը կը խաչուէր իր սեփական երկրին մէջ։
Ուրեմն պարտինք մէկ կողմէն զօրակցիլ Հայոց բանակին իր երկրին ուղղեալ այս յարձակումի առնչութեամբ, իսկ միւս կողմէ սգալ երկու կողմերու ալ երիտասարդ զինուորներու կորուստին։
pakrates@yahoo.com