Բոլոր փառքերու գլխիվայր եղած շրջան մըն է, որ կ՚ապրինք։ Նոյնիսկ կարելի է ըսել բոլոր պատշաճութիւնները թաւալգլոր եղած են։ Այս հաստատումը կարելի է ուղղել պոլսահայ համայնքին, Թուրքիոյ ընկերաքաղաքական միջավայրին եւ նոյնիսկ համաշխարհային դիւանագիտութեան։ Նշենք օրինակներով՝ ծանօթ իրողութիւն է, որ Թուրքիոյ փոքրամասնութեան հաստատութիւնները երկար ժամանակէ ի վեր զրկուած են իրենց վարչութիւնները սովորական ընտրութիւններով ձեւաւորելու առիթէն։ Պետութիւնը պատճառաբանելով ընտրութեան վերաբերեալ նոր կանոնագրի մը պատրաստութիւնը արգիլած էր մինչեւ այդ ոեւէ թաղական կամ համայնքային ընտրութիւն կատարել։ Նկատի ունենալով անցնող տարիներու ընթացքին այդ կազմերէ ներս հրաժարումի կամ մահուան բերմամբ տեղի ունեցած նուազումները, խորհուրդ տուած էր կազմերը ամբողջացնել նշանակուած անուններով, որոնք պիտի վաւերացուէին Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան կողմէ։
Այս շաբաթ վերահասու եղանք թէ ինչպիսի եղանակներով կատարուած են այդ նշանակումները։ Արդարեւ Օրթագիւղի թաղական խորհուրդը լրացնելու համար նշանակուած է ատենապետ Իսքենտեր Շահինկէօզի որդին Աքսել Շահինկէօզ։
Իսկ Պիւյիւքտերէի Սուրբ Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ կազմը լրացնելու համար ալ Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան վաւերացումով նշանակուած է ատենապետ Մուրատ Սիւմէի դուստրը Մելիսա Ասլին Սիւմէն։ Այս վերջինը արդէն ներկայիս կը պաշտօնավարէ նաեւ Ռումելի Հիսարի Սուրբ Սանդուխդ եկեղեցւոյ կազմին մէջ։
Նման երեւոյթներու կը հանդիպինք իշխանութեան ձեռքը գտնուող կարգ մը քաղաքապետարաններէ ներս, Երեւոյթը օրակարգի կու գայ իբրեւ գայթակղութիւն։ Սակայն յայտնի է թէ պոլսահայութիւնը հետզհետէ ընտելացած է երկրի տիրող մշակոյթին եւ դոյզն իսկ անպատեհութիւն չի տեսներ կատարուածներուն հանդէպ։ Որքան մտահոգիչ է, որ պոլսահայոց պահպանողական շրջանակները մեծ վերապահութեամբ կը դիտէին կրօնափոխ եղած հայերու իրենց նախկին արմատներուն վերադառնալու մարմաջը։ «Ասոնք մկրտուելով կ՚ուզեն մեր հաստատութիւններու վարչութիւնները նուաճել եւ ապա շահագործել առկայ առիթները»։ Այսպէս կը յայտնէին իրենց կասկածամտութիւնը։ Ասացուածք կայ ուր կ՚ըսուի. «Դիմացինդ կը տեսնես քեզի պէս»։
Թուրքիոյ մէջ ալ օրէնքը թերացած է արդարութեան երաշխիքը ըլլալէ։ Ամենապարզ ճշմարտութիւնները անգամ կը պատժուին, երբ հաճելի չեն թուիր իշխող համակարգին։ Եւրոպայի Ալեւիներու Համամիութեան նախագահը ելոյթ մը ունեցած ու ըսած էր. «Հիթլեր ինչ որ կը նշանակէ հրէից համար, Եաւուզ Սուլթան Սելիմ նոյնը կը նշանակէ ալեւիներու աչքին»։ Սա պարզ կարծիքի արտայայտութիւն մըն է։ Կը ցոլացնէ պատմական ճշմարտութիւն մը, բայց այդ իրողութիւնը արգելք մը չի հանդիսանար որ հանրապետութեան նախագահը անարգելու մեղադրանքով դատ բացուի իր դէմ եւ պատժատուգանքի մատնուի։ Դատի նիւթ դարձած ելոյթին մէջ չէ նշուած նախագահի անունը, նոյնիսկ ակնարկութիւն մըն ալ չէ եղած իր հասցէին։ Սակայն դատարանը քաջ գիտէ, թէ այս կարծիքը անհաճոյ է նախագահի համար եւ կը տնօրինէ պատշաճը։ Այս տեսակի գայթակղութիւններու չափ ու սահմանը կարելի չէ որոնել Թուրքիոյ մէջ։
Երեւոյթը տարբեր չէ համաշխարհային դիւանագիտական դաշտի վրայ եւս։ Հոն ալ սուտն ու կեղծիքը ընդունելի գործօններ ըլլալով կը ներկայանայ եւ երկիրներու նախագահներ, վարչապետներ կամ նախարարներ մարդկանց աչքերուն մէջ նայելով ստելէ չեն վարանիր։ Սահակ Սրբազան Մաշալեան Պատրիարքական ընտրութիւններուն նախորդող շրջանին խօսած էր Պատրիարքարանէ եկող կոյուղիի հոտի մասին։ Ափսոս որ այդ հոտը այսօր ծաւալած է ամբողջ համայնքին, բովանդակ երկրին եւ նոյնիսկ ամբողջ աշխարհին։