Այն ինչ որ կ՚ապրինք օրերու հոլովոյթով, որոշ նշանակութիւն պիտի ունենայ նաեւ ապագային։ Պիտի հասնին ժամանակներ, ուր մենք արթէն գոյութիւն պիտի չունենանք, բայց մեր գործը, ըրածը- չըրածը, ըսածը-չըսածը պիտի իմացուին ուրիշներու կողմէ։ Մարդիկ հասկնալ պիտի ուզեն թէ ինչո՞ւ պոլսահայերը իրենց կամքով յօժարեր են սեփական դպրոցները փակելու։ «Նիւթական պատճառներով» բացատրութիւնը գոհացուցիչ պիտի չըլլայ իրենց համար։ Չէ որ մեր մասին կարդացած պատմագրքի նախորդ էջերուն մէջ ծանօթացած էին նաեւ այդ դպրոցներու հիմնադրութեան պայմաններուն։ Պիտի գիտնան թէ նիւթական պայմաններու անբաւարարութիւնը ռչ թէ այդ օրերու, այլ բոլոր ժամանակներու խնդիր է։
Եկէք ուշքի գանք ու անգամ մը եւս մտածենք։ Դուք որ ժամանակաւոր շրջանի մը համար ընտրուած թաղականներ կամ խնամակալներ էք, այդքան անճարակ մնացի՞ք ձեր ստանձնած պարտականութեան մէջ, որ հիմա կը մտմտաք ձեզի յանձնուած կտակը ոչնչացնելու մասին։
Կը տեսնեմ թէ խոնարհած է ձեր գլուխները։ Իրաւունք ունիք, ամօթալի պատկեր մըն է այս։ Եւ բարեբախտաբար տակաւին չէ անհետացած ամօթի զգացումը ձեր մէջ։ Ուրեմն դուրս եկէք այս անբարոյ ընթացքէն։ Ազատուեցէք դրամի ուժով ձեր վրայ իշխող խաւարէն։ «Կէզի» զբօսայգիի դէպքերուն երբ երիտասարդները դէմ առ դէմ կու գային ոստիկաններուն հետ, իսկոյն կը վանկարկէին «Բոկեղ ծախէ պատիւդ փրկէ» ըսելով։ Հեռու մնացէք դրամի ուժով ձեր վրայ իշխող «բարերարներու» լուծեն։
Ի վերջոյ ձեր մատակարարածը շահոյթ ապահովելու համար հիմնուած հաստատութիւն մը չէ, այլ ազգային վարժարան։ Մի յօժարիք պետութեան դժկամութեան դիմաց։ Շարունակեցէք պահանջատէր մնալ։ Մեր դպրոցները հիմնարկութեան առումով նման են պետական դպրոցներու։ Հետեւաբար արդար իրաւունք է մեր հաստատութիւններուն ալ պետութենէ նպաստ ստանալը։ Նման նպաստ մը շնորհելով պետութիւնը աւելի մեծ ճնշում մը պիտի չունենայ հայ դպրոցին վրայ։
Արդէն պարտադրուած է ուսման ընդհանուր ծրագիր մը, որուն միակ բացառութիւնն է հայերէնի գործածութիւնը։ Եւ ինչ ամօթ որ մենք այդ մենաշնորհն ալ ոտնակոխած ենք ազգային գիտակցութեան բացակայութեան բերմամբ։ Կամաւոր հրաժարած ենք թուաբանութեան, երկրաչափութեան, կենսագիտութեան, տարրաբանութեան նման դասանիւթերու հայերէն ուսուցումէն։ Բացառապէս կը հանդիպինք օրինակներու, որոնք կը յամառին այդ դասերը հայերէն աւանդելու։ Ու ցաւօք կը տեսնենք թէ ամենաշատ հալածուողներն ալ ահա այդ վարժարաններն են։
Տուեալ պայմաններու մէջ թաղականներ, խնամակալներ, վարժարաններու հիմնադիրներ եւ տնօրէններ, ձեր դիմաց կայ երկու շատ կարեւոր առաքելութիւն՝ բարձրացնել աշակերտութեան թիւը, բարելաւել ուսման մակարդակը։ Նոյնիսկ եթէ պիտի կարենաք անփոփոխ պահել հայեցի ուսումը, մի վարանիք այլազգի աշակերտներ ալ արձանագրելու։ Տարբեր գաղութներու օրինակով պարզուեցաւ թէ նախընտրութիւնով հայ վարժարան յաճախող այլազգի աշակերտի յաջողութիւնը կը գերազանցէ մերոնց։
Այս տողերը գրելու պահուն նաեւ կը խորհիմ թէ մեր պահպանողական խաւը ինչպիսի զարհուրանք մը պիտի ապրի նման խորհուրդներու դիմաց։ Բայց յիշենք թէ հայ դպրոցէ ներս հայերէն դասաւանդման արգելք հանդիսացողը ուրիշ մէկը չէր, եթէ ոչ հայ ծնողքը։ Բացէք հայ դպրոցի դռները ցանկութեամբ լեցուն բոլորին դիմաց եւ դուրս եկէք ճգնաժամէն։
pakrates@yahoo.com