ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Մայիսեան խոհեր

Այս շա­բաթո­ւան յօ­դուա­ծը գրե­լու պա­հուն Թուրքիոյ Հան­րա­պետութեան նա­խագա­հը պաշ­տօ­նական բա­ցու­մը կը կա­տարէ Իշ­խա­նաց կղզի­ներու ան­մարդաբ­նակ մէկ օրի­նակին, Եաս­սը Ատա­յի մէջ կա­ռու­ցո­ւած թան­գա­րանի մը։ Եաս­սը Ատան, թէ պատ­մութեան մէջ սկսե­լով Բիւ­զանդա­կան շրջա­նէն եւ թէ նոր ժա­մանակ­նե­րուն եղաւ ար­գե­լանոց մը։ Սա­կայն այդ ար­գե­լանոցի ժա­մանա­կակից ամե­նատ­խուր դէպ­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ ու­ղիղ 60 տա­րիներ առաջ, երբ վար­չա­պետ մը կա­խաղան հա­նեցին այդ նոյն կղզիին մէջ։ Ար­դա­րեւ Ատ­նան Մեն­տե­րես զի­նուո­րական յե­ղափո­խու­թիւնով մը տա­պալած էր եւ աւե­լի վերջ յա­տուկ զի­նուո­րական ատեանի մը կող­մէ դա­տուած եւ մա­հապատ­ժի դա­տապար­տո­ւած էր այդ կղզիի մէջ։ 60 տա­րիներ վերջ նա­խագահ Էր­տո­ղան ճիշդ ալ այս տխուր դէպ­քը յի­շելով որո­շած է փո­խել կղզիի անու­նը եւ զայն վե­րածել Ժո­ղովրդա­վարութեան կղզի։

Կա­րելի է հարց տալ թէ ի՞նչ առնչու­թիւն կայ Նա­խագահ Էր­տո­ղանի եւ ժո­ղովրդա­վարու­թեան մի­ջեւ։ Այս հար­ցումը լսե­լով ես կը յի­շեմ ժո­ղովրդա­կան անեկ­դոտ մը, որուն միտք բա­նին կը ձե­ւաւո­րուէր վեր­ջին նա­խադա­սու­թեան մէջ. «Չու­նի բայց հե­ւեսիկ ու­նի»։ Մեր մօտ ալ այսպէս է երե­ւի։ Ժո­ղովրդա­վարու­թեան սկզբունքնե­րը ամե­նաշատ ոտ­նա­կոխող­նե­րը նաեւ կը սի­րեն ժո­ղովրդա­վարու­թիւն փա­ռաբա­նել։

Ճիշդ որ այս բո­լորը կը մտմտա­յի օրա­ցոյ­ցի էջե­րը յու­շե­ցին մի այլ շատ կա­րեւոր ան­ցուդարձ։ Սար­տա­րապա­տի հե­րոսա­մար­տի յի­շատակ­ման օրն է նաեւ Մա­յիսի 27։ Բա­րին բուն իմաս­տով կե­նաց ու մա­հու պայ­քար մը մղո­ւած էր 102 տա­րի առաջ եւ ժո­ղովրդա­կան պան­ծա­լի դի­մադ­րութիւ­նով մը ետ մղո­ւած էր թրքա­կան ար­շա­ւիչ զօր­քե­րը։

Հայ ժո­ղովուրդը ամէն տա­րի պատ­շաճ կեր­պով կը յի­շէ այս տա­րեդար­ձը, որուն իս­կոյն կը յա­ջոր­դէ առա­ջին հան­րա­պետութեան հռչա­կու­մը 102 տա­րիներ առաջ։

Մա­յիսի 27 ու­նի կա­րեւոր նշա­նակու­թիւն մը եւս, քա­նի որ ան պատ­մութեան ան­ցաւ «Կէ­զի» զբօ­սայ­գիի դէպ­քե­րու մեկ­նարկման օրը ըլ­լա­լով։ Այդ օր պար­զա­պէս այ­գիի մէջ ծա­ռահատ­ման ար­գելք ըլ­լալ ու­զող բնա­պահ­պաննե­րը են­թարկուած էին ոս­տի­կանա­կան բիրտ յար­ձա­կու­մի մը, որ­մէ ետք կար­ծես համ­բե­րու­թեան սպառ­ման երե­ւոյ­թով մը բռնկե­ցան դէպ­քե­րը։ Ցու­ցա­րար­ներ որոնք շու­տով կազ­մե­ցին մեծ զան­գո­ւած մը՝ օրեր շա­րու­նակ դի­մադ­րե­ցին ոս­տի­կան­նե­րու բիրտ յար­ձա­կումնե­րուն, որու հե­տեւան­քով դէպ­քե­րը ծա­ւալե­ցան երկրի գրե­թէ բո­լոր քա­ղաք­նե­րուն։ Մին­չեւ Յու­նի­սի կէ­սերը շա­րու­նա­կուող դի­մադ­րութիւ­նը ժո­ղովրդա­կան անհնա­զան­դութեան պայ­ծառ օրի­նակ մը ըլ­լա­լով ան­ցաւ պատ­մութեան։ Այդ օրե­րուն Թաք­սի­մի հրա­պարա­կը ոչ միայն Թուրքիոյ, այլ հա­մաշ­խարհա­յին առու­մով ու­շադրու­թեան կի­զակէ­տը դար­ձած էր։ Կապ­րէինք այն ինչ, որը ան­ցեալին ապ­րո­ւած էր տնտե­սապէս զար­գա­ցած եր­կիրնե­րու հա­մագու­մարնե­րու ժա­մանակ։

Դէպ­քե­րը աւար­տին հա­սան ու­թը երի­տասարդնե­րու կեան­քեր խլե­լով, իսկ չենք հա­շուէր աչա­զուրկ մնա­ցած­նե­րը, մարմնա­կան ծանր վնա­սուածքնե­րով այդ դի­մադ­րութե­նէն դուրս եկած­նե­րը։

Էր­տո­ղանի իշ­խա­նու­թիւնը մին­չեւ օրս կը փոր­ձէ իր հու­նէն եւ տրա­մադ­րութե­նէն շե­ղել պա­տահած­նե­րը։ Մին­չեւ օրս կը պնդէ թէ այդ օրը կա­տարո­ւածը իշ­խա­նափո­խու­թեան փորձ մըն էր։ Նոյ­նիսկ այդ մե­ղադ­րանքով մին­չեւ օրս ճա­ղերու ետին բան­տարկո­ւած է այս երկրի շատ ար­ժէ­քաւոր մտա­ւորա­կան­նե­րէն մէ­կը՝ Օս­ման Քա­ւալա։ Իրա­կանու­թեան մէջ մենք հա­մոզո­ւած ենք թէ Օս­ման Քա­ւալա մեղ­քը կը քա­ւէ այս երկրին մէջ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շատակ­ման հա­մար ձեռ­նարկներ իրա­կանաց­նե­լու ծանր յան­ցանքին։

Մա­յիսը ո՛չ միայն բնու­թեան, այ­լեւ մարդկա­յին մտքի պայ­ծա­ռակերպման հա­մար ալ խորհրդան­շա­կան ամիս է։

pakrates@yahoo.com