ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Շուարած է մզկիթին աշտարակը գողացողը

Թրքե­րէն ասա­ցուածքնե­րու մէջ մերթ ընդ մերթ կը հան­դի­պինք շատ խո­րիմաստ օրի­նակ­նե­րու։ Անոնցմէ մէկն է՝ «Մզկի­թին աշ­տա­րակը գո­ղացողը պահ­պա­նակն ալ կը պատ­րաստէ»։ Իսկ եթէ թե­րացած ես յար­մար պահ­պա­նակ մը ճա­րելու դժո­ւար թէ թաքցնես գո­ղացածդ։ Թուրքիան հան­րա­պետու­թեան շրջա­նի իր ամ­բողջ պատ­մութեան ընթացքին կը փոր­ձէ գո­ղացած մզկի­թի աշ­տա­րակը աչ­քե­րէ հե­ռու պա­հելու, բայց չի յա­ջողիր։ Այստեղ եթէ փո­խաբե­րակա­նը պար­զել փոր­ձենք մզկի­թի աշ­տա­րակը հա­յոց ցե­ղաս­պանու­թիւնն է եւ կա­րելի չէ եղած այդ մեծ յան­ցա­գոր­ծութիւ­նը թաքցնե­լու ծա­ռայող հա­մոզիչ պատ­րո­ւակ մը ճա­րել։

Այ­սօր՝ 2020 թո­ւի առա­ջին կի­սամեակին երե­ւոյ­թը կը մնայ ան­փո­փոխ։

Թուրքիոյ պե­տու­թիւնը, թէ ինք հա­մոզո­ւած է եւ թէ երկրի 82 մի­լիոն բնակ­չութիւ­նը կը փոր­ձէ հա­մոզել թէ չէ պա­տահած ցե­ղաս­պա­նու­թիւն եւ այս բո­լորը հա­յոց ան­հիմն պնդումներն են միայն։ Հե­տեւա­բար խնդի­րը այս ըմբռնու­մով դի­տելով կը կար­ծէ թէ ազ­դե­ցիկ մի­ջոց­նե­րով պի­տի կրնայ ժխտել իր հաս­ցէին ուղղո­ւած այս զրպար­տութիւ­նը։

Ոչ միայն այ­սօր, այլ ան­ցեալին ալ բազ­մա­թիւ պե­տական գոր­ծիչներ նիւ­թը քօ­ղար­կե­լու հա­մար դի­մեցին տար­բեր բնոյ­թի մի­ջոց­նե­րու։ Օրի­նակի հա­մար եղաւ շրջան­ներ, ուր պե­տու­թիւնը Միացեալ Նա­հանգնե­րու մէջ մի­լիոն տո­լար­ներ շռայ­լեց կարգ մը հրեայ լո­պի ըն­կե­րու­թիւննե­րուն, որ­պէսզի այս նիւ­թին մէջ աջակ­ցին Թուրքիոյ։ Կ՚ար­ժէ յի­շել որ պա­տահե­ցան օրի­նակ­ներ, ուր խնդրոյ առար­կայ գու­մարներ փո­խան­ցո­ւած այդ ըն­կե­րու­թիւննե­րու գոր­ծա­դիր տնօ­րէն­նե­րը հա­յեր ըլ­լա­յին։ Ան­շուշտ որ գայ­թակղե­ցու­ցիչ երե­ւոյթ մըն էր, երբ այս իրա­կանու­թիւնը պար­զո­ւեցաւ Թուրքիոյ կարգ մը մա­մու­լի մի­ջոց­նե­րու վրայ։

Դժո­ւար բան է ճա­րահա­տու­թիւնը։ Մա­նաւանդ ստանձնել պար­տա­կանու­թիւն մը, ուր արե­ւը ցե­խով պի­տի ծե­փես որ­պէսզի ար­գելք ըլ­լաս անոր լոյ­սի շօ­ղին։ Ներ­կայ պա­հուն այս խիստ ծանր մար­տահրա­ւէրին դի­մաց կը գտնո­ւին Թուրքիոյ պե­տական այ­րե­րը, որոնք նա­խորդ օրե­րուն ամ­բողջ հինգ ժամ խորհրդակ­ցե­ցան նա­խագա­հի պա­լատին մէջ, որ­մէ ետք ծնաւ նա­խապէս բազ­միցս փոր­ձուած կան­խա­միջոց մը։ Ըստ այնմ պի­տի կազ­մո­ւի հա­սարա­կական ան­կախ կազ­մա­կեր­պութիւն մը, որու գլխա­ւոր պաշ­տօ­նը պի­տի ըլ­լայ ի սպառ հա­նել հայ­կա­կան պնդումնե­րը։

Նշենք որ ան­ցեալին այդ պար­տա­կանու­թիւնը ստանձնած հա­սարա­կական կամ կի­սապաշ­տօ­նական կազ­մա­կեր­պութիւններ միշտ ալ գտնո­ւած են։ Վա­յելած են պե­տու­թեան նիւ­թա­կան աջակ­ցութիւ­նը, բայց դոյզն իսկ չեն յա­ջողած իրենց առա­քելու­թեան մէջ։ Փո­խարէ­նը ան­կախ միտ­քը, պատ­մա­գիտու­թիւնը շատ աւե­լի մեծ ոս­տումնե­րով ու փաս­տա­ցի տո­ւեալ­նե­րով եկած է պար­զե­լու պատ­մա­կան ճշմար­տութիւ­նը։

Թուրքիոյ հան­րա­պետու­թիւնը ի զուր տեղ կը պայ­քա­րի իր իսկ խօս­քով հայ­կա­կան պնդումնե­րու դի­մաց։ Ներ­կայ դրու­թեան մէջ այդ պնդումնե­րը բարձրաց­նո­ղը աւե­լի շատ նոր սե­րունդի թուրք պատ­մա­բան­ներն են, քան հա­յերը։

Ներ­կա­յիս աշ­խարհի տար­բեր հա­մալ­սա­րան­նե­րու մէջ այս նիւ­թը հե­տազօ­տող թուրք կամ այ­լազգի ակա­դեմա­կան­նե­րը շատ աւե­լի բարձրա­ձայն կը ներ­կա­յաց­նեն պատ­մա­կան իրո­ղու­թիւնը, քան հա­յերը։ Այս մա­սին իբ­րեւ պե­տու­թիւն Հա­յաս­տա­նի կա­րեւոր ձեռքբե­րու­մը աշ­խարհի զա­նազան խորհրդա­րան­նե­րու մէջ ցե­ղաս­պա­նու­թեան պաշ­տօ­նապէս ճա­նաչումն է։ Բայց եկէք ըն­դունինք որ գի­տական աշ­խարհի նո­ւաճումնե­րը շատ աւե­լի ծան­րակշիռ դե­րակա­տարու­թիւն ու­նին բաղ­դատմամբ այս կամ այն երկրի խորհրդա­րանի, շատ ան­գամ ալ քա­ղաքա­կան դրդա­պատ­ճառնե­րով որ­դեգրած որոշու­մէն։

Իբ­րեւ վեր­ջա­բան նախ պէտք էր պահ­պա­նակը պատ­րաստէիք, ապա մզկի­թի աշ­տա­րակը գողնալ։

pakrates@yahoo.com