ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ոստիկանը ոստիկան է ամենուրէք

Հատոր­ներ լե­ցուն գիր ու գրա­կանու­թիւն ան­զօր պի­տի մնա­յին պատ­կե­րաց­նե­լու հա­մար Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի իշ­խա­նու­թիւննե­րու զար­մա­նալի նմա­նու­թիւննե­րը։ Այս բո­լորը կա­րելի եղաւ Մի­նեսո­թա նա­հան­գի Մի­նէաբո­լիս քա­ղաքի մէջ ոս­տի­կան­նե­րու ձեռ­քով գոր­ծո­ւած ոճի­րի մը հե­տեւան­քով։ Ոճ­րա­գոր­ծութիւն մըն էր, որ կա­տարո­ւեցաւ ոս­տի­կան­նե­րու ձեռ­քով եւ աֆ­րօ-ամե­րիկա­ցի մը ոս­տի­կանա­կան բռնու­թեան հեր­թա­կան զո­հը դար­ձաւ, իբ­րեւ թէ բեր­ման են­թարկուելու պա­հուն։ Տե­ղին է այստեղ գոր­ծա­ծուած «հեր­թա­կան» բա­ցատ­րութիւ­նը, քա­նի որ սա ամե­րիկա­ցի ոս­տի­կան­նե­րու ոչ առա­ջին մար­դասպա­նու­թիւնն է եւ ոչ ալ վեր­ջի­նը պի­տի ըլ­լայ։

Բայց այստեղ մե­զի հա­մար ու­շագրաւ էր իշ­խա­նու­թիւննե­րու եղե­լու­թիւնը տես­նե­լու եւ ներ­կա­յաց­նե­լու եղա­նակը։ Առա­ջին պա­հուն իսկ յայտնի դար­ձաւ թէ կրկին ան­գամ պի­տի գոր­ծադրո­ւի ան­պատժե­լիու­թեան սո­վորոյ­թը, քա­նի որ նա­հան­գա­պետը որ­պէս առա­ջին յայ­տա­րարու­թիւն կը պատ­մէր թէ պաշ­տօ­նէն հե­ռացո­ւած է ոճ­րա­գործ ոս­տի­կանը։ Դէպ­քը սահմռկե­ցու­ցիչ էր՞ քա­նի որ հե­ռուստաէկ­րաննե­րէ դի­տեցինք ոս­տի­կանի մը գե­տին պառ­կե­ցու­ցած ան­ձին ծոծ­րա­կին վրայ կո­խելով մօտ ինը վայրկեան ան­շարժ մնա­լու երե­ւոյ­թը։ Ան իր դիր­քը փո­խեց հա­զիւ դժբախտ զո­հի մա­հացած ըլ­լա­լուն հա­մոզո­ւելէ ետք։

Նշենք որ մինչ այդ դէպ­քին վայ­րը հա­ւաքո­ւող­ներ կը զգու­շացնէին ոս­տի­կանը յի­շեց­նե­լով թէ ան­ձը շնչաս­պառ եղած է։ Ճորճ Ֆլոյտ ինք եւս կը փոր­ձէր լսե­լի դարձնել թէ շնչա­հեղձ է, չի կրնար շնչել։

Այս բո­լորէն ետք ան­խուսա­փելի էր հա­սարա­կու­թեան բո­ղոքը, որ իբ­րեւ բար­կութեան ալիք մը ըլ­լա­լով փո­ղոց իջաւ եւ դա­տապար­տեց ոս­տի­կան­նե­րու, ան­մարդկա­յին վար­գը։

Որ­քան հե­տաքրքրա­կան է թէ Թուրքիոյ Նա­խագահ Էր­տո­ղան եւս շատ բուռն կեր­պով դա­տապար­տեց կա­տարո­ւածը առանց նկա­տի ու­նե­նալու, որ նման դէպ­քեր որ­քան յա­ճախա­կի կը պա­տահին նաեւ իր երկրին մէջ։ Ճիշդ հոս է որ կը յայտնուի Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի վար­չա­կար­գե­րու զար­մա­նալի նմա­նու­թիւնը։ Այդ նմա­նու­թիւնը յատ­կա­պէս պար­զո­ւեցաւ Թրամ­բի ելոյթնե­րով, երբ ան ալ «ահա­բեկիչ­ներ» որա­կեց ցու­ցա­րար­նե­րը։ Ցու­ցա­րար­ներ՝ որոնց կար­գա­խօսն էր «Եթէ չկայ ար­դա­րու­թիւն, չկայ խա­ղաղու­թիւն»։

Պոռթկում մըն է, որ օրըս­տօ­րէ կը ծա­ւալի հետզհե­տէ հաս­նե­լով ԱՄՆ-ի աւե­լի քան 80 քա­ղաք­ներ եւ ոչ միայն այդքա­նը։ Ճորճ Ֆլոյ­տի սպա­նու­թեան դէմ բո­ղոքի ցոյ­ցե­րու ալի­քը հա­սած է նաեւ Եւ­րո­պա եւ Աթեն­քէն Փա­րիզ կամ Լոն­տոն մար­դիկ փո­ղոց իջած են իշ­խա­նու­թիւննե­րու բռնու­թեան դէմ զօ­րակ­ցե­լու մի­տու­մով։

Ինչպէս իր բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րէն մէ­կուն մէջ նշած էր Յով­հաննէս Թու­մա­նեան ամ­բո­խի հո­գեբա­նու­թեան մա­սին. «Իրենց կորցրածն էլ յի­շելով» տողերով հա­մաշ­խարհա­յին գետ­նի վրայ հա­լածուող­նե­րը հետզհե­տէ սկսած են կեր­տել այն գի­տակ­ցութիւ­նը, ուր կ՚ըսուի՝ «Չկայ առան­ձին փրկու­թիւն։ Կամ բո­լորս կամ ոչ ոք»։

Նո­յեմ­բեր ամ­սուն ԱՄՆ-ի մէջ պի­տի կա­յանան նա­խագա­հական ընտրու­թիւննե­րը։ Փոր­ձութիւ­նով գի­տենք թէ ոչ ԱՄՆ-ի հա­սարա­կու­թիւնը աւե­լի գի­տակից է բաղ­դատմամբ Թուրքիոյ եւ ոչ ալ Թուրքիոյ հա­սարա­կու­թիւնը բաղ­դատմամբ ԱՄՆ-ի։

Ու­րեմն խնդի­րը ու­նի հա­մաշ­խարհա­յին բնոյթ եւ լու­ծումն ալ պի­տի գո­յանայ հա­մաշ­խարհա­յին գի­տակ­ցութեան մը հաս­տա­տու­մով միայն։

pakrates@yahoo.com