ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Պատրիարքը ժամանակաւորի ու յաւիտենականի միջեւ

Պատրիար­­քա­­­կան աթո­­ռը կաս­­կած չկայ, որ փշոտ գահ մըն է, որուն աթո­­ռակա­­լը պար­­տա­­­ւոր է զգօ­­նու­­թիւն պա­­հելու։ Աթո­­ռի ան­­սա­­­սանու­­թեան կա­­րեւո­­րագոյն հրա­­մայա­­կանն է հա­­ւասա­­րակշռու­­թիւն մը պա­­հել հա­­մաշ­­խարհա­­յին առօ­­րեայ զար­­գա­­­ցումնե­­րու դի­­մաց։ Այս ալ շատ ան­­գամ կը թե­­լադ­­րէ սա­­կաւա­­խօսու­­թիւնը։ Պատ­­րիար­­քը իր կար­­գին բե­­րու­­մով ստի­­պուած է ամե­­նօրեայ քա­­ղաքա­­կան բա­­նավէ­­ճերէ հե­­ռու մնա­­լու։ Այդ է որ աթո­­ռակա­­լին պի­­տի շնոր­­հէ վեհ հե­­ղինա­­կու­­թիւն մը։

Պատ­­րիարքնե­­րը մարդ են եւ բնա­­կանա­­բար ու­­նին անձնա­­կան հա­­մոզումներ, նա­­խասի­­րու­­թիւններ, նա­­խապա­­տուու­­թիւններ եւ հա­­կումներ։ Սա­­կայն այդ ընտրու­­թիւննե­­րու հրա­­պարա­­կու­­մը ինքնա­­բերա­­բար կ՚առնչո­­ւի նաեւ իր ներ­­կա­­­յացու­­ցած աթո­­ռին հետ։ Բո­­լորս կը յի­­շենք Գա­­զան­­ճեան Պատ­­րիար­­քի սրտանց հա­­կու­­մը Պա­­շիք­­թա­­­շի ֆութպո­­լի խումբին նկատ­­մամբ։ Ան նոյ­­նիսկ վար­­դա­­­պետու­­թեան շրջա­­նին իբ­­րեւ հա­­ւատա­­րիմ երկրպա­­գու կը յա­­ճախէր իր դի­­միմ մրցումնե­­րուն։ Սա­­կայն պատ­­րիարք ընտրո­­ւելէ ետք այդ նոյն հա­­կու­­մը սահ­­մա­­­նուած պի­­տի մնար միայն իր ան­­մի­­­ջական ըն­­կե­­­րական շրջա­­նակին հետ։ Ինչպէս ֆութպո­­լի նման նա­­խասի­­րու­­թիւն մը, պատ­­րիարքնե­­րը նաեւ կրնան ու­­նե­­­նալ քա­­ղաքա­­կան հա­­կումներ, նա­­խապա­­տուու­­թիւններ, բայց այդ բո­­լորը չեն կրնար հրա­­պարա­­կել, որով­­հե­­­տեւ կը ներ­­կա­­­յաց­­նեն հաս­­տա­­­տու­­թիւն մը եւ այդ հաս­­տա­­­տու­­թեան զու­­գա­­­հեռ նաեւ ազ­­գը։

Ան­­ցեալին ապ­­րած ենք այս դժբախ­­տութիւ­­նը 27 Մա­­յիս 1960-ի զի­­նուո­­րական յե­­ղափո­­խու­­թեան շրջա­­նին։ Թուրքիոյ հա­­յերը մեծ մտա­­տան­­ջութեամբ կը հե­­տեւէին Եաս­­սը Ատա­­յի դա­­տավա­­րու­­թիւննե­­րուն, միշտ պա­­հելով այն վա­­խը, թէ չ՚ըլ­­լայ որ այս հա­­շուե­­յար­­դա­­­րը հաս­­նի նաեւ Խա­­չատու­­րեան Պատ­­րիար­­քին։ Չէ որ Խա­­չատու­­րեան պատ­­րիարք այդ շրջա­­նին շատ սերտ յա­­րաբե­­րու­­թիւններ մշա­­կած էր օրո­­ւայ իշ­­խա­­­նու­­թեան՝ Ատ­­նան Մեն­­տե­­­րեսի կա­­ռավա­­րու­­թեան հետ։ Այդ յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու ետին կա­­յին Իս­­թանպու­­լի եր­­բեմնի կու­­սա­­­կալ Ֆահ­­րետտին Քե­­րիմ Կէօքա­­յի կամ Մկրտիչ Շել­­լե­­­ֆեանի նման ան­­հա­­­տական բա­­րեկա­­մու­­թիւննե­­րով գո­­յացած կապ մը։

Այ­­սօր ան­­գամ մը եւս կը նկա­­տենք նման սնա­­մէջ ինքնավստա­­հու­­թեան մը երե­­ւոյթնե­­րը, որոնք յան­­կարծ եթէ քա­­մին հա­­կառակ ուղղու­­թեամբ փչէ փոր­­ձանքա­­բեր կրնան ըլ­­լալ։

Ան­­տե­­­ղի էր Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիար­­քի «Կը նա­­խընտրեմ հե­­տաքրքիր զբօ­­սաշրջիկ­­նե­­­րու ձեռ­­քերնին լու­­սանկար­­չա­­­կան գոր­­ծի­­­քով աջ ու ձախ վազվզու­­քը տես­­նե­­­լու փո­­խարէն եր­­կիւղա­­ծու­­թեամբ աղօ­­թող հա­­ւատա­­ցեալ­­ներ տես­­նել Սուրբ Սո­­ֆիա տա­­ճարին մէջ» խօսքը։ Ահա այս դէպ­­քին մեզ բո­­լորիս հա­­մար երկրոր­­դա­­­կան է Պատ­­րիարք սրբա­­զանին տա­­ճարին մէջ ո՞ր պատ­­կե­­­րը տես­­նել ու­­զե­­­լու ընտրու­­թիւնը»։ Առաջ­­նա­­­կարգ եղո­­ղը Պատ­­րիար­­քը իր այս ելոյ­­թով հա­­ճելի թո­­ւիլ ու­­զեց օրո­­ւայ իշ­­խա­­­նու­­թեան, ի գին ամ­­բողջ քրիս­­տո­­­նեայ աշ­­խարհի հետ հա­­կասա­­կան դիր­­քի մատ­­նո­­­ւիլը։ Ուղղա­­փառ եկե­­ղեցին Իս­­թանպու­­լի Տիեզե­­րական Պատ­­րիար­­քէն մին­­չեւ Յու­­նաստան, Ռու­­սաստան կամ Ուկրա­­յինա սար­­սա­­­փի մատ­­նո­­­ւած են Սուրբ Սո­­ֆիայի տա­­ճարին մէջ նա­­մազի խոր­­հուրդէն։ Իսկ իշ­­խա­­­նու­­թեան տե­­սան­­կիւնով որ­­քա­­­նո՞վ հա­­ճելի եւ ըն­­դունե­­լի է Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիար­­քի խօս­­քե­­­րը, երբ ան իր պատ­­կե­­­րացու­­մը կ՚աւար­­տէ ըն­­դարձակ տա­­ճարի որոշ մէկ հա­­տուա­­ծին ալ եկե­­ղեցիի վե­­րածո­­ւելու առա­­ջար­­կով։

Պէտք է ճիշդ դա­­տել ան­­ցո­­­ղակա­­նը եւ յա­­րատե­­ւը։ Այ­­սօր հա­­ճելի թո­­ւելու հա­­մար նման սխալ յայ­­տա­­­րարու­­թիւններ կա­­տարե­­լով սի­­րաշա­­հիլ փոր­­ձո­­­ւած կա­­ռավա­­րու­­թիւնը ան­­ցո­­­ղականն է։ Իսկ մօտ վեց դա­­րի ան­­ցեալ ու­­նե­­­ցող պատ­­րիար­­քա­­­րանը եւ ան­­կէ ալ աւե­­լի հին աւան­­դութիւն մը եղող Յու­­նաց Տիեզե­­րական Պատ­­րիար­­քա­­­րանը յա­­ւիտե­­նական են։

Սխալ է յա­­ւիտե­­նակա­­նը զո­­հել ժա­­մանա­­կաւո­­րին հա­­ճելի թո­­ւելու հա­­մար։

Սխալ մը՝ որ ան­­ցեալին նոյն մի­­տու­­մով գոր­­ծած էր նաեւ Մես­­րոպ Բ. Պատ­­րիարք «Մենք ալ չենք ճանչնար Յու­­նաց Պատ­­րիար­­քի Տիեզե­­րակա­­նու­­թիւնը» ստե­­լով։

pakrates@yahoo.com