ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Մեղքի գիտակցութիւնը

Կեան­քը փոր­ձո­ւելու հա­մար տե­սակ տե­սակ երե­ւոյթներ կը պար­զէ մեր դի­մաց։ Այդ երե­ւոյթնե­րու մե­րօրեայ կա­րեւո­րագոյ­նը ըլ­լալ կը թո­ւի պսա­կաձեւ ժահ­րի հա­մավա­րակը։ Մեզ­մէ ո՞վ պի­տի հա­ւատար, եթէ պնդո­ւէր թէ նման վտան­գի մը դի­մաց ամ­բողջ աշ­խարհ պի­տի բաժ­նէ նման բնոյ­թի զրկանքներ։ Հա­րուստն ու աղ­քա­տը պի­տի յայտնո­ւին նոյն ան­ճա­րակու­թեան մէջ։ Եթէ նա­խապէս կրնա­յինք խոր­հիլ թէ փող ու­նե­ցողը փո­ղով, ապա­հովո­ւածը իր այդ ու­ժով կը յա­ջողի օձի­քը ազա­տել։ Ինչ գիտ­նա՞ս օրի­նակի հա­մար կը փախ­չի աւե­լի ապա­հով վայր մը։ Բայց ափ­սոս այդ ափը չկար բո­լորին հա­մար։ Հա­րուստն ալ պի­տի հար­կադրո­ւէր բո­լոր այն զրկանքնե­րուն, որոնց ակա­մայ յօ­ժարած էր մարդկու­թեան ջախ­ջա­խիչ մե­ծամաս­նութիւ­նը։

Ոմանք այս վար­կա­ծի դէմ կ՚ընդվզեն ըսե­լով թէ. «Նոյ­նը չէ աղ­քա­տին եւ հա­րուստին բան­տարկո­ւած տու­նե­րը»։ Ախըր թո­ղենք տու­նը նոյ­նիսկ պա­լատի մէջ ապ­րիս ի՞նչ կը նշա­նակէ, եթէ այդ պա­լատն ալ փա­կուած է քու առ­ջեւ։ Այս տո­ղերը գրե­լու պա­հուն կը յի­շեմ չի­նացի­ներու վեր­ջին ար­քան Բու Եի կայսրը։ Իտա­լացի շար­ժանկա­րի բե­մադ­րիչ Պեր­թօլուչչի շատ մեծ վար­պե­տու­թիւնով փո­խան­ցած էր անոր ճա­րահա­տու­թիւնը բազ­մա­թիւ աղա­խիննե­րով շրջա­պատո­ւած պա­լատի մը մէջ։ Միայն կորսնցնե­լով է որ կ՚անդրա­դառ­նանք կարգ մը բար­քե­րու իս­կա­կան ար­ժէ­քին։ Հա­մավա­րակը ահա մեզ զրկեց այդ ար­ժէքնե­րէն։

Այժմ կը խօ­սուի եր­բեմնի բնա­կանո­նու­թեան առ­հա­սարակ վե­րացած ըլ­լա­լու երե­ւոյ­թի մը մա­սին։ Ոչ թէ որոշ ժա­մանակ, այլ եր­կար տա­րիներ պի­տի հար­կադրուինք այս դի­մակ­նե­րով փո­ղոց ել­լե­լու։ Մար­դիկ որ առար­կած էին առա­ջին օրե­րուն նոյ­նիսկ յի­մարօ­րէն ըսած էին թէ. «Մենք մա­քուր ազգ ենք վի­րու­սը մեզ չի կպի»։ Եոզ­ղադցի­ները իմաս­տուն խօսք ու­նին, կ՚ըսեն թէ. «Աս­տո­ւած իս­կոյն մա­տը աչ­քիդ չի խո­թեր»։ Իսկ այդ ըսող­նե­րը նոյ­նիսկ մա­տը աչ­քերնուս խո­թէ Աս­տո­ւած ար­դեօք պի­տի կրնա՞ն սթա­փիլ։

Դժո­ւար է կտրուկ եւ միան­գա­մայն այո պա­տաս­խա­նել այս հար­ցումին։ Ու­րեմն պի­տի յի­շենք Նա­զըմ Հի­քեմ­թի տո­ղերը. «Ըսե­լու լե­զուս վրայ չի տա­նիր բայց իրաւ ալ դուն ես մե­ղաւո­րը»։ Կար­ծես այս օրե­րը նման խորհրդներ ու­նե­նալու հա­մար ալ յար­մա­րու­թիւն ստեղ­ծած է։ Բո­լոր ժա­մանակ­նե­րէ աւե­լի շատ մխրճուեցանք փի­լիսո­փայա­կան գրա­կանու­թեան եւ խոր­հուրդնե­րով տա­րուած կը մտմտանք ապա­գայի մա­սին։ Ապա­գայ մը, որ ձե­ւաւո­րած ենք մեր որո­շումնե­րով, մեր սխալ­նե­րով, մեր թե­րու­թիւննե­րով եւ հի­մա զար­մա­նալով կ՚ապ­րինք հե­տեւանքնե­րը։ Նոյ­նիսկ տա­կաւին մեզ­մէ շա­տեր չեն անդրա­դար­ձած թէ այս վա­րակը ինչ կապ ու­նե­ցած կրնայ ըլ­լալ մեր որ­դեգրած շռայ­լութեան կամ ագա­հու­թեան հետ։ Անոնց հա­մար շատ հեշտ է առանց իր սխա­լը տես­նե­լու խնդի­րը վե­րագ­րել ջղջիկ ու­տող չի­նացի­ներուն։ Ան­տե­սել բնու­թեան դէմ ար­դի մար­դուն գոր­ծադրած թա­լանը ու այդ թա­լանէն ծա­գող աւե­րը։ Գտնել քա­ւու­թեան նո­խազ մը եւ բո­լոր մեղ­քը բեռցնէր անոր վրայ։

Ո՛չ, այդպէս չէ սի­րելի ըն­կերներ թէ տի­րող հա­մավա­րակը եւ թէ անոր յա­ջոր­դե­լիք այս կամ այն բնոյ­թի փոր­ձանքը բո­լորն ալ մեր ապե­րախ­տութեան եւ ագա­հու­թեան հե­տեւանքներն են կամ ալ պա­տիժ­նե­րը, որոնք պի­տի տա­նինք թէ մենք այ­սօր եւ թէ մեր յա­ջորդնե­րը վա­ղը։